Տարեսկիզբէն ի վեր զոհուած զինուորներուն թիւը հասաւ 40ի
Օգոստոս 14ին հակառակորդին արձակած կրակոցէն մահացած հայ զինուորը՝ 19ամեայ Արման Մովսիսեանը թիւով 40րդն էր այս տարի։ Այս կէտը քննադատած է քաղբանտարկեալ Ժիրայր Սէֆիլեան, նշելով ռուսական կախեալութեան հետեւանքները եւ նախագահ Սարգսեանի պատասխանատուութիւնը։
Խոսրովի անտառի հրդեհը
Օգոստոս 12ին Խոսրովի անտառ պետական արգելոցի տարածքին բռնկուած է հրդեհ։ Հրդեհաշիջման աշխատանքները կը շարունակուին։ Ռուսիա տրամադրած է յատուկ օդանաւ, որ մեծ փորձ ունի անտառային հրդեհներ մարելու մէջ։
Մարման աշխատանքներուն կը մասնակցի փրկարար, ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոնի արտակարգ իրավիճակներու խումբը։ Օգնութեան ձեռք երկարած է նաեւ պաշտպանութեան նախարարութիւնը։
Ռուսիոյ Վլատիմիր քաղաքին մէջ օծուած է հայկական եկեղեցի
Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ կոչուող եկեղեցիին կառուցումը տեւած է մօտ տասը տարի, իրականացուած Վլատիմիր քաղաքին հայ համայնքին ջանքերով։ Եկեղեցին ունի հայկական ճարտարապետութեան աւանդոյթներ. սրբավայրին բարձրութիւնն է 37 մեթր, իսկ երեսպատման համար օգտագործուած է 250 թոն հայկական տուֆ։
Հրդեհներ տարբեր շրջաններու մէջ
Անցնող շաբթուան ընթացքին Խոսրովի անտառէն ետք, տարբեր շրջաններու մէջ եւս հրդեհներ յառաջացած են Հայաստանի մէջ։ Անոնց պատճառը գիտնալու համար իշխանութիւնները կը սպասեն քննութիւններու արդիւնքներուն։