Կիրակի, Դեկտեմբեր 1, 2024

Շաբաթաթերթ

Ամերիկեան Բարքեր

Ընտանեկան Դժբախտութիւն

Ընտանեկան աւանդական հասկացողութիւնը՝ հայր, մայր եւ զաւակներ, գրեթէ գոյութիւն ունենալէ դադրած է Միացեալ Նահանգներու տարածքին։ Հիմա միասեռական (gay) երկու այրեր կամ միասեռական (lesbian) երկու կիներ՝ կրնան զաւակ որդեգրել եւ ընտանիք կազմել…

Դեռ վերջերս՝ նախագահ Օպամայի շրջանին, Միացեալ Նահանգներու Գերագոյն Ատեանը որոշում անցուց (5-4  ձայնով) որ այր մարդիկ՝ որոնք ինքզինքնին զգացումով կին կը համարեն, կրնան կիներու յատուկ արտաքնոց գործածել։ Փոխադարձաբար ալ կիներ՝ որոնք ինքզինքնին զգացումով այր կը համարեն, կրնան այրերու յատուկ արտաքնոց գործածել։ Ասոնք transgender կը կոչուին, որ մեր բառարանին մէջ՝ տակաւին նոյնիմաստ թարգմանութիւն չունի։

Հիմա անցնինք մեր բուն նիւթին եւ խօսինք Միշիկըն նահանգի Տիթրոյթ քաղաքին մէջ բնակող Մէյսըն անունով ընտանիքի մը մասին, որ կը բաղկանայ եօթը անդամներէ՝ հայր, մայր, չորս աղջիկ եւ մէկ մանչ զաւակ (տեսնել նկարը)։

Ըստ վերոյիշեալ նկարին՝ ամէն ինչ բնական կը թուի ըլլալ, սակայն եկուր տես որ 2015 թուականին, բոլորովին յեղաշրջուեցաւ այս ընտանիքը։ Հիմա թոյլ տուէք որ բացատրեմ, թէ ինչ փուլերէ անցան անոնք եւ հիմա ուր կը գտնուին, որպէս «ընտանիք։»

Ուրեմն, գեղագիտական նուրբ գործողութեամբ մը՝ որ արտօնուած է հոս, ընտանիքի 39ամեայ մայրը կը դառնայ այր եւ կը կոչուի Էրիք, իսկ ընտանիքի 15ամեայ մանչ զաւակը նոյն գործողութեան ենթարկուելով՝ կը դառնայ աղջիկ եւ կը կոչուի Քորի (տեսնել նկարը։) Մէկ խօսքով՝ մայր ու տղայ կը դառնան հայր ու աղջիկ…

Ներկայ հաշուով՝ Մէյսըն ընտանիքը ունի հինգ աղջիկ զաւակ եւ երկու հայր։ Եթէ կրնաս, հաշտուէ այս իրականութեան հետ եւ ընդունէ զայս՝ որպէս միաբան սէրով շաղախուած օրինաւոր ընտանիք մը։ Ա՛ռ քեզի դրախտավայր Ամերիկա։

 

Որդիասպա՞ն

Նիւ Եորք նահանգի Կիլֆըրտ քաղաքի բնակիչներէն 35ամեայ Ըրնէսթ Ֆրանքլին եւ կինը՝ 33ամեայ Հէտըր, ամբաստանուած են իրենց որդեգիր զաւակը՝ 16ամեայ Ճէֆրին սպաննած ըլլալու յանցանքով (տեսնել նկարը)։ Առաւել՝ անոնք իրենց մարդասպանութիւնը ծածկելու համար, իրենց տունը հրկիզած են՝ ձեւացնելու համար որ բնական աղէտ մըն էր պատահածը։

Բարեբախտաբար, սակայն, բուն իրականութիւնը բացայայտուած է տեղական գաղտնի ոստիկաններու եւ հրշէջներու ձեռնարկած մանրակրկիտ հետախուզութիւններէ ետք եւ անոնք հիմա բանտարկուած են, սպասելով դատավարութեան։ Սա ապացոյց է, որ արդարութիւնը՝ թէեւ կ՚ուշանայ, բայց միշտ երեւան կ՚ելլէ ու յանցաւորները իրենց արդար պատիժը կը կրեն։

Միջանկեալ ըսեմ, որ Ըրնէսթ պատերազմի գացած վեթերան մըն է որ 2011-ին ամուսնացած է Հէտըրի հետ եւ այր ու կին միասին որդեգրած են Ճեֆրին՝ նոյն տարին։

Հետաքրքրական է գիտնալ նաեւ, որ իրենց որդեգրած զաւակը՝ Ճէֆրին, կարիքաւոր էր (disabled) եւ պէտք ունէր յարատեւ խնամքի։ Իսկ «Բարի Սամարացի» ազգականներն ու բարեկամները՝ հաւատալով որ հրկիզումը արդիւնքն էր փայտէ վառարանին արձակած կայծերուն, 11,000 տոլար հաւաքած են, որպէսզի ամէն ինչ կորսնցուցած ընտանիքը կարենայ առժամեայ բնակարան մը գտնէ եւ հաստատուի…

Սակայն, եթէ փաստուի Ֆրէնքլին ամոլին գործած յանցանքը, նուիրատուները պիտի վերստանան իրենց սիրայօժար կերպով տրամադրած գումարները։

Այս պարագային՝ որդեգիր ըլլալը երկրորդական է, քանի որ յանցանքը մարդասպանութիւն է եւ այդ ալ զաւկի սպանութիւն, չէ՞ք խորհիր…

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ