Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024

Շաբաթաթերթ

ՀԲԸՄ Փասատինա Ջերմիկ հանդիպում՝ ՀԵԸի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Տէր եւ Տիկին Վիգէն եւ Յասմիկ Չերչեաններուն հետ

ՀԲԸՄի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան կեդրոնին մէջ, շուրջ 300 նախկին սկաուտներ եւ արենուշներ, միութենականներ, Վիգէն եւ Յասմիկ Չերչեաններու ընկերներ եւ բարեկամներ ներկայ գտնուեցան Ուրբաթ, Յուլիս 7ի «պարտէզ»ին, որ հեղձուցիչ տաք եղանակին պարագաներուն տակ տեղափոխուած էր Պոյաճեան սրահ։

Եղբայր Վիգէն Չերչեան անդամ է ՀԲԸՄի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովին եւ հինգ տարիէ ի վեր կը գլխաւորէ Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը, երիտասարդ տինամիք գործընկերներով շրջապատուած։

Օգտուելով Լոս Անճելըս այցելութենէն, յիշարժան եւ անմոռանալի երեկոյ մը ապրեցանք վայելելով Չերչեաններուն ներկայութիւնը ակումբէն ներս։

Բացման հակիրճ խօսքեր արտասանեցին ՀԲԸՄի Փասատինա-Կլենտէյլ եւ Լոս Անճելըս Սան Ֆերնանտօ Հովիտի զոյգ ատենապետներ Հրանդ Վարձպետեան եւ Հրակ Օհաննէսեան, որմէ ետք բարեգալուստի իր խօսքը արտասանեց ՀԲԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենապետուհի Տիկ. Թալին Եագուպեանը։

Երաժշտական հաճելի պահեր պարգեւեց Զաւէն Պաթանեան։ Ընթրիքէն ետք, ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի գործավար Պրն. Լեւոն Քէշիշեան,– երկար տարիներու բարեկամը օրուան հիւրերուն,– ներկայացուց Վիգէն Չերչեանի միութենական եւ լիբանանեան յաջողութիւնները մարզական եւ սկաուտական աշխարհէն ներս։ Ապա, Եղբ. Վիգէն Չերչեան սրտաշարժ ելոյթ մը ունեցաւ, ներկայացնելով ՀԵԸի ներկան, յաջողութիւններն ու նուաճումները մարզական, երիտասարդական, սկաուտական եւ մշակութային մարզերէն ներս։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին իրենց ներկայութեան համար։

Սրահէն ներս կը թեւածէր կարօտ մը անցեալի ՀԵԸական օրերուն, անոնք ըլլան Զարեհ Նուպար, Ալեք Մանուկեան, Անդրանիկ-Սեւան կամ Անդրանիկ-Անթիլիաս ակումբներու յիշատակներով քաղցրացած։

Չերչեան, պատասխանելէ ետք ներկաները յուզող հարցումներուն,  յիշատակի յուշանուէրներ ստացաւ կազմակերպող զոյգ վարչութիւններուն եւ Շրջանակայինին կողմէ։

Յիշատակի լուսանկար մը քաշուեցաւ սրահէն ներս ներկայ նախկին սկաուտներու հետ, որոնք եղած են օրուան հիւրերուն գայլիկն ու արծուիկը, հասակակից քոյրն ու եղբայրը, խմբապետը եւ երէց ընկերը։

Նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք մեր սիրելի Վիգէն եւ Յասմիկ Չերչեաններուն։

 

Թ.

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ