Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Իրապաշտութիւն, իսլամականութիւն եւ հակազդեցութիւն ահաբեկութեան

ՃԵՖՐԻ ՀԸՐՖ

 

Մենչեսթըրի ու Լոնտոնի ահաբեկութիւններէն ետք, վարչապետ Թերեզա Մէյ կոչ ըրաւ «դժուարին ու յաճախ կնճռոտ» ծայրայեղութեան աղբիւրները հետապնդելու։ «Անցեալ Փետրուարին կոչ ըրի անոնց, որոնք զգուշացած էին արտայայտուելէ իսլամիզմի մասին, Սեպտեմբեր 2001ին Նիւ Եորքի երկնաքեռ աշտարակներու ահաբեկումէն իվեր։

Ցարդ, հոգեբանական նման խուզարկում մը չէ սկսուած, գէթ՝ հրապարակաւ։ Թերեւս կը գտնուինք դարձակէտի մը առջեւ։ Սեպտեմբեր 11էն իվեր, ժողովրդավար երկիրներու ղեկավարներ զգուշացած են հրապարակաւ արտայայտուելէ իրական կապերու մասին, որոնք գոյութիւն ունին մահմետականութեան, իսլամիզմի եւ ահաբեկութեան միջեւ։ Անոնք չեն արտայայտուած ցարդ շարք մը պատճառներով. չվշտացնելու համար ահաբեկութեան դէմ պայքարին մէջ, ետ կենալով գրգռելէ թշնամութիւնը մահմետականներու դէմ, որպէսզի չամբաստանուին ծայրայեղութեամբ իսլամութեան դէմ։ Նման կեցուածք մը իրապաշտ ճիգ մը կը նկատուէր, խուսափելու համար «քաղաքակրթութեանց բախումէ», բան մը որ ահաբեկչական կազմակերպութիւններ կը փորձէին հրահրել։

Տանըլտ Թրամփ յաղթանակեց մասամբ, այս ակներեւ իրապաշտութիւնը իբրեւ ձախողած քաղաքական դիրքորոշում խարանելուն համար։ Այսուհանդերձ, սկիզբէն Թրամփի անկարողութիւնը ճշմարտութիւնը խօսելու որեւէ հարցի նկատմամբ, եւ իր բարեկամութիւնը հակաիսլամ տարրերու հետ, ջնջեցին իրեն հանդէպ վստահելիութիւնը, իբրեւ այս հարցին պատգամաբերը։ Փոխարէնը, մենք նկատի առնելու ենք, կամ դիմելու ենք քաղաքական ա՛յլ ղեկավարներու նաեւ՝ գրողներու եւ մտաւորականներու, որոնք քաջութիւնն ունեցած են դիմակալելու իսլամաֆոպիայի ամբաստանութիւններ, եւ արտայայտուելու իմաստութեամբ, իսլամական կրօնքի մեկնաբանութեան կամ ահաբեկութեան գործածութեան մասին։

Այս գարնան, երեք յարձակումները Անգլիոյ մէջ, մղեց վարչապետ Մէյը կոչ ընելու, թէ «թէեւ շօշափելի յառաջդիմութիւն արձանագրած ենք վերջին տարիներուն, անկեղծօրէն յայտնելով, չափազանց հանդուրժողութիւն կայ ծայրայեղութեան հանդէպ մեր երկրին մէջ։ Հետեւաբար, շատ աւելի կորովի գտնուելու ենք բնորոշելու համար ինքնութիւնը ծայրայեղութեան, եւ արմատախիլ ընելու մեր հասարակութենէն եւ ընկերութենէն։ Նման դիրքորոշում մը կը պահանջէ դժուարին նախաձեռնութիւններ։ Այս «գաղափարախօսութիւնը պարտութեան մատնելը մեր ժամանակի ամէնէն մեծ մարտահրաւէրներէն մէկն է»։

Ինչպէս որ ֆրանսացի գրող Փասքալ Պրուքնըր իր վերջին մէկ քննասիրութեան (essay) մէջ՝ «Un racisme imaginaire. La querelle de L’Islamophobie – Երեւակայական արմատականութիւն մը. Վէճը իսլամաֆոպիայի մասին» յայտնած է, թէ Իսլամիզմի քննադատութիւնը, կամ՝ իսլամութիւնը իբրեւ վարդապետութիւն, եւ անոնց կապը ահաբեկումի հետ – այս նիւթերուն քննարկումը օրինական է. ինչպէս որ կրօնքը եւ անոր մեկնաբանութիւնը քննադատուած են Արեւմուտքի մէջ Լոսաւորութեան Դարէն իվեր։ Նորագոյն յարձակումներուն սարսափը, եւ իսլամական ահաբեկութիւնը, 1990էն իվեր կեանքի իրողութիւն մը դարձած են աշհարհի մէջ։ Վերջապէս, համոզիչ դառնալու է ժողովրդավարութեան ղեկավարներուն, թէ այլեւս անսալու է քննադատութեանց, որոնք ցարդ անտեսուած էին։

Գերմանացի լրագրող Սամուէլ Շորմպէք, իր «Իսլամական խաչակրութիւնը եւ անօգնական Արեւմուտքը. ինչո՞ւ պէտք ունինք ինքնավստահ քննադատութիւն մը իսլամութեան» հատորին մէջ, կը յիշատակէ գործերը հիւսիսային Ափրիկէի իսլամ գրողներու, գիտնականներու եւ լրագրողներու, որոնք 1990էն իվեր կ՚անդրադառնային իսլամութեան մեկնաբանութեան եւ ահաբեկութեան գործադրութեան իսլամ կազմակերպութեանց կողմէ։ Արդարեւ, իննսունական թուականներուն, Ալճերիոյ մէջ, մինչեւ շուրջ 200,000 հոգի մահացան քաղաքացիական կռիւի ընթացքին՝ իսլամիսթ կազմակերպութեանց ու զինուորական իշխանութեանց միջեւ։ Հակառակ որ միլիոնաւոր տոլարներ ծախսուեցան Եւրոպայի ու Մ. Նահանգներու մէջ ահաբեկութեան դէմ պայքարելու համար, սակայն իսլամ գրողներու,– Ապտըլուէհէպ Մետտեպի, Ֆաթիմա Մըրնիսի, Զէյմ Խենչելաուի, Ապտըննուր Պիտար, Ուասիլա Թամզալի, Թահար Ճաութ, Սաիտ Մեքպէլ, Ապտըլլա Թայա, Սաիտ Ճէպելքիր,– եւ այլոց գործերը մնացին անծանօթ, կամ անոնց գրութեանց՝ իսլամութեան, իսլամիզմին կամ ահաբեկութեան մասին, երբեք անդրադարձ չկատարուեցաւ ժողովրդավարական երկիրներու մէջ։ Մինչ հիւսիսային Ափրիկէի Ուոլթէրը նկատուող Պուէլէմ Սանսալի քննասիրութիւնները ու նորավէպերը ուշադրութեան առարկայ դարձան Եւրոպայի մէջ, անոնք արձագանգ չգտան եւրոպական մամուլին մէջ, կամ հանրային վիճաբանութեան չարժանացան։

Իրենց այլազան երկերուն մէջ, վերոյիշեալ գրողները յայտնեցին, թէ ահաբեկութիւնը «ոչ մէկ կապ ունի իսլամութեան հետ»։ Անոնք կոչ ըրին քննարկելու սրբազան բնագիրները, զորս ահաբեկիչները կ՚օգտագործէին արդարացնելու համար ոճիրը, ներկայացնելով առատ ու բացայայտ վկայութիւններ կրօնական բնագիրներու մեկնաբանութեան կարեւորութեան մասին։ Անոնք յայտնեցին, թէ իսլամութեան քննադատութիւնը, կամ՝ մեկնաբանութիւնը, նախապաշարում չէր ենթադրեր իսլամութեան հանդէպ։ Անոնք ձեռնարկեցին լուսաբանութեան արշաւի մը 1990ական թուականներէն առաջ։ Շըրմպէք կը հայթայթէ անունները լրագրողներու, որոնք հիւսիսային Ափրիկէի մէջ սպաննուեցան իսլամ ահաբեկիչներու կողմէ։ Արեւմտեան պետութիւններ ու մտաւորականներ, վախնալով ամբաստանութիւններէ, թէ կ՚ընեն «ընդհանրացումներ բոլոր իսլամներու մասին», հրապարակաւ չյայտնեցին այն ինչ որ իրենց դիւանագէտները, գաղտնի սպասարկութիւնները ու քաղաքական մեկնաբանները գիտէին իբրեւ ճշմարտութիւն։ Փոխարէնը, հրապարակը լեցուեցաւ աժան եւ յիմար խօսակցութիւններով, ազգայնական ու ժողովրդական արտայայտութիւններով Եւրոպայի մէջ, ու Թրամփի ամբոխավար յայտարարութիւններով՝ Մ. Նահանգներու մէջ։

Մեր դարու ահաբեկիչները, ինչպէս՝ անցեալին, ներշնչուած են կրօնապէս օրինականացուած կարգ մը գաղափարներով։ Ասո՛նք են որ խնդիր կը յարուցանեն, եւ ոչ թէ նկարագրի թերութիւնները, որոնք լայնօրէն եւ հաւասարապէս տարածուած են մարդոց մէջ։ Մինչ միլիոնաւոր իսլամներ կը մերժեն այս գաղափարները, փոքրամասնութիւն մը միայն իւրացուցած է զանոնք։

 

Մեր դարու ահաբեկիչները, ինչպէս՝ անցեալին, ներշնչուած են կարգ մը գաղափարներով

Արեւմուտքի մէջ, անոնք որոնք որոշ հասկացողութիւն ունին կրօնքի դերի մասին, գիտեն թէ կրօնական հաւատքը, երբեմն, դարձած է աղբիւրը քաղաքական մոլեռանդութեան հաւաքական բռնութեան։ Եւ ինչպէս Արեւմուտքը կը դատէ իր կրօնական անցեալն ու ներկան, նո՛յն ձեւով ալ դատելու է իսլամութիւնը եւ անոր քաղաքականութիւնը։ Եթէ արեւմտեան պետերը խօսին անկեղծօրէն, անոնք միանալու են իսլամներուն հետ, ինչպէս ըրաւ Լոնտոնի քաղաքապետը, ինչպէս ըրին Հիւսիսային Ափրիկէի հակաիսլամիսթ գրողները, որոնք մերժեցին իսլամ կրօնքի բնագիրները օգտագործել, արդարացնելու համար ահաբեկութիւնը, եւ որոնք կը բաժնեն ազատ հասարակութեանց բարոյական արժէքները։

Տեմոքրաթ երկիրներու մէջ, աջ կեդրոնի ու ձախ կեդրոնի ձայներ, տարիներ ամբողջ թելադրած մեզի, թէ մեղմաբանութիւնը (euphemism) ու խուսափումը՝ ճշմարտութիւնը ըսելէ իսլամիզմի ու տեռորի մասին, կենսական էին շահերու համար «պատերազմը ահաբեկութեան դէմ», վախնալով որ հակա-իսլամէտ ցնցում կը յառաջանայ։ Այս քաղաքականութիւնը յառաջացուցած է լրբութիւն եւ անվստահութիւն։ Ատիկա նպաստած է ազնուական դասակարգի կասկածամտութեան ու Թրամփի ժողովրդական ամբոխավարութեան։ Հոս կարեւոր է յայտնել, թէ Եիկալ Քարմոն, Պասսամ Թիպի, Պուալէմ Սանսալ, հիւսիսային Ափրիկէի հակաիսլամ գրողները, եւ հանգ. Ֆուատ Աճեմի եւ ուրիշներ, իրական իրապաշտներն էին այս հարցին մէջ։

Քաղաքականութեան մէջ իրապաշտութիւնը կը պահանջէ անվհատելի հետեւողութիւն, իրողութիւններն ու ճշմարտութիւնը բացայայտելու համար։ Հարկ է անշեղօրէն կեդրոնանալ գաղափարներուն ու կիրքերուն վրայ, որոնք բոցավառած են ոճրագործներուն սիրտերն ու միտքերը։ Իսլամական ահաբեկութեան մտաւորական պատմութիւնը արդէն գրուած է, եւ անյապաղ տրամադրելի է իբրեւ աղբիւր, «դժուարին եւ յաճախ շփոթեցուցիչ զրուցատրութիւնը ծաւալելու համար ամբողջ աշխարհի մէջ։

 

Թարգմ.՝ ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ

«Միտըլ Իսթ Ֆորում», 7 Յունիս 2017

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ