Կիրակի, Հոկտեմբեր 6, 2024

Շաբաթաթերթ

ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան աշխատանքային այցով օրերս կը գտնուի Լիբանան` մասնակցելու Յուլիս 11-13 Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնու

Աղերսող հանդերձանք մը հագցուցին այն լայնատարած շարժումին՝ «Արաբական Գարուն»ին, որ 2010էն սկսեալ խռովեց դժգոհ ժողովրդային զանգուածները, որոնք տարերային պոռթկումներով ողողեցին, Հիւսիսային Ափրիկէէն սկսեալ, Միջին Արեւելեան երկիրներուն մեծամասնութիւնը, հետզհետէ կլանելով յատկապէս Թունուզը, Լիպիան, Եգիպտոսը, Եմէնը, Պահրէյնը, Սուրիան եւ Իրաքը։

Ողբերգական համեմատութիւններ ստացած յորձանքը բնակչութեանց հաւաքական տեղաշարժներ ստեղծեց դէպի Թուրքիա եւ Եւրոպական երկիրներ, մանաւանդ՝ Յունաստան, Պուլկարիա, Գերմանիա, Ֆրանսա, Պելճիքա, Հոլանտա, Շուէտ, Նորվեկիա, Դանիա եւ Անգլիա։

Մէկէ աւելի յօդուածներով անդրադարձած ենք 21րդ դարու մարդկային այս ողբերգութեան, որ կը շարունակէ պատճառել միլիոնաւոր զոհեր ու գաղթականներ։ Համատարած աւերը կը շարունակուի ISISի ահաբեկչական գործողութիւններով եւս։

2012ին ծայր տուած Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմին հետեւանքով, երկրէն դուրս գտնուող սուրիացի գաղթականներուն թիւը, ըստ ՄԱԿի տեղեկութեանց, 2017ին կը բարձրանայ 4,863,684ի։

 

***

Համաձայն Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի, Հայաստան ապաստանած են ցարդ 22,000 սուրիահայեր։ Ասոնցմէ 15,000ը ստացած են քաղաքացիական հպատակութիւն։ Միաժամանակ, ուրիշներ ստացած են սահմանափակ կամ երկար տեւողութեամբ կեցութեան արտօնագիր։ Ասոնցմէ 95-96 առ հարիւրը կ՚ապրի Երեւանի մէջ։ Լրացուցիչ կերպով Արցախ ալ հաստատուած են 200 սուրիահայեր։ «Կիլիկիա» անունով դպրոց մըն ալ բացուած է սուրիահայերու զաւակներուն համար։ Այս վերջին ծրագրին օժանդակութիւն կը բերեն Աւստրիան ու Քուէյթը։ Իսկ մանկապարտէզէն մինչեւ համալսարան լրիւ անվճար է ուսումը սուրիահայերուն համար։ Աւելի քան 100 սուրիահայեր ալ ցած տոկոսով փոխառութիւն առած են, որպէսզի զարգացնեն իրենց առեւտրական հաստատութիւնները։

Տարիներու ընթացքին, այլազան պատճառներով – գլխաւորաբար՝ անգործութեան ու ցած աշխատավարձքի – Հայաստանի ազգաբնակչութեան նօսրացումին դիմաց, 2012էն իվեր սուրիահայերու այս ներգաղթը օրհնաբեր երեւոյթ է։ Ամէն տեսակէտով եւ հետեւողական կերպով քաջալերելու ենք զանոնք, որպէսզի պատրուակ չունենան հեռանալու մայր երկրէն։ Համոզուած ենք որ անոնց ընձեռուած վերոյիշեալ դիւրութիւններով, սուրիահայերը, իրենց ձեռներէցութեամբ եւ աշխատասիրութեամբ նոր աւիւն եւ աշխուժութիւն պիտի բերեն իրենց ապրած շրջանակներէն ներս։

Անգամուան մը համար յոյժ գնահատելի է հայրենի պետութեան եւ Սփիւռքի Նախարարութեան ընձեռած վերոնշեալ հոգատարութիւնը։ Հայաստանի մէջ տիրող տնտեսական թոյլ պայմաններու հետեւանքով, մտահոգիչ արտագաղթի երեւոյթին դիմաց, սուրիահայերու ներգաղթը սփոփիչ երեւոյթ է։

Այս բարերար երեւոյթը կը թելադրէ, որ հայրենի իշխանութիւնները սկսին դարմանել նաեւ արտահոսքին տուն տուող պայմանները։

Լրացուցիչ կերպով, Արցախի վտանգուած գոյավիճակը անընդունելի կը դարձնէ որեւէ պատճառաբանութիւն՝ տնտեսական պայմաններու բարելաւումին նկատմամբ, միանգամընդմիշտ վերջ տալու համար արտահոսքին։

Սփիւռքահայութիւնը պիտի շարունակէ իր անվերապահ նպաստը բերել հայրենաշինութեան բոլոր մարզերէն ներս։

Հայաստանի իշխանաւորներն են, որ պիտի տնօրինեն երկրին վերջնական ապագան։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ