Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

ՊԷՅՐՈՒԹԵԱՆ ՆԱՄԱԿԱՆԻ – Գ – ԳՐԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ Նուիրուած Գառնիկ Ադդարեանի 90ամեակին

Մայիս-Յունիսին Պէյրութ գտնուած երկշաբաթեայ այցելութեանս ուշագրաւ օրերէն մէկը պիտի մնայ Յունիս 2ին, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Ահրամճեան սրահին մէջ Լիբանանահայ Գրական Շրջանակին կողմէ կազմակերպուած Գրական Երեկոն՝ նուիրուած սփիւռքահայ իրաւ մտաւորական, բանաստեղծ, հրապարակագիր, հասարակական գործիչ ու անշեղ հայրենասէր Գառնիկ Ադդարեանին։

            Սոյն նամականիի Ա. Մասին մէջ ըսած էի «Պէյրութը նոյնն է միշտ»՝ փոխ առնելով բանաստեղծի մտերիմ գործընկեր, գրական գործիչ Գեղամ Սեւանի յայտնի վէպին վերնագիրը («Սեւ ծովը նոյնն է միշտ»)։  Պէյրութը տակաւին կը շարունակէ առնուազն իր եօթանասուն տարիներու ընթացքին ստեղծած աւանդութիւնը՝ գրական երեկոներու որակ, դասախօս-բանախօսներու բարձր մակարդակ եւ տակաւին հայ գրականութեամբ ապրող գրասէր հասարակութիւն մը, որ թէեւ տարիքը առած, բայց ամէն ջանք կը թափէ ներկայ գտնուիլ գրական երեկոներու, յոբելեաններու եւ զանազան տարեդարձներու։

            Յուզումով եւ անցեալի կարօտախտով լեցուած էի այդ երեկոյ, որովհետեւ աչքէս չվրիպեցաւ երիտասարդ եւ միջին տարիքի լիբանանահայ մտաւորականութեան զգալի բացակայութիւնը։ Պահ մը կը մտածէի, թէ արդեօ՞ք ճիշդ գնահատական մը տուած կ՚ըլլայի «Պէյրութը նոյնն է միշտ» ըսելով… Յուզումով կը նկատէի նաեւ մեզմէ յաւերժ հեռացած ընկերներու ճնշող փաստը։ Քաղաքացիական պատերազմն ու կեանքի բնական ընթացքը իրենց մանգաղի գործը տեսած էին…

            Եւ քանի որ տեղը եկաւ, պէտք է ցաւով արձանագրեմ նաեւ ինծի համար անհասկնալի երեւոյթ մը։ Առանց բառերը ծամծմելու պէտք է յայտնեմ որ այս անգամ քիչ մը վշտացած վերադարձայ իմ ծննդավայրէս, որովհետեւ բաժան-բաժան, խմբակ-խմբակ եղած նօսրացած լիբանանահայութեան մը ականատեսը եղայ։

            – Կը ներէք.- կ՚ըսէին ոմանք մեզի (ինծի եւ keghart.com-ի հրատարակիչ Տոքթ. Տիգրան Աբրահամեանին,- մենք ձեզ շատ կը սիրենք, շատ կը յարգենք, մենք հի՜ն ընկերներ ենք, բայց ներկայ պիտի չըլլանք, որովհետեւ կազմակերպողներէն չենք ախորժիր եւ կամ մենք այդ միութեան ձեռնարկներուն չենք երթար…

            Եւ ի՞նչ՝ «զոհը Կար ամուն» չէր (Յակոբ Օշական), այլ օրուան հիւր բանախօսը կամ յոբելեարը։ Եօթը-ութը օր առաջ ես էի «զոհը», երբ ելոյթ կ՚ունենայի Պէյրութի Ճըմմէյզի շրջանի ԹՄՄ Կեդրոնի սրահին մէջ, որ թէեւ լեցուն էր այդ օրը, երբ կը բանախօսէի «Երուսաղէմը երէկ, այսօր, վաղը եւ մեր մարտահրաւէրները» նիւթին շուրջ։ Այո՛, շատեր չէին եկած վերոյիշեալ պատճառաբանութիւնը ներկայացնելով։ Հապա ի՞նչ ըսել Գառնիկ Ադդարեանի յոբելեանին նուիրուած հանդիսութեան մասին, ուր նոյն պատկերը կը նկատէի։ Ըսենք՝ ես բանաստեղծ մը չէի եւ իմ յոբելենական հանդիսութիւնս ալ չէր, թէեւ իմ կարծիքով կարեւոր նիւթի մը մասին պիտի զեկուցէի, Գառնիկ Ադդարեանի «մեղքը» ի՞նչ էր, երբ իրեն նուիրուած հանդիսութեան երկոյին կը բացակայէին իրեն հետ աշխատած մարդիկ, մտաւորականներ, գրիչի ու մամուլի ներկայացուցիչներ։ Գառնիկ Ադդարեան, Լիբանանահայ յայտնի բանաստեղծը եթէ ողջ ըլլար ու տեսնէր պարզուած պատկերը, ի՜նչ վշտով պիտի լեցուէր այդ երեկոյ, ինքը՝ որուն սիրտը կը բաբախէր հայրենիքով ու ընկերային արդարութեան հաստատման երազով։

            Գառնիկ Ադդարեան եւ եղբայրը Ալֆոնս Ադդարեան (գրական անունով Արմէն Դարեան) լիբանանահայ գրականութեան մէջ մեծ ներդրում ունեցան աշխատաւոր եւ ընչազուրկ դասակարգի կեանքն ու ապրումները գրականութեան նիւթ դարձնելու ասպարէզին մէջ։ Այդ կարգի գրողներէն այսօր տակաւին կայ ու կը ստեղծագործէ հաւանաբար միայն Սարգիս Վահագնը։ Սիրային թեման չէ անտեսուած Գառնիկի յատկապէս քնարերգութեան մէջ, բայց սփիւռքահայը հարենիքով խանդավառելու եւ ընկերային-տնտեսական արդար հասարակութիւն մը ստեղծելը եղած են իր մտասեւեռումներն ու նախապատուութիւնները։

            Ծնած 1925ին Հալէպի մէջ, ճաշակած հայրենազրկութեան դառն պտուղները՝ Գառնիկ Ադդարեանը պիտի առաջնորդէին դէպի ընկերային հաւասարութեան համար պայքարող գափարախօսութեան եւ դէպի Լիբանանահայ Գրական Շրջանակ, որ իւրայատուկ դպրոց մը եղաւ շատերուս համար եւ ուր մենք ստացանք այնպիսի դաստիարակութիւն մը, որ մեր հայկական վարժարաններէն ոմանք զլացան մեզի տալու 50-60ական թուականներուն։ Մենք, այսօրուան «վեթերաններս» շատ բան կը պարտինք իր գրականութեան։ Յիշենք «Էջեր գրականութեան եւ արուեստի» պարբերականը, «Մեր նշանաբանն է յառաջ» գրական-հասարակական շաբաթաթերթը (որպէս խմբագիր), «Ազգային Մշակոյթ» հանդէսը, ստեղծագործութիւններէն` «Պատնէշին վրայ» (Պէյրութ 1954, Երեւան 1957), հրատարակուած նաեւ ռուսերէն (Մոսկուա, 1963), «Մատեան ցաւի եւ հատուցման» (1965), «Ապրիմ Մեռնիմ» (Երեւան, 1968), «Սեւ եւ կարմիր» (1979)։

            Յոբելեարին մասին բացման խօսքով հանդէս կու գար Լիբանանահայ աննկուն մտաւորական, իրաւաբան եւ Գրական Շրջանակի նուիրեալ ատենապետ Մեթր Գասպար Տէրտէրեան, որ տալէ ետք օրուան խորհուրդը, Գառնիկ Ադդարեանի դերը Գրական Շրջանակէն ներս եւ ընդգծելէ ետք անոր սկզբունքայնութիւնը Խորհրդային Հայաստան եւ Սփիւռք յարաբերութեան ամրապնդման մէջ, կը ներկայացնէր օրուան գլխաւոր բանախօսը՝ գրականագէտ Համբիկ Մարտիրոսեանն ու այդ օրերուն Պէյրութ գտնուող եւ իրենց վկայութիւններով հանդէս եկող Տոքթ. Տիգրան Աբրահամեանն ու տողերուս հեղինակը։ 

            Օրուան գլխաւոր բանախօս Համբիկ Մարտիրոսեան, նոյնպէս գրական  ու հասարակական գործիչ ու գրող, կէս ժամուայ մէջ տուաւ յոբելեարին կեանքն ու գրական արժանիքները։ Այստեղ պէտք է ընդգծեմ ոչ միայն Պրն. Հ. Մարտիրոսեանի խորաթափանց գրականագէտ մը ըլլալու անառարկելի յատկութիւնը, այլեւ սեղմ տողերով եւ կարճ ժամանակի մը մէջ շատ բան ըսելու եւ փոխանցելու իր արժանիքը։ Ոչ մէկ թեմա մոռցուեցաւ եւ այս բոլորը ներկայացուած բեմական տպաւորիչ յատկանիշներով եւ տիպար արեւմտահայերէնով մը։

            Օրուան հիւր բանախօսները իրենց կարճ ելոյթներով ներկայացուցին իրենց ճանչցած յոբելեարը, անոր ունեցած ազդեցութիւնը իրենց մտահորիզոնի կերտման, սփիւռքահայ գրականութեան ու նոր սերունդներու դաստիարակութեան վրայ։

 

ՊէյրութԼոս Անճելըս 

ՄայիսՅունիս, 2017

 

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ