Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024

Շաբաթաթերթ

ՊԷՅՐՈՒԹԵԱՆ ՆԱՄԱԿԱՆԻ Բ. Զոյգ Յոբելեաններ. Ա.- ԴՈԿՏ. ԶԱՒԷՆ Մ. ՄՍԸՐԼԵԱՆԻ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԵԱՆ ՅԻՍՆԱՄԵԱԿ

Պէյրութի, Հալէպի, իսկ վերջին տասնամեակներուն Մոնթրէալի ու յատկապէս Լոս Անճելըսի հայ կեանքը փայլած է հայկական զանազան ձեռնարկներով՝ սփիւռքահայը դնելով շուարած դիրքի մը մէջ՝ ո՞ր մէկուն երթալ, ո՞ր մէկը զանց ընել, մէկուն երթաս միւսին չերթաս՝ միշտ պիտի գտնուին բարեկամներ, որոնք պիտի նեղուին ու երեսիդ նետեն յաճախ լսուող բարեմիտ յանդիմանութիւն մը.

            – Բացակայութիւնդ զգալի էր…

            Այսպիսի օրեր ապրեցայ ծննդավայրիս մէջ Մայիս-Յունիս ամիսներուն տասնմէկօրեայ կեցութեանս ընթացքին։ Սոյն տողերով կը փափաքիմ ընթերցողներս եւ յատկապէս (նախկին) լիբանանահայ ընթերցողներուն ըսած ըլլալ թէ՝ «Պէյրութը նոյնն է միշտ»՝ փոխ առնելով Գեղամ Սեւանի «Սեւ ծովը նոյնն է միշտ» վերնագիրը։

            Դոկտ. Զաւէն Մ. Մսըրլեան։ 21 Մայիս 2017ին իսկապէս մեծ շուքով նշուեցաւ երկարամեայ տնօրէն, մանկավարժ եւ պատմաբան Դոկտ. Զաւէն Մ. Մսըրլեանի Հայ Աւետ. Գոլէճի մէջ իր տնօրէնութեան յիսնամեակը՝  դպրոցին բակին մէջ՝ ի ներկայութեան աւելի քան 500 հանդիսականներու։

            Առաջին իսկ առթիւ ըսեմ, թէ յայտագիրը կազմակերպուած էր բարձր մակարդակով եւ արհեստավարժ կերպով, իսկ օրուան հանդիսավար, վարժարանի Փոխտնօրէն Դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան հիացուց զիս իր նպատակասլաց եւ գեղեցիկ արեւմտահայերէնով պատրաստուած ներկայացումներով։ (*)

            Դոկտ. Զաւէն Մ. Մսըրլեան որդին է մեծանուն հասարակական գործիչ, ազգային ճանչցուած դէմք, 30-40ական թուականներուն՝ ղարաբաղեան (Շուշի) արմատներով: Իր գործունէութեամբ ՌԱԿ-ի եւ ՀԲԸՄի շարքերէն ներս նուիրեալ դէմք մըն էր ան, յայտնի իր հաւասարակշռեալ եւ անձնուրաց հայրենասիրութեամբ։

            Յոբելեարը այս գերդաստանի արժանաւոր շառաւիղներէն մէկն է անկասկած։ Ծնած 1938ին, Պէյրութի մէջ։ Ան շրջանաւարտ է հետագային յիսուն տարի իր տնօրէնութեան յանձնուած Հայ Աւետ. Գոլէճէն։ Բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած է Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի Պատմութեան ճիւղէն՝ մասնագիտանալով Միջին Արեւելքի պատմութեան մէջ։

            Դոկտ. Զաւէն Մ. Մսըրլեանի մանկավարժական գործունէութիւնը կը սկսի 1960ին, ապա 1967ին իրեն կը յանձնուի տնօրէնի պատասխանատու պաշտօնը, զոր մեծ ձեռնհասութեամբ կը վարէ մինչեւ օրս՝ նոյնիսկ Լիբանանի 15 տարիներու քաղաքացիական թէժ կռիւներու ատեն ան մեծ զոհողութիւններու գնով բաց պահեց վարժարանը ի պէտս Արեւմտեան Պէյրութի մէջ մնացած մի քանի հազար հայ ընտանիքներու զաւակներուն կրթութեան։

            Արժանաւոր տնօրէն Դոկտ. Զաւէն Մ. Մսըրլեանի գործունէութիւնը չի սահմանափակուիր մանկավարժութեան ու տնօրէնութեան ծիրին մէջ, այլ ան ունեցած է հասարակական բեղուն գործունէութիւն։ Նշանակելի գործունէութիւն ունեցած է Լիբանանի հայ գաղութի մշակութային կեանքէն ներս։ Եղած է ՀԵԸ-ի Հայ Համալսարանական Ուսանողական Միութեան ատենապետ, ԹՄՄ Լիբանանի վարչութեան ատենապետ (1964-1965), Հայոց Ցեղասպանութեան 60ամեակի ոգեկոչման Լիբանանի Կեդրոնական Մարմնի անդամ։ 1991էն ասդին ատենադպիրն է Հայ Աւետարանական Կրթական Համադրող Յանձնախումբին, իսկ 2004էն ի վեր ատենապետը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ռիչըրտ եւ Թինա Գարոլան» Հրատարակչական Հիմնադրամի։

            Դոկտ. Զաւէն Մ. Մսըրլեան սփիւռքի յայտնի ու ամէնէն վաւերական պատմաբաններէն մէկն է, որուն գիտական աշխատութիւնները լոյս տեսած են հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով։ Թուենք զանոնք՝ «Հայկական Հարցի մասին» (1978), «Երեք դաշնագրեր» (1979), «Մկրտիչ Մսըրլեանի ազգային-հասարակական գործունէութիւնը» (1981, վերամշակուած 2016ին), “The Premeditated Nature of the Genocide Perpetrated on the Armenians” (2001), «Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութիւնը եւ Հայկական Հարցը 1900-2009» (2010), «Հայոց Ցեղասպանութենէն առաջ եւ ետք» (2011), «Հայկական Հարցի հոլովոյթը 1939-2009» (2010), “The Armenian Participation to the Legislative Elections of Lebanon 1934-2009” (2014), «Մամուլէն փրցուած էջեր» (2013)։

            Մեծ է եւ անփոխարինելի Դոկտ. Զաւէն Մ. Մսըրլեանի դերը Հայկական Ցեղասպանութիւնը միջազգային ատեաններու (ներառեալ ՄԱԿի) առջեւ ներկայացնելու հայութեան ճիգերուն մէջ։ Ան արժանացած է բազմաթիւ շքանշաններու՝ Լիբանանի եւ Հայաստանի Հանրապետութիւններու նախագահներէն, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսէն եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսէն, իսկ 2004ին ընտրուած է Հայաստանի Գիտութիւններու Կաճառի արտասահմանեան անդամ, եւ այլ կարեւոր կոչումներ, տիտղոսներ ու շքանշաններ։

            Ահաւասիկ այսպիսի պատկառելի վաստակի տէր անձի մը յոբելեանին ներկայ ըլլալու հրաւէրն ու հաճոյքը կ՚ունենայի կարճատեւ ժամանակով Պէյրութ գտնուելու օրերուս։ Կոկիկ յայտագիր մը պատրաստուած էր այս առթիւ, ուր վաւերագրական նկարահանում մը կը ներկայացնէր անձը, տնօրէնը, հասարակական գործիչը եւ հարազատ եղբայրը։ Յոբելեարի կրտսեր եղբայր Հայկ Արամ Մսըրլեան անպաճոյճ խօսքերով կը վկայէր վաստակաշատ եղբօր կերպարը նշեալ վաւերագրականին մէջ։ Գեղարուեստական բաժնին մէջ Հայ Աւետարանական Գոլէճի գերազանցապէս երիտասարդ քառեակը կը հրամցնէր դասական կտորներ 1988-ի շրջանաւարտ Կարօ Աւեսեանի ղեկավարութեամբ։

            Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր յոբելեարին աշակերտած Տարօն Տէր Խաչատուրեան, իսկ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ խօսքը կը փոխանցէր դարձեալ նախկին աշակերտ Վեր. Հրայր Չօլագեան։ Յոբելեարին խօսքը՝ ամփոփ, բովանդակալից ու անսեթեւեթ, ցոյց կու տար մանկավարժութեամբ ապրող ու շնչող հայ երիտասարդ-երիտասարդուհիին հայեցի ու ժամանակակից կրթութիւնը նախապատուութիւն նկատող տնօրէնի հաւատամքը։ Հուսկ, Դոկտ. Զաւէն Մ. Մսըրլեան պատուըուեցաւ ՄԱՀԱԵՄ-ի (**) շքանշանատուչութեամբ՝ ձեռամբ նախագահ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի։

            Անձնապէս յոյժ տպաւորիչ գտայ կազմակերպիչ յանձնախումբին խօսքը, ուր կ՚ըսուէր. «Կան յոբելեաններ, որոնք իսկապէս պարտաւորեցնող են։ …Այսպիսի յոբելեաններ կը ստիպեն շրջապատին պահ մը կանգ առնել ու խոկալ տուեալ յոբելեարի կեանքին ու այդ կեանքին ետին մնացած վաստակին մասին»։

 

Պատիւ եւ յարգանք արժանաւորաց։

 

(*) Հոս ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ պիտի նշեմ, թէ ան ՄԿՀի շրջանաւարտ է, եղած է նաեւ մեր աշակերտը, ապա բարձրագոյն ուսումը շարունակած է Երեւանի մէջ։ 

(**) Միջին Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութիւն

 

(Շարունակելի 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ