Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2024

Շաբաթաթերթ

Ալեքսանդր Սարուխանի «Հայկական Սինեմա» հաւաքածոյին ողջունելի վերերեւումը

Եթէ Գրիգոր Քէօսէեան ութ տարի եւս համբերէր, Ալեքսանդր Սարուխանի խմբագրած «Հայկական Սինեմա» թերթին հարիւրամեակին պիտի զուգադիպէր վերջերս հրատարակուած շքեղ հաւաքածոյին վերերեւումը։ Սարուխան 1924 թուականին հաստատուելէ ետք Գահիրէ, յաջորդ տարուան ընթացքին լոյս ընծայել սկսաւ «Հայկական Սինեմա» անունով երգիծական պարբերաթերթ մը՝ որու կեանքը՝ 1925էն 1926 թէեւ կարճ, բայց աննախադէպ իրագործում մըն էր հայ լրագրական արուեստէն ներս։ Պէտք է յիշել, որ Սարուխանի գեղեցիկ այս իրագործումը նախընթաց ունեցած է մեր լրագրութեան մէջ. Թիֆլիսի մէջ 1906ին  լոյս կը տեսնէ «Խաթաբալա» երգիծաթերթը, որ զանազան ընդիմիջումներով կը հրատարակուի մինչեւ 1925-26։ Պոլսոյ մէջ ալ հրատարակուած է «Կավրօշ» անուան երգիծաթերթ մը։

«Հայկական Սինեմա»ն արտօնատէր մը ունի՝ Սարուխան, որու գործակից Վահան Զաքարեան սկզբնական շրջանի խմբագիր մըն է. բայց «Մարտիկ եւ Սարուխան երկու սիւներն են շաբաթաթերթին» խօսքը անորոշութիւն մը կը ստեղծէ՝ մեծ երգիծանկարիչին կողքին գտնուող աշխատողին ինքնութեան շուրջ։ Յստակօրէն յիշուած է, որ Երուանդ Օտեան Նոյեմբեր 1925ին Լիբանանէն Եգիպտոս գալով, կը ստանձնէ թերթին խմբագրութիւնը։ Մեծ թիւով որակաւոր աշխատակիցներ կ՚օժանդակեն «Հայկական Սինեմա»ին, որու կեանքը սակայն կը դադրի 1926ին առաջին ամիսը։ Ահա թէ ինչպէս կը բացատրուի «Սինեմա»ին դադրեցումը. «Կը թուի, թէ թերթը ամուր հիմերու վրայ չէ դրուած», քանի տարին բոլորելէ ետք, առանց վերջին մեկնումի ահազանգի, լուռ ու մունջ հրատարակութիւնը կը դադրի»։ Հայկական մամուլին իւրայատուկ երեւոյթ մը, որ կը շարունակուի տակաւին։

Պատճառներու յիշատակութիւնը իմաստ չունի այսօր, սակայն կ՚արժէ յիշել, որ շաբաթաթերթին իւրաքանչիւր ութ էջերուն կէսը տրամադրուած էր Սարուխանին, որու երգիծանկարները բազմագոյն են եւ ուրեմն՝ հրատարակութիւնը ծախսալից։ Վստահաբար համարձակ որոշում մըն էր թերթին լոյս ընծայումը, երբ երգիծագիրներու եւ նկարիչներու առատութիւն մը երբեք չենք ունեցած սփիւռքահայ կեանքին մէջ։ Երբ կը փորձենք գնահատել նման բովանդակութեամբ շաբաթաթերթի մը լոյս ընծայումը, նկատի պիտի ունենանք օրուան գաղութային կեանքին մէջ կարեւորութիւնն ու կարելիութիւնները հայ գաղութին. թերեւս ալ, թերթին եգիպտաբնակութիւնը կը բացատրէ Սարուխանի եւ իր գործակիցներուն համարձակութիւնը։ Անխուսափելի պէտք է դառնար եզակի երգիծանկարիչով մը եւ նոյնքան որակաւոր աշխատակիցներով հրատարակուող շաբաթաթերթին մեկնումը հրապարակէն յարաբերաբար կարճատեւ կեանքէ մը ետք։ Մեր յիշողութեան մէջ նման իրագործում չէ կրկնուած դժբախտաբար։

«Հայկական Սինեմա» շաբաթաթերթը իր 50 թիւերով արժէքաւոր իրագործում մըն է ոչ միայն ի՛ր ժամանակին համար, այլ բոլո՛ր ժամանակներուն։ Իսկ Գրիգոր Քէօսէեանի հիանալի երեւակայութեան, արուեստի սիրոյն եւ անհաւատալի համարձակութեան կը պարտինք Սարուխանի մէկ տարուան ընթացքին հրատարակուած թերթին վերերեւումն ու մանաւանդ «Սարուխանի եգիպտահայոց «Սինեմա»ն» վերնագրուած նախաբանը։

Անգլերէն ու հայերէն լեզուներով ներկայացող այս հաւաքածոն, իր մեծ ծաւալով ու գունաւոր ձեւին մէջ կը հրամցուի արուեստասէր հայ հասարակութեան։ Քէօսէեանի ստորագրած հիանալի մեկնաբանութիւնն ու յարակից բոլոր գրութիւնները լրջագոյն եւ գեղեցիկ անգլերէնի թարգմանուած են Վաչէ Ղազարեանի կողմէ։

Ալեքսանդր Սարուխանի շուրջ 90 տարի առաջ իրագործած սխրանքը՝ այս ձեւի հիանալի արձագանգը պիտի ունենար Գրիգոր Քէօսէեանի յաջողութեամբ։ Քէօսէեան 80 գունաւոր երգիծանկարներու շքեղ հաւաքածոյ մը կը հրամցնէ մեզի, ամբողջական մոռացումէ փրկելով Սարուխանի շքեղ գործը։ Այս հրատարակութիւնը լոյս կը տեսնէ Տոլորէս Զօհրապ Հիմնադրամին առատաձեռն յատկացումին շնորհիւ։

Արուեստաբան եւ շնորհալի հրապարակագիր Գրիգոր Քէօսէեանի բարձրորակ ճաշակին եւ շնորհակալ աշխատանքին կը պարտինք վերահրատարակութիւնը հոյակապ այս հատորին։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ