Քալիֆորնիոյ հայ համայնքը հրաւիրուած է ներկայ գտնուելու «Հայ ինքնութեան արթնութիւն» վերնագրով դասախօսութեան լսարաններու շարք մը յայտագրերու, որ պիտի ներկայացուի չորս զանազան քաղաքներու մէջ Օգոստոս 25 – Սեպտեմբեր 1, 2017 թուականի ընթացքին։
Հայոց աշխարհը դարեր անվերջ ծնած է ու վերածնած, խստիւ կործանուած՝ բայց մոխիրներէն վերականգնած։ Այս հրաշալի վերապրումը արդեօք արդիւնքն է աստուածային նախախնամութեան եւ յատուկ ազգային ինքնութեան մը, որ կը շարունակէ ազդել աշխարհի պատմութեան ընթացքին։ Այս ներկայացման նպատակն է սրտեր վերազարթնուլ եւ մղել զանոնք իրենց ճակատագրին մէջ, առաջին հերթին՝ հետազօտելով Հայաստանի աստուածային կոչումը տարբեր ազգային տարրերու միջոցաւ. օրինակ՝ դիցաբանութիւն, պատմութիւն, լեզուաբանութիւն, սերնդագիտութիւն, մշակոյթ եւայլն եւ երկրորդ հերթին՝ բաժնեկցելով սփիւռքահայու մը անձնագտման հետաքրքրական ճամբորդութիւնը անձնական վկայութիւններու եւ լուսանկարներու միջոցաւ՝ Հայաստանէն, Թուրքիայէն (Արեւմտահայաստանէն) եւ ԱՄՆ-էն։
Մհեր Քիւփէլեան ծնած է Պէյրութ, Ապրիլ 1984ին, բայց անցուցած իր կեանքի մեծ մասը Մոնթրէալ, Քանատա։ Ան Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանի նախակրթարանի եւ երկրորդականի մէջ ստացած իր ուսումը կ՚աւարտէ 2001ին, ապա կ՚արժանանայ դեղագործութեան վկայագրի «Université de Montréal»ի համալսարանէն ներս 2008ին եւ իր սեփական դեղարանին՝ 2016ին։
Հոգեւոր ծարաւէ մղուած ան կը հետեւի Թորոնթոյի մէջ «Catch the Fire» աստուածաբանական դպրոցի դասընթացքներուն 2011թ.։ Այս փորձառութիւնը զինք հեւեւաբար կ՚ուղղէ դէպի Քալիֆորնիա, ուր ան 2 տարի կը շարունակէ իր ուսումը աստուածաբանական եւ հոգեբուժութեան մասնաճիւղերուն մէջ «Bethel School of Supernatural Ministry»ի դպրոցէն ներս։ Սոյն դպրոցին միսիոնարական յայտագրով, ան կը կատարէ ճամբորդութիւններ, որոնցմէ նշանելի են յատկապէս Հրէաստանն ու Թուրքիան, ուր իր հարկաւոր մասը կը բերէ իբրեւ հայորդի տարբեր եկեղեցիներու մէջ։
Հաւատացեալ եւ նաեւ շատ ազգասէր, ան անընդհատ կը հետազօտէ հայ ազգի յատուկ ինքնութիւնն ու կոչումը, որ ներկայացուցած է Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Առաքելական եկեղեցւոյ փարախին եւ անոր երիտասարդներու համագումարին, ինչպէս նաեւ Քանատայի երիտասարդական միութեան անդամներուն եւ այլուր։
Խումբ մը նոյնատեսիլ սփիւռքահայ երիտասարդներու հետ ան կը հիմնէ 2013ին «Ararat Awakening» (Արարատեան Արթնութիւն) միութիւնը, որուն միջոցաւ ան կը մասնակցի հետաքրքրական զեկոյցներու եւ համագումարներու թուրքերու եւ քիւրտերու հետ Թորոնթոյի, Նիւ Ճըրզիի, Թուրքիոյ եւ Հայաստանի մէջ։
***
«Հայ Ինքնութեան Արթնութիւն» դասախօսական լսարանները պիտի ներկայացուին.
1. Կլենտէյլ քաղաքին մէջ, Ուրբաթ, Օգոստոս 25ին, երեկոյեան ժամը 7։30ին, Իրանահայ Միութեան գրադարանին մէջ՝ 117 S. Louise St.
2. Լոմիթա-Թորընս քաղաքին մէջ, Կիրակի, Օգոստոս 27ին, երեկոյեան ժամը 6։30ին, Հարաւային Քալիֆորնիոյ Հայ Կեդրոնին մէջ՝ 2222 Lomita Blvd.
3. Ալթատինա քաղաքին մէջ, Հինգշաբթի, Օգոստոս 31ին, երեկոյեան ժամը 7։30ին, ԹՄՄ Պէշկէօթիւրեան կեդրոնին մէջ՝ 1901 N. Allen Ave.
4. Ուինեթքա քաղաքին մէջ, Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 1ին, երեկոյեան ժամը 7։30ին, Պոլսահայ Միութեան կեդրոնին մէջ՝ 19726 Sherman Way
Լսարանները կազմակերպուած են Արարատ Հիմնադրամի, Հայ Եմ կազմակերպութեան, Լոս Անճելըսի Իրանահայ Միութեան, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան, Մաշտոց Քոլէճի, Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան, Պոլսահայ Միութեան, Սաութ Պէյ Հարաւային Քալիֆորնիոյ Հայ Կեդրոնի եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան միացեալ ջանքերով։
Դասախօսութիւնները պիտի ներկայացուին հայերէնով։
Մուտքը ազատ է։ Աւարտին՝ հիւրասիրութիւն։
Այլ տեղեկութիւններու համար հեռաձայնել 1-800-435-0097 թիւին։