Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Թրամփ. «Ատելութիւնն ու ծայրայեղութիւնը տեղ չունին Ամերիկայի մէջ»

Այսպէս յայտարարած է ԱՄՆի նախագահ Տանըլտ Թրամփը, խօսելով Վըրճինիա նահանգին մէջ տեղի ունեցած երթին մասին, որ աւարտած էր ողբերգութեամբ, երբ Օգոստոս 12ին Շարլոցվիլ քաղաքին մէջ  Օհայոյէն 20ամեայ երիտասարդ մը՝ Ճէյմս Ֆիլծ անունով, ինքնաշարժը մխրճած էր ցուցարարներու մէկ խումբին վրայ, պատճառ դառնալով մէկ զոհի եւ 19 վիրաւորներու։

Յիշեցնենք, որ Թրամփ քննադատուեցաւ այս դէպքէն ետք, որովհետեւ շատ ուշ հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ։ Ան Երկուշաբթի օր մեղադրեց սպիտակամորթ ծայրայեղականները, իսկ Երեքշաբթի օր երկու կողմերը հաւասարապէս։

Սպիտակամորթ ծայրայեղականի մը արձանը վար առնելէն ծնունդ առած բողոքի ցոյցերը կը միտին տարածուիլ տարբեր քաղաքներու եւ նահանգներու մէջ։ Վտանգաւոր զարգացումներ, ուր ծայրայեղութիւնը չարիքի աղբիւր կրնայ հանդիսանալ։

– Միացեալ Նահանգներ Հարաւային Քորէայի մէջ “Patriot” հակահրթիռային համակարգեր կը տեղադրէ

– ԱՄՆը 2009էն ի վեր առաջին անգամ Եգիպտոսի հետ համատեղ զօրավարժութիւններ պիտի կատարէ

– Ուաշինկթընի մէջ կարմիր ներկով ներկած են Լինքըլնի յուշահամալիրի սիւնին վրայ

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ