Արդեօք տարիներու կտակումը մեր ուսերուն վրայ կը կքէ մեզ, թէ այլևս անհանդուրժելի կը դառնայ մեր շրջապատը մեզի համար: Խճողում ամէնուրեք, տօնական օր կամ ոչ, Շաբաթ կամ Կիրակի, տարբերութիւն չկայ: Բայց այս մարդիկ կամ կանայք ո՞ւր կ՚երթան գիշեր ու ցերեկ: Ցերեկները՝ հասկնալի են գործի և աշխատանքի բերմամբ, հապա գիշերները՞: Կը փորձեմ ազատուղի (ֆրիուէյ) մտնել օրուան զանազան ժամերուն, երբ երթևեկը թեթև կրնանք համարել: Չի յաջողուիր: Միշտ ալ խճողուած է այս անիծեալ ճամբան. կարծէք մարդիկ բոլորը ճամբայ ելած են նոյն պահուն: Երանի կու տանք հին օրերուն:
Հանդարտութիւն կը փնտռենք մեր բնակավայրերուն շուրջ, ուր երկնասլաց չըսելու համար բազմայարկանի բնակարաններ կը կառուցուին անդադար, անխնայօրէն և նոյնիսկ մեր կողքին: Աշխարհի բնակիչները այստեղ բերելո՞ւ համար են ասոնք, արդեօք: Բայց այդ բնակարաններուն կէսէն աւելին թափուր են սպասելով նոր յաճախորդներու, որոնք հաւանաբար հասնին մէկ այլ երկրէն, ուր «ժողովրդավարութիւն»ը, «արաբական գարունը» կամ «ներքին քաղաքացիական պատերազմը» կը ջանայ «բարեփոխել» այդ երկրին իշխանութիւնը կամ տարածքը: Հայկական առածը կ՚ըսէ. «Տարիք առած կաղնին, դժուար թէ փոխէ իր հունը» կամ այլ յար և նման առածներ, որոնք կարծէք յարմարագոյն միջավայրը գտած են այստեղ կիրարկուելու համար: Համայնքներ և փոքրամասնութիւններ կան, որոնք ոչինչ փոխած են իրենց ապրելակերպէն այստեղ հաստատուելէն ետք: Անոնք նոյնիսկ կը ջանան այս նոր շրջապատը փոխել իրենց յարմարելու ցանկութեամբ, իրենց օրէնքներուն և սովորութիւններուն համաձայն, յաճախ պարտադրելով իրենց կրօնքը և լեզուն ևս: Այս բոլորէն ետք՝ տակաւին կան դժգոհներ, որոնք յարատեւ գանգատի և նոր պահանջքներու ետին են, թաքուն կամ բացայայտ դրսևորումներով:
Ինքնաշարժ վարողներու վաշտը հապա՞: Պատերազմի դաշտ իջնելու նման արարք մը պիտի ըլլար այդ, եթէ վարորդական օրէնքներ գոյութիւն չունենային այս երկրին մէջ, որոնք դժբախտաբար միլիոնաւոր անգամներ կը խախտուին աչքի առաջ: Հարց կու տամ այն գլխակապ դրած, շատ հաւանաբար օտար տիկնոջ, որ կողքս կը վարէ իր ինքնաշարժը. «Տիկի՛ն, գետնի գիծին վրայէն չեն վարեր ինքնաշարժը, այլ՝ այդ երկու գիծերուն մէջէն»: Արհամարհանքով կը նայի ինծի առանց պատասխանելու, կարծէք ըսել կ՚ուզէ, «գործիդ խառնուէ՛, ես այսպէս կը վարեմ իմ ինքնաշարժս»: Միտքէս կ՚արտայայտուիմ՝ «ուղտապան» կոչելով զինք, մտածելով որ իր նման վարորդներ կը նմանին իշապանին կամ ուղտապանին, որ բնաւ չէ ունեցած անհատական ուղենշողութեան ձիրքը կամ տաղանդը, որովհետեւ այդ էշն ու ուղտը զինք ուղեւորած են միշտ իր կեանքի ընթացքին: Իսկ երիտասարդ վարորդներուն անխոհեմ ընթացքը հապա՞, բազմահազար պատճառներով, որոնց հետեւանքը միշտ ալ ցաւալի արդիւնքի հասած է առանց զիրենք զգաստացնելու:
Այս տարօրինակ մարդիկը բնաւ նպատակ չունի՞ն երկրին օրէնքներուն հնազանդելու և զանոնք կիրարկելու: Երեւակայեցէք այն պահը, երբ աշխարհի զանազան երկիրներու և սովորութիւններու տէր մարդիկ, իրենց ուրոյն օրէնքները բերեն և կիրարկեն այստեղ, երկիրը վերածելով քաոսային, անօրէն և խառնաշփոթ կարգավիճակի:
Մայրուղին հեռուէն դիտելով կը տեսնեմ բազմահազար դանդաղօրէն, քայլ առ քայլ շարժող ինքնաշարժներու շարանը որ կ՚երկարի մինչև հայեացքիս անհասանելի հորիզոն, յուսահատութեան մատնելով զիս:
Կ՚որոշեմ տուն վերադառնալ, խուսափելու համար այդ տաղտուկէն և սրտնեղութենէն, որոնք վստահօրէն բացասական կերպով պիտի անդրադառնան նպատակակէտիս վրայ: