Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2024

Շաբաթաթերթ

Ամերիկա, Ամերիկա Դէպի ո՛ւր

Ուղեւորութիւն դէպի ապագայի նոր տիպարի մենատիրութի՞ւն, ընկերվարութի՞ւն թէ՝ նորակերպ ժողովրդավարութիւն:

Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը ունի դրամատիրական (capitalism) տնտեսական կառոյց երկրի հիմնադրութեան առաջին օրէն սկսեալ, հակառակ անոր որ ան կը վարէ ժողովրդավարական ընկերային հիմնակարգ, ոչ իր կատարեալ ըմբռնումով, բայց տուեալ պայմաններով՝ յարմարագոյնը: Անգլիական, ֆրանսական, սպանական, փորթուկալեան և այլ գաղութարար պետութիւններ, երբ խուժեցին Ամերիկաները, բոլորը իշխանաւորներ, տնտեսական տիրակալներ և դրամատէր հաստատութիւններու տէրեր էին, որոնք նոր հորիզոններ ման կու գային իրենց արտադրութիւններուն շուկաներ փնտռելու և սպառելու, կամ՝ նոր եկամտային աղբիւրներու որոնումով: Ամերիկան արդէն գտնուեցաւ Սպանիոյ թագաւորին կողմէ ուղարկուած հետախուզութեամբ, Քոլոմպոսի միջոցաւ: Գաղութարար այս պետութիւնները անմիջապէս գործի լծուեցան իրենց ռազմական կարողութիւններով տիրելու համար երկրի ցամաքամասին, ինչպէս միշտ՝  ստեղծելով ռազմական մրցոյթի մթնոլորտ իրարու միջև: Այդ տէրութիւններէն Անգլիան, Ֆրանսան (մասամբ), Փորթուկալն ու Սպանիան յաջողեցան տէր դառնալ հիւսիսային և հարաւային ամերիկաներուն, իրարու միջև բաժան-բաժան ընելով երկիրը: Անշուշտ բոլորն ալ յետագային կորսնցուցին իրենց գերակայութիւնը այդ երկիրներուն վրայ, որովհետեւ անոնք անկախացան մէկ առ մէկ, տակաւ պահելով իրենց արմատական կապը գաղութարար երկիրներուն հետ: Ամերիկաներու անկախացած երկիրները սակայն պահեցին իրենց ժառանգ մնացած դրամատիրական համակարգը որոշ ժամանակ մինչև ընկերվարական կարգերու ներմուծումը կարգ մը պետութիւններու կառոյցին մէջ:

Այժմ՝ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը, որ կը դաւանի ժողովրդավարական համակարգ, ունենալով դրամատիրական տնտեսական կառոյց, դարձած է մենատիրական (monopoly) տնտեսական համակարգ, նկատի ունենալով վերջին 50-70 տարիներուն կատարուած մեծահարուստներու  առանձնաշնորհումները,  անոնց տուրքերու նուազեցումը, օրինազանցութեան տնտեսութեան և այլազան առաւելութիւնները:

Նոյնիսկ դրամատիրական համակարգին մէջ, ասոնք ներելի չեն, որովհետեւ ժողովրդավարութեան մէջ հակոտնեայ և հակաօրինական կը դառնան նման արարքներ:

Միացեալ Նահանգներու տնտեսական գերակայութեան ձգտումը կը տարածուի համայն աշխարհի երկիրներուն վրայ, վերջին օրինակը ունենալով Պրազիլն ու Վենեզուելլան, որտեղ նախագահներ գահընկէց եղան յերիւրանքներով և տակաւին կը շարունակուին կարգ մը այլ երկիրներու մէջ, որովհետեւ անոնք չեն փափաքիր ենթակայ դառնալ: Հակառակ այդ բոլորին, այսօր՝ Չինաստան գերազանցած է Միացեալ Նահանգներու ազգային տարեկան արտադրութեան քանակը աւելի քան 600 միլիառ տոլարով: Տնտեսական գերակայութեան մրցոյթ մը, որ արագընթաց կը վերացնէ Ամերիկայի միջին դասակարգի խաւը, զանոնք տանելով աղքատութեան, պետական կախուածութեան կամ ենթակայ մեծահարուստներու տնտեսական հետամտութիւններուն:

Դրամատիրական համակարգ չի նշանակեր մենատիրութիւն:

Կը կորսուի տնտեսական մրցակցութեան բնոյթը առեւտրական մարզին մէջ, երբ կը սկսի մենատիրութիւնը, որ իր կարգին կախեալ է մեծահարուստներու քմահաճոյքէն (մեծ ձուկը փոքրը կլանելով), յաճախ տեղի տալով սնանկութիւններու և անգործութեան: Իսկ եթէ ատիկա է պետութեան մը նպատակը, ստեղծելով հարուստ և աղքատ դասակարգեր միայն, այն ժամանակ արդէն ուղղուած պիտի ըլլանք նորաձեւ մենատիրութեան համակարգի մը:

Խորհրդային Միութեան համակարգը ձախողեցաւ այն պատճառներով, երբ արդէն հարազատ գաղափարականը մէկդի դրուեցաւ առանձնաշնորհումներով և «մենատիրութիւններով»:

Իսկ ընկերվարական համակարգ վարող պետութիւններ, այսօր կը տառապին անեղծ պահելու համար իրենց համակարգը անգործներու, ծոյլերու և չարաշահումներու պատճառով:

Այս ընթացքով, նոյն նպատա՞կը կը հետապնդենք մենք այսօր:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ