Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

Շաբաթաթերթ

Քաթարի տագնապին հետաքրքիր պատահականութիւնը

ՍԻԿԸՐՏ ՆԻՒՊԱՈՒԸՐ

 

Ռիատի մէջ,– Միացեալ Նահանգներ-իսլամական աշխարհի գագաթի ժողովին,– անմիջապէս ետք նախագահ Տ. Թրամփի ուղերձէն, որ կը ձգտէր Ուաշինկթընի աւանդական արաբ դաշնակիցներու կեցուածքը համատեղել՝ միջին արեւելեան նոր տագնապ մը ծայր տուաւ։ Ծոցի Գործակցական Խորհուրդի (The Gulf Cooperation Council – GCC) անդամներուն ու Քաթարի միջեւ բացուած ճեղքը կը սպառնայ հեռակայ անդրադարձներ ունենալ։

Յունիս 5ին, Սէուտական Արաբիան, Միացեալ Էմիրութիւնները, Պահրէյնը, Եգիպտոսը եւ Եմէնը խզեցին իրենց յարաբերութիւնները Քաթարի հետ, այն ամբաստանութեամբ, թէ Տոհան զօրավիգ կը կանգնէր ահաբեկչութեան, ու կ՚ողջունէր Իրանի ծրագիրները շրջանին մէջ։ Վերոյիշեալ պետութիւններու խմբաւորումը երկար ատենէ իվեր դառնութիւն կը սնուցանէր շրջանին մէջ, Տոհայի գաղափարական ու ֆինանսական զօրավիգին համար իսլամիսթ կազմակերպութիւններու նկատմամբ. լրացուցիչ կերպով, նաեւ Համասի ու Թալիպանի պաշտօնատարներուն ապաստան ընծայած ըլլալուն համար։ Երթուդարձի օդանաւային երթեւեկութիւնը Քաթարէն դադրեցուեցաւ։ Կարելի էր երեւակայել դէպի Մեքքէ ուղղուելիք ուխտաւորներու հոգեվիճակը, եթէ անոնք զրկուէին Ռամատանի մօտակայ ուխտագնացութենէն դէպի Մեքքէ։ Նմանապէս, յայտարարուեցաւ թէ Քաթարի օդանաւներուն արգիլուած էր օգտագործել Սէուտական Արաբիոյ, Արաբական Էմիրութեանց ու Պահրէյնի օդային միջոցը։ Զուգահեռաբար, դիւանագիտական տագնապն ալ ծանրացաւ խնդրոյ առարկայ երկիրներուն միջեւ։ Տրուած ըլլալով որ ցամաքային կապ գոյութիւն ունի միայն Սէուտական Արաբիոյ հետ, զրոյցներ կը շրջին, թէ ցամաքային խափանում ալ գործադրուի Ծոցի Գործակցութեան Խորհուրդին կողմէ։ Կարելի է երեւակայել Քաթարի սուփըրմարքէթներուն ողողումը խուճապի մատնուած բնակչութեան կողմէ։

Քաթարի հետ այս հակամարտութեան վերջին արարը ծանրացուց տառապալի փոխյարաբերութեանց մթնոլորտը, երբ թերթերը հաղորդեցին, թէ էմիր Շէյխ Թամիմ էլ-Թանի, զինուորագրեալներու արարողութեան մը ընթացքին, յայտարարած ըլլայ, թէ «ձգտուածութիւն» կար Թրամփի կառավարութեան հետ, եւ թէ Իրան «Իսլամական իշխանութիւն» մըն էր։ Քաթարի էմիրը անմիջապէս հերքեց այդ շինծու լուրը, յայտնելով, թէ «իմաստ չունէր Իրանի դէմ թշնամութիւնը եւ թէ ենթադրաբար ակնարկեց Պաղեստին-Իսրայէլ պայքարին եւ Իրանի հետ ռազմավարական յարաբերութեանց, նպաստաւոր մեկնաբանութիւններ կատարելով Համասի մասին։

 

Ինչո՞ւ հիմա

Զօրավիգ կանգնելով իսլամիսթ խմբաւորումներու, Քաթար մշակած կ՚ըլլայ արտաքին անկախ քաղաքականութիւն մը Սէուտական Արաբիայէն։ Սակայն 2014ին, երբ տապալեցաւ Եգիպտոսի Իսլամ Եղբայրակցութեան կառավարութիւնը, զոր ֆինանսաւորուած էր Տոհայի կողմէ առատօրէն, եւ երբ իսլամիսթ կամ խմբաւորումները ձախողեցան տապալել Պ. Ասատի իշխանութիւնը, Քաթար ինքնաբերաբար լուսանցքի մէջ մնաց, ծայր տալով GCC-ին հետ 2016ի տագնապին. Սէուտական Արաբիա, Միացեալ Էմիրութիւններն ու Պահրէյն տուն կանչեցին իրենց դեսպանները։

Այսուհանդերձ, Քուէյթի շէյխ Սապպահ էլ Սապպահը միջնորդելով, յաջողեցաւ զինադուլ գոյացնել կողմերուն միջեւ, Տոհա փոխելով իր արտաքին քաղաքականութիւնը, 2013ին շէյխ Համատ պըն Խալիֆա էլ-Թհանիի հրաժարումով ի նպաստ իր տղուն՝ Թամիմի, որ այնուհետեւ թեթեւցուցած է օժանդակութիւնը իսլամիսթ խմբակներուն։

 

Հաւանականութիւններ

Այն պարագային, որ Քաթարի բացատրութիւնները, թէ Թամիմի վերագրուած յայտարարութիւնները շինծու են, hacker-ներու կողմէ ստեղծուած այլազան կարելիութիւններ նկատի առնուելու են։

Եթէ hacking-ը Իրանի կողմէ ձեռնարկուած է, որպէսզի GCC-ն երկփեղկուի անմիջապէս ետք Թրամփի ճառէն, որ կոչ կ՚ընէ միացեալ կեցուածքի մը Իրանը մեկուսացնելու համար, չափազանց անհաւանական է, որ GCC-ն նախընտրէ իր կապերը խզել Տոհայի հետ, այլ արագ յայտարարութեամբ մը հաղորդէ արաբական միասնականութիւնը։ Եթէ Պարսկաստան կատարած է hacking-ը, իրողապէս յաջողած կ՚ըլլայ իրականացնել GCC-ի երկփեղկումը, որ ստեղծուած ամէնէն նշանակելի տագնապն է Պարսից Ծոցին մէջ 1990էն իվեր։

Երկրորդ կարելիութիւնը ա՛յն է, որ hacking-ը կատարուած ըլլայ Ռիատի կամ Ապու Տապիի կողմէ, Քաթարի սկզբնական զօրավիգին համար 2011ին, «Արաբական Գարուն»ի այլազան շարժումներուն, որոնք ծանրացուցած են անկայունութիւնն ու քաոսը Միջին Արեւելքի մէջ, լայնատարած մահ ու քանդում յառաջացնելով, միաժամանակ Իրանի կշիռը բարձրացնելով իբրեւ շրջանային ուժ։

Եթէ Ռիատ կամ Ապու Տապի, Թամիմի կողմէ հաղորդուած շինծու լուր մը տարածեցին, հաւանական է նաեւ, որ Քաթար փոխադարձեց, հրապարակումովը  Էմիրութիւններու դեսպանին՝ Եուսուֆ էլ-Օթայպայի կողմէ ղրկուած e-mail-ներու, որոնք կը բացայայտէին պահպանողական կազմակերպութեանց խորհրդակցութիւնները՝ Տոհայի օժանդակութեան մասին Համասի։

Մինչ այդ, Քաթար խնդրած է Ամերիկեան Գաղտնի Գործակալութեան (US Federal Bureau of Investigation) օգնութիւնը, այս հարցի քննազննումին համար։ Իսկ Ամերիկայի արտաքին քաղաքականութեան դիւանագէտներ եւ հանրածանօթ խորհրդատուներ կոչ ուղղած են, որ Քաթարէն դուրս հանուի էլ-Ուտէյտի ամերիկեան օդանաւային խարիսխը։ Ուրիշներ նոյնիսկ թելադրած են վերոյիշեալ խարիսխը փոխադրել Միացեալ Էմիրութիւններ, աւելի սրելով Քաթարի խելացնորութիւնը, թէ իր դէմ, Ուաշինկթընի մէջ կը պատրաստուի յարձակում մը իր դրացիին առաջնորդութեամբ։

Նմանօրինակ դաւադրական ծրագիրներ ողողուած են twitter-ի եւ blogosphere-ի վրայ, իսրայէլեան կապեր ալ տեսնելով։ Ուրիշ կարելիութիւն մըն ալ ա՛յն է, թէ ճշգրտօրէն տեղեկագրուած Թամիմի յայտարարութիւնը, շրջանային տուայտալի այս կացութեան մէջ, Քաթարի անկախ քաղաքականութիւնը այլեւս տանելի չէ, որովհետեւ կրնայ փոթորիկ յառաջացնել GCC-էն ներս։

Տոհայի ու Քաթարի տագնապը հաւանական չէ որ շուտով հանդարտի։ Cyber-ի տարածուն ազդեցութիւնը ակներեւ է՝ արագացմանը մէջ GCC-ի տագնապին, որ ցոյց կու տայ հակամարտութեան վտանգաւոր զարգացումը։

Կան նաեւ մեկնաբաններ, որոնք կը նկատեն, թէ նախագահ Թրամփի անտեղիտալի հռետորութիւնը ծայրայեղականութեան եւ յատկապէս Իրանի դէմ, յանդուգն դարձուցած է Տոհայի մրցակիցները հաշիւներ մաքրելու, Արաբական Գարնան պոռթկումէն իվեր։

 

Թարգմ.՝ ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ

«Էլ-Մոնիթըր», 6 Յունիս 2017

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ