Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Փոխան Խմբագրականի Արմէքզիթ. այո՞, ո՞չ… Ի՞նչ կը մտածէ Սփիւռքը, դասական Սփիւռքը

 

Ռուսական արեւելումը երկու հարիւր եւ աւելի տարիներէ ի վեր պատած է Հայաստան աշխարհը։ Ռուսական կայսրութեան տակ անցած պատմական Հայաստանի արեւելեան հատուածը, աւելի յստակ՝ Արաքսի աջ ափին գտնուող մեր հողերը այսօր կը շարունակեն մնալ ռուսական ազդեցութեան գօտիներ։ Սովետական Միութեան ծնունդն ու անոր մահը, 20րդ դարը ներկեցին կարմիր, «կառուցելով» կոմունիզմ։ Քանդուեցաւ այդ «կառոյցը», ծնաւ Հայաստանի նոր Հանրապետութիւնը, սակայն ռուսական «օրիանտացիա»ն մինչ օրս կ՚օրհնէ էն սհաթը, երբ ռսի ոտը մտաւ Հայաստան։

Այսօր, անկախութենէն քառորդ դար ետք, երբ աշխարհ բաժանարարական նոր ծրագիրներ յառաջ կը քաշէ, եւ մենք՝ հայերս, Արցախեան մեր հողը պահելով տարուած՝ մոռցած ենք աշխարհ, այդ նոյն աշխարհը կը վերաձեւաւորէ նոր քարտէզներ։ Մենք կը շարունակենք իտէալներով, պատմական արժէքներով եւ ռոմանթիկ հայրենասիրութեամբ առաջնորդուիլ, մինչ աշխարհ կը պայքարի յանուն «ժողովրդավարութեան», յառաջ քաշելով ժողովուրդներու ազատագրում ծայրայեղականութիւններէ, ըլլանք անոնք քաղաքական կամ կրօնական պիտակներու տակ։ Արեւմուտք-Արեւելք պաղ պատերազմի ջերմացում մըն է, որ տեղի կ՚ունենայ։

Այս իրականութեան տակ, հայրենի մամուլը, համացանցային եւ ընկերային կապի այլ միջոցներ, աւելի ու աւելի յաճախ կ՚անդրադառնան Արմէքզիթին՝ Ռուսիայէն Հայաստանի կապուածութեան չափի նուազումին, թուլացումին՝ քայլ առ քայլ, կամ՝ կտրականապէս։ Գիտակցելով, որ նման բան անհնար է կտրականապէս կատարել՝ տնտեսական, քաղաքական, կենցաղային եւ ռազմավարական բազմաթիւ գործօններու պատճառով, սակայն եւ այնպէս, այդ մասին կը բարձրաձայնուի։ Կը տրուին կարծիքներ՝ կողմ եւ դէմ, կը ներկայացուին տեսակէտներ, մեկնաբանութիւններ, ռուսական դիրքորոշումը, Վրաստանի օրինակը, Ատրպէյճանի կողմէ այս հարցին չարաշահումը, եւայլն, եւայլն։

Իսկ ի՞նչ կը մտածենք մենք՝ Սփիւռքը, դասական Սփիւռքի քաղաքական տարրերը, որ 20րդ դարուն ունէինք մեր յստակ, բայց տարբեր դիրքորոշումը Խորհրդային կարգերու մասին։ Այո, ի՞նչ կը մտածենք այսօր, երբ հակասովետ ՀՅԴն այսօրուան իշխանութեան մաս կազմելով, փաստօրէն միացած է Հանրապետական կուսակցութեան քաղաքական ուղղութեան՝ փորձելով կապերը պահել թէ՛ Արեւմուտքի եւ թէ՛ Արեւելքի հետ, մինչ նախկին սովետասէր հնչակեանները ունին ընդդիմադիր ամուր կեցուածք Հայաստանի այսօրուան իշխանութիւններուն նկատմամբ։ Գալով ռամկավար-ազատականներուս, պահելով մեր աւանդական պետականամէտ դիրքորոշումը, մեզի վերապահած ենք ազատութիւնը քննադատելու տիրող վարչաձեւը՝ աւելի արդար ընկերային կեանքի եւ  քաղաքական համոզկեր կարգի մը ի տես։

Ինչպէս Հայաստանի իւրաքանչիւր քաղաքացի, հայկական դասական Սփիւռքը նոյնպէս, այսօր պատրաստ չէ պատասխանելու մեր հարցումին։ Իսկ հարցումը պարզապէս արթնութեան հրաւէր մըն է, որպէսզի վաղը ուշ չըլլայ։

Մենք՝ Սփիւռքահայերս, բոլորս ալ, պատրաստ չէինք 1991ի անկախութեան։ Երբ Մովսէս Գորգիսեան 1988ին առաջին անգամ համարձակեցաւ հայկական եռագոյնը բարձրացնել Երեւանի Օփերայի հրապարակին վրայ, այդ օրերուն Սփիւռքահայութիւնը պատրաստ չէր Խորհրդային Միութենէն պոկուելու գաղափարին։ Ղարաբաղ՝ այո, Նախիջեւան՝ այո, նոյնիսկ Ջաւախք՝ այո, սակայն Սովետէն դուրս գալուն՝ ոչ այնքան։ Կար անորոշութիւն մը, որ տեղին էր, հասկնալի։ Ժամանակ պահանջուեցաւ եւ մենք համոզուեցանք, որ ժողովուրդը՝ հայրենի ժողովուրդը օդի ու ջուրի նման կարիքն ունի ազատութեան։

Այդ ազատութիւնը այսօր կ՚ապրինք. ունինք բանակ եւ պետութիւն. ազատագրուած Արցախի Հանրապետութիւն։ Սակայն կայ նաեւ ռուսական թաթը՝ լաւ կամ վատ, պարզապէս փաստ է, որ կայ ու կայ։

Արմէքզիթ այո՞, կամ՝ ոչ։ Այս է խնդիրը այսօր։

Խնդրեմ, հրապարակը բաց է մեկնաբանութիւններու եւ ազատ խօսքի համար։

Սիրելի ընթերցող, կը սպասենք ձեր խօսքին, կարծիքին, գրիչին։ Ամուսնալուծո՞ւմ, բաժանո՞ւմ Ռուսիայէն, թէ՝ ոչ։ 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ