Ֆրանսայի Վալ տը Մարնի շրջանի Ալֆորվիլ քաղաքի քաղաքային խորհուրդը Յունիս 30ին Բարեկամութեան հռչակագիր ստորագրեց Արցախի Բերձոր քաղաքին հետ։
Այս հռչակագիրը իններորդն է երկու երկիրներու տարբեր համայնքներու միջեւ, որուն նպատակն է գործակցութիւնը եւ Արցախի զարգացման խնդիրները։
Բերձորը (նախկին Լաչին) կը գտնուի Արցախէն Հայաստան անցակէտին վրայ։ Ֆրանսա-Արցախ Բարեկամութեան շրջանակը կը նշէ, որ իրենց համար կարեւոր է խաղաղութեան վերահաստատումը հարաւային Կովկասի մէջ, որուն շնորհիւ ալ կ՚ապահովուի բարգաւաճում։