Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2024

Շաբաթաթերթ

Խօսք հրաժեշտի` Նելլի Նազարեանի յիշատակին

Սիրելի սգակիր հոգեհարազատներ, բարեկամներ, դասընկերներ և ընկերներ:

Խորին ցաւով կ’արտայայտուիմ այսօր դասընկերուհիիս՝ Նելլի Նազարեանի անողոք մահուան առիթով, յուսալով, որ անոր ականջներուն պիտի հասնի այս խօսքը հեռաւոր անդաստանին մէջ, ուր գտած է իր յաւիտենական հանգիստը:

Ինչպէ՞ս հանդիպեցայ և ծանօթացայ Նելլիին:

1957ի աշնան էր, դպրոցներու վերամուտի ժամանակ, Սուրիոյ Հալէպ քաղաքը,

ՀԲԸՄի Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան երկրորդական վարժարան, Ազիզիէ:

Հալէպի փառապանծ օրերն էին, ուր կը յորդէր հայկականութիւն և հայութիւն: Ես կու գայի Կրթասիրաց վարժարանէն, իսկ Նելլին՝ «քաղաքի» Կիլիկեան վարժարանէն շրջանաւարտ: ՀԲԸՄի ԼՆԳԿ երկրորդական վարժարանը արդէն մի քանի տարուան նորահաստատ վարժարան էր ընկալելու համար հայ մատղաշ սերունդը, զանոնք պատրաստելու համար իրենց ապագայի կենցաղային հարթակին: Այն ժամանակ վարժարանին տնօրէնն էր Պրն. Երուանդ Ակիշեան, որուն շուքին ներքև շարունակեցինք մեր ուսումը մինչև աւարտական դասարան:

Ես, Նելլին ու մօտ երեսունհինգ այլ աշակերտներ, սկսանք 6-րդ դասարանէն առանց զիրար ճանչնալու, ինչպէս էր բոլորին մօտ: Սակայն գրասեղանները, զբօսանքները, ուսուցիչները և դասերը մեզ մօտեցուցին իրարու դառնալու համար դասընկերներ և մանաւանդ՝ ընկերներ:

Նելլին դասերուն մէջ աչքառու եղաւ իր աշխատասիրութեամբ, առաջին օրէն սկսեալ, ճիշդ տղոց հակառակ պատկերով, որոնք զբաղած էին այլ ու այլ հետաքրքրութիւններով: Ունէինք պատկառելի և կարող ուսուցիչներ, որոնք տիտաններ էին իրենց մարզերուն մէջ: Մին՝ հայերէն լեզուի, միւսը՝ արաբերէնի, իսկ մէկ այլը՝ անգլերէնի: Որովհետեւ մեր դասարանը առաջին շրջանաւարտ հունձքը պիտի հանդիսանար վարժարանին երկրորդական բաժնին համար, 8-րդ դասարանին մեզ բաժնեցին երկու խումբերու, տարեցները բարձրացնելով 9-րդ դասարան, մեզ պահելով 8-րդ. և այսպիսով՝ շատեր քաշկռտուելով իսկ շատեր՝ ցայտուն կերպարով հասանք Պրօվէի դասարան: Կը հասուննայինք այդ վարժարանին մէջ աւելի և աւելի մտերմանալով մանաւանդ՝ երբ արդէն թեւակոխած էինք բարձրագոյն երկրորդական բաժին, ուր կը հետեւէինք հայ գրականութեան, լեզուներու, գիտութեան, թուաբանական և այլ նիւթերու տիրապետութեան ձգտումով: Բոլորս լարուած էինք դէպի ուսում և կեանքի ասպարէզի պատրաստութիւն: Չէինք կրնար ունենալ որևէ յատկանշական աւելորդ նկատառումներ, այստեղի վարժարաններուն նման: Այնտեղ, Հալէպի մէջ, կեանքը տարբեր էր, աւելի պահպանողական և լրջախոհ, միշտ նկատի ունենալով ապագայի պատրաստութիւնը: Դասարանային պտոյտներու ժամանակ, միշտ եղած ենք միատեղ, մանաւանդ՝ մեր խմբակը, որուն գլխաւորն էր Նելլին, իր ուղեցոյցերով և գիտութեամբ:

Վարժարանին ուսման վերջին տարին էր: 1963-1964: Մէկ կողմէն՝ կարծէք զիրար կորսնցնելու միտքը, դասընկերներով աւելի մօտեցուցած էր մեզ, կարծէք մէկ ընտանիք դառնալով: Միւս կողմէ՝ պետական պաքալօրէայի քննութիւնները մեզ ստիպած էին յաճախակի իրարու քով գալու միասին սորվելու համար: Շատ յաճախ եղած ենք Նելլիին տունը, ուր հիւրասիրուած ենք իր մօր կողմէ սուրճով և քաղցրեղէնով, մեր քիմքերը և միտքերը թարմացնելու համար. իսկ երբ մեր միտքերը այլևս չէին հանդուրժեր դասերուն խռումը, խմբային կ’երթայինք սինէ-թատրոն մը, փարատելու համար մեր միտքերու կուտակումը:

Վերջին տարին… կարծէք չէինք ուզեր որ հատնում ունենար: Գիտէինք, որ կար բաժանում, թերեւս՝ այլևս զիրար չտեսնելու կարելիութեամբ, որուն պատճառով, աւելի փարած էինք իրարու:

Եւ պատահեցաւ անխուսափելին:

Այդ տարին չաւարտած փոխադրուեցայ Լիբանան: Տարի մը ետք իմացայ թէ Նելլին բաժնուած էր իր մտերիմ ընկերոջմէն և մեկնած Ամերիկա, իսկ ընկերը՝ Հայաստան: Անկէ ետք երկարատեւ լռութիւն: Ո՛չ մէկ կապ:

Տարիներ ետք, ես ալ հասայ Ամերիկա: Իր եղբօրմէն՝ ընկեր Յակոբ նազարեանէն իմացայ, թէ Նելլին հոս կը գտնուէր՝ Լոս Անճելըս: Շատ փորձեցի կապ հաստատել իրեն հետ, բայց ի զուր: Վհատեցայ և այպանեցի Նելլին, առանց իմանալու անոր մենակեացութեան ցանկութեան պատճառը:

Տարիներ ետք և այսօր միայն կ’իմանամ այդ անողոք պատճառը, որ զինք մղեց առանձնութեան:

Հողը թեթեւ գայ վրադ սիրելի Նելլի, երանի կարենայի վիշտդ թեթեւցնել:

Թող հոգիդ մնայ լուսաշող երկինքին մէջ, առանց այդ տաղտկալի «մայկրէյն» գլխացաւին:

Ննջէ  հանգիստ ու խաղաղ:

 

Դասընկերդ՝

ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

 

9 Յուլիս 2017

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ