Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը ընդունեց Սիսի Կաթողիկոսարանի դատին գլխաւոր փաստաբանը

ԱՆԹԻԼԻԱՍ – 4 Օգոստոս 2017-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի Վեհարանին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը աշխատանքային հանդիպում մը ունեցաւ Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջքի դատին գլխաւոր փաստաբաններէն՝ Ճէմ Սօֆու Օղլուին հետ։ Խորհրդակցական հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Դատի Իրաւական Յանձնախումբի անդամներէն Դոկտ. Նորա Պայրաքտարեանը։

Հանդիպումի ընթացքին քննուեցան դատական գործընթացքին ներկայ հանգրուանը եւ յառաջիկայ կարելիութիւնները, մասնաւորաբար Թուրքիայէն ներս տիրող ներկայ պայմաններուն լոյսին տակ։ Ապա, Նորին Սրբութիւնը եւ ներկաները հեռաձայնային խորհրդակցութիւն ունեցան Իրաւական Յանձնախումբի միւս անդամներուն հետ։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ