Շաբաթ, Ապրիլ 20, 2024

Շաբաթաթերթ

«Ծաղկաքաղ Պատմուածքներու». Հեղինակ՝ Սարգիս Վահագն

ՆԵՐՍԷՍ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

 

 

Ըմբոշխներով ընթերցումը այս գեղատիպ հատորին մէջ համադրուած 25 պատմուածքներուն, որոնք ստոյգ հայելին են անմիջական եւ հեռակայ մեր անցեալին, դուք կը վարձատրուիք անյեղլի յագուրդով։

Հայկականութեան բուրմունքով լիցքաւորուած այս պատմուածքները, արդարեւ, հեքիաթային առինքնող մեղեդիներու կանչն են. անոնք անշէջ քանդակուած պիտի մնան ընթերցողի մտքին, հոգիին եւ երեւակայութեան մէջ։ Բոլոր պատմուածքներուն մէջէն կ’արձագանգէ ձայնը ցեղին, անաղմուկ բողոքը մանկութիւն չունեցող մարդոց, յաղթական քայլերգը ձեռներէց բայց պանդուխտ հայուն։

Սարգիս Վահագնի աւելի քան չորս տասնամեակներու (1953-1990) ընթացքին գրուած այս պատմուածքները, առանձին հատորով, լաթակազմ եւ գեղատիպ շապիկով լոյս տեսած են «Ծաղկաքաղ պատմուածքներու» անունին տակ։

Թէքէեան Մշակութային Միութեան շնորհապարտ նախաձեռնութեան արգասիքն է այս հատորին հրատարակութիւնը։

Հանրածանօթ մտաւորական եւ հրապարակագիր Վաչէ Սեմերճեան մեծ հոգածութեամբ եւ ներդաշնակ եղանակով իրարու քով բերած է այս պատմուածքները։ Խորապէս շնորհապարտ աշխատանք մըն է այս։

Հոս ներկայացուած պատմուածքներուն կառոյցը ընձեռնուած է       ճարտարապետի ճշգրտութեամբ բծախնդիր, առանց բեռնաւորուած ըլլալու անհարկի խորհրդածութիւններով։

Սարգիս Վահագնի լեզուական ոճը վճիտ է։ Ան պատմուածքները կը հիւսէ հեզասահ կշռոյթով եւ առ այդ կը պատկանի իր սերունդի գրողներուն եզակի մէկ դպրոցին։ Հեղինակին պատմուածքներուն մէջ կարելի չէ նախասիրութիւն խաղալ։ Բոլորն ալ համահաւասար արժէք կը զգենուն ոճի, նիւթի մշակման եւ լեզուական գեղեցկութեան ոլորտներէն ներս։ Ինքնուրոյն խորք եւ դիւթիչ լեզու, ինքնատիպ բովանդակութիւն եւ անկրկնելի նիւթ։ Այս ձեւով կարելի է լաւագոյնս սահմանել Սարգիս Վահագնի պատմուածքները։

Իւրաքանչիւր պատմուածք ունի ամուր հիմք (կարդալ խորք եւ պատգամ) եւ կը զարգանայ տրամաբանական հանգրուաններով։ Ընթերցողին կը խնայուի տաղտկալի մանրամասնութիւններ՝ թոյլ տալով հեղինակին հաւատարիմ կերպով կառչած մնալու իր նիւթին։

Մշակուած միտք, որուն համընթաց կը գտնէք մշակուած լեզու։ Ան ներդաշնակ գոյներով կը ներկայացնէ իր տիպարները, հերոսներն ու հերոսուհիները, որոնք յաճախ կու գան ընկերութեան պարզունակ խաւերէն։ Անոնք, սակայն, իրենց մէջ մարմնաւորած են հայու ձեռներէց ոգին, անընկճելի կամքը՝ յաջողելու առօրեայ կեանքին մէջ։ Իր հերոսներուն միջոցով՝ ան կը նկարագրէ չքնաղ անցեալը հայրենիքի, հայ մշակն ու գործարարը, որոնք բարւոք կեանք ունէին պապենական իրենց հողին վրայ, սակայն, դառն ճակատագիրը նետած էր զիրենք ասպնջական այս հողերուն վրայ, ուր պիտի կերտէին նոր ապագայ։

Հեղինակը իր տիպարները ներկայացնելու առինքնող եւ ինքնագիւտ կերպ մը ունի։ Ընթերցողին կը ներկայացնէ ազնուասիրտ, հիւրընկալ եւ համեստ հայեր, որոնք համատարած զրկանքներու շղթաները քակած՝ կազմած են հայ ընտանիք։ Ան մեզի ծանօթ դէմքեր չի ներկայացներ նոր պատմուճաններով եւ չի խնկարկեր այդ ժամանակներուն կեանքէն աւելի մեծ թուացող անձերու խորանին, ինչպէս իրեն ժամանակակից կարգ մը գրողներ ըրած են, նաեւ, ի միջի այլոց, ներբողելով (կամ չափազանցելով) իրե՛նց զբաղեցուցած դերը մեր ազգային հասարակական կեանքէն ներս։

Շարք մը պատմուածքներու մէջ, երբեմնի մեր եռուն լիբանանահայ կեանքին համառօտ այլ առինքնող վերաքաղն է, իր բոլոր ծալքերով՝ Քարանթինայէն Պուրճ Համմուտ եւ Համրա։ Անյագ հաճոյքով կը կարդաք մեր հին բարքերուն եւ արժէքներուն մասին, որոնք իրապաշտօրէն ներկայացուած են։

Որքան տպաւորիչ՝ նոյնքան հարազատ իրականութեամբ հեղինակ Վահագն կը նկարագրէ 50ական թուականներու Պուրճ Համմուտը, ցեխածածկ եւ ծանրահոտ արահետներով, հոն տիրապետող նեղ մտայնութեամբ։ 

 

Վերջ ի վերջոյ հայ ես՝ կարօտալի թեկնածու

Ածականներու ժուժկալ գործածութեամբ՝ Սարգիս Վահագն իր պատմուածքներուն իրապաշտ վաւերականութեան վարկը բարձր կը պահէ։

Իրաւ հայուն համար հայրենիքը կրօնք է եւ հայրենասիրութիւնը՝ դաւանանք։ Ընկեր Խեչօն մաքրամաքուր եւ զտարիւն հայրենասէրն է։ Հայրենիք կերտող անկողմնակալ անձը, թաղի մատղաշ պատանիներուն հայրենասիրութիւն պատգամող առաքեալը։ Արդարութիւն պահանջող ցուցարար ամբոխին հերոս դրօշակակիրը։

1946ին կը ներգաղթէ Հայաստան։ Հոն իրեն վիճակուած սեւ ճակատագիրը Սարգիս Վահագն կը բացատրէ խիստ զուսպ բառերով։ Հեռու աժան քարոզչութենէ, ան կը պահէ բացարձակ առարկայութիւն։ Կարգապահ հայրենասիրութեան բանբերի թափանցիկ դիմակ չի գործածեր ան, չքմեղելու ընկեր Խեչոյին սահմանուած վճիռը, անբասիր այն հայրենասէրին, որուն զլացուեցաւ նոյնիսկ գերեզման մը իր պաշտած հայրենի հողին վրայ։ Եւ քանիներ այդպէս։

Հոս տեղին է արձանագրել, թէ սփիւռքահայ գրականութիւնը, դժբախտաբար արժանի կերպով չէ մշակած այն կնճռոտ նիւթը։ Ատենին, կարգ մը գրողներ ակնարկած են ներգաղթողներու տառապալից կեանքին եւ անոնցմէ ոմանց անհետացումներուն՝ հակահայաստանեան (հակասովետ) մաղձէ մղուած։ Միւս կողմէ յառաջդիմական եւ հայրենասէր գրողներ կա՛մ վարանոտ տատամսումով անտեսած եւ ժամանակակից մեր պատմութեան այս սեւ էջը եւ կարգ մը գրողներու պարագային՝ նոյնիսկ գովերգած են ներգաղթողներուն կեանքը։ 

«Կտակը» պատմուածքին մէջ բարոյական բարձրաղաղակ պատգամ մը կը գտնէք։ Հօր եւ զաւակներու հոգեկան հզօր կամուրջին ողբերգական փլուզումն է այս։

Աւատապետական հայ ընտանիքի կառոյցին կորիզը կը կազմէ հայրը։ Տիրական ներկայութեամբ, ան ընտանիքը ոտքի պահող անսասան սիւնն է։ Կայ նաեւ այս ճշմարտութիւնը ամբողջացնող երեւոյթ մը, հայր-զաւակ սուրբ եւ անգիր դաշինք մը։ Հայրը տեղ պիտի հասցնէ իր զաւակները եւ յառաջացած տարիքին, անոնք պիտի հոգան հօր պէտքերը։

Երկու զաւակներ՝ թակարդ լարելով՝ իրենց հարազատ հայրը ծերանոցի ծուղակին մէջ կը ձգեն։ Հանգստեան կոչուած երկաթագործ Համբարձումը արդար վրէժը կը լուծէ։

Վրէժը տարբեր դրսեւորում կը գտնէ «Խնձոր» պատմուածքին մէջ։ Այս մէկը քաղցր է։

Մարգար Ամմոն, հայու իր հզօր բազուկով, բեռնակառքի այս չարքաշ վարորդը, սեփական պտղաստան մը ունենալու իր երազը կ’իրագործէ։ Անապատներու մէջ, միայնակ, բեռնակառք վարելէ ետք՝ հողաշերտ մը գնելով Լիբանանի Պեքաա հովիտի Շթորա քաղաքին մէջ, ձեռներէց այս հայը զայն կը վերածէ եկամուտ հայթայթող խնձորենիի, վայելելով գործակցութիւնը բովանդակ իր ընտանիքին։ Տարուան չորս եղանակներուն նկարագրութիւնը Վիվալտիի նոյնանման երաժշտական կտորին նման զմայլելի է։ Արուեստի բարձր չափանիշով գրուած այս պատմութիւնը կը մատնէ նաեւ հոգեկան տուայտանքը Մարգար Ամմոյին։ Մեկուսացած պտղաստանին մէկ անկիւնը խինդն ու թախիծը կ’ալեկոծեն իր հոգին։ Ինչպէ՞ս մոռնալ. հայրը պատմած էր իր հօր խոշտանգումին եղելութիւնը, երբ ան իր բերրի պտղաստանէն տուն կը վերադառնար լուռ երեկոյ մը. իրենց կալուածները յափշտակուած՝ ընտանիքին մնացեալ անդամները աքսորի ճամբան ինկած էին։

Ինչպէս կը տեսնէք, իր պատմուածքներուն մէջ միշտ առկայ է անցեալը՝ հայրենի մեր երբեմնի շքեղ եւ բարգաւաճ երկիրը։ Հոս եւ այլ պատմուածքներու մէջ, հեղինակը ճարտարօրէն կը վերակենդանացնէ կեանքը անցեալի՝ իր հօր, մեծ հօր եւ մեր բոլորինն ալ միանգամայն։ Կուռ պատկերներով կ’ուրուագծէ դառանակալ թշնամիին վատաբարոյ արարքները, գրաւելով մեր այգիներն ու պտղաստանները, տուները, դպրոցներն ու եկեղեցիները։

Անսպասելի հանդիպում մը հեղինակին հետ։ «Քառասուն տարի է հայ չեմ տեսած, հայու բարեւ չեմ առած» կը բղձկայ Ժան դարձած Յակոբը։

Որբանոցներ. Հալէպ, Պէյրութ, Պաղտատ, Պոլիս, Քորֆու։ Ժամանակագրական շարքով Յակոբ Բալուեան հինգ տարեկան հասակէն ճաշակած է որբութեան կեանքը։ «Շրջանաւարտ» այս որբանոցներէն, հուժկու եւ ամրակազմ այս երիտասարդը կը տանին Ֆրանսայի այգեստանները գինիի պատրաստութեան համար խաղող քաղելու։ Ան կ՝ամուսնանայ ֆրանսուհիի մը հետ, առանց սակայն կարենալ հայ ընտանիք մը կազմելու։ Պանդուխտի կեանքէն չի կրնար ձերբազատիլ։ Վերջին կայանը պիտի ըլլար Թունուզի ծովափնեայ քաղաքը Քարթաժ (կարկեդոն)։

 

Հայ կը փնտռէիր, առ քեզի հայ եթէ կրնաս, ալ սփոփէ մարդը

 

Սարգիս Վահագնի մէկը միւսը գերազանցող պատմուածքներուն կորիզը հայ ընտանիքը կը կազմէ։ Այս պարագային, սակայն, Յակոբին կեանքի ոդիսականը անփառունակ վախճանի մը կը յանգի։ Ողբին երգը, անոր ի տես՝ ի շառաւիղին շիջումին, իր մականունը կրող մանչ զաւակ մը չունենալն է։

 

Սէրը շրջապատին դէմ

Անմեղ սիրոյ հմայիչ պատմուածք մը։ Միւս բոլորին նման, այս մէկն ալ կը զգենու խորունկ խորք, շօշափելի ընկերային եւ կրթական հարցեր։

Պատմութեան սլաքը հեղինակը կը փոխադրէ 50ական թուականները եւ Պուրճ Համմուտը կը դառնայ թատերաբեմ։ Հոն կը տիրէ ճնշիչ մթնոլորտ։ Ահա այս անթոյլատու միջավայրին մէջ, ուսուցչական ասպարէզին նուիրուած Տիրանն ու Հուրին կոչուած են դաստիարակելու վաղուան սերունդը, ներմուծելով արդիական նորութիւններ։ Միասնական ու տենդագին այս աշխատանքին ընթացքին համակրանք եւ սէր կը ստեղծուի իրարու նկատմամբ։ Ողջ մնան, սակայն, Աբիսողոմ աղա հոգաբարձուները, որոնց լերդացած մտայնութեան զոհ կ՚երթայ Տիրանը։

Հոս եւս Հուրին կայ իգական սեռին ամենահարազատ ներկայացուցիչն է. համարձակ, ինքնավստահ, ազատախոհ, առանց սակայն դաւաճանելու հայ կնոջ աւանդապաշտ արժէքներուն։ Ան հայ ընտանիքին նուիրապետութեան կառոյցին կառչող էակն է։

Հոգեկան հայ կեանքը հեղինակին՝ եղած է միշտ առլցուն զուարթ եւ տրտում. բիւրեղացած կերպով կը գտնէք անոր արտացոլացումը իր գրութիւններուն մէջ եւ «Վրէժը» ամենափայլուն օրինակներէն մէկն է։

Հոս կեանքի իրականութեան յեգնական խաղերէն մէկը հեղինակը դէմ յանդիման կը հանէ առեղծուածային կացութեան մը առջեւ։

Հեղինակին հերոսները անանուն են, անշուք, սակայն կը մարմնաւորեն հայ մարդուն ամենացայտուն առաքինութիւնները։

Սարգիս Վահագն ընթերցողին երեւակայութեան թափ կու տայ սաւառնելու անմիջական անցեալէն դէպի հեռական ու օտարամայի մայրաքաղաքներ, ուր միշտ պիտի հանդիպի հայու բեկորի մը, տիպար կամ ոչ, սակայն այդ հայուն սիրտը միշտ պիտի տրոփէ մաքուր հայութեան կարօտակէզ ապրումով։

Սարգիս Վահագն անմուրազ սերունդի մը զաւակն է։ Ճաշակած է պատանեկան կեանքի դժուարութիւնները, ուշադիր կերպով սերտած իր շրջապատը եւ մեզի փոխանցած կախարդական լեզուով ինչ որ տեսած է։

Հեղինակ Սարգիս Վահագն պլպլացող վերջին ճրագն է, ոսկի կամուրջը՝ մեզ կապող երազային այդ անցեալին։

Բիւր յարգանք իր վաստակին։

 

Նիւ Եորք 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ