Կիրակի, Դեկտեմբեր 1, 2024

Շաբաթաթերթ

Պատառիկ Մը Անցեալէն. Ճառ հրաժեշտի Կիլիկեան վարժարանը աւարտելու առթիւ

ԱՆԺԷԼ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ

 

Պարտաւորութիւն ունէի դասաւորելու լեզուաբան Անժէլ Քիւրքճեանի յետմահու, Երեւանում թողած անձնական, մասնագիտական, հասարակական գործունէութեան թղթապանակները, երբ հանդիպեցի մարգարտաշար մի գրութեան՝ «Ճառ հրաժեշտի»ն, որ Անժէլը կարդացել էր Հալէպի Կիկլիկեան վարժարանը աւարտելու օրը, 1942 թուին։ Նաեւ կցուած էր մի խմբանկար. վարժարանը աւարտելու առթիւ շրջանաւարտները հաւաքուած են պտղասեղանի շուրջ՝ իրենց հետ են նաեւ երաժշտութեան դասատու, յայտնի երաժիշտ Համբարձում Պէրպէրեանը, ուսուցիչ Երուանդ Պապայեանն ու անոր հայրը՝ Արժ. Տ. Ներսէս Աւագ Քհնյ. Պապայեանը։ 

 Արդեօ՞ք մաքրամաքուր արեւմտահայերէն խօսքն էր, յստակ եւ գեղեցիկ ձեռագիրը, թէ նկարում գտնուող պատկառելի անձանց հաւաքոյթին մասնակցութիւնը, կամ էլ միայն պարզ պտղասեղանով առիթը նշելու մոռացուած հաճելի սովորոյթն էր, որ մեզ մղեց խունացած թերթիկները կեանքի կոչելու եւ պատմական նկարի հետ միասին ներկայացնելու մեր հանրութեանը։

Կ.Տ.Գ.

 

Արժանապատիւ Նախագահ Հա՛յր,

Պատուարժան վարչութիւն եւ հոգաբարձութիւն,

Յարգելի տնօրէն եւ սիրելի ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ,

Թո՛յլ տուէք ինծի հրաժեշտի քանի մը խօսք արտասանելու ընկերուհիներուս կողմէ այս պահուս, ուր մեր կեանքին ամէնէն երջանիկ վայրկեանները կ՚ապրինք, վայրկեաններ՝ յուզումով դառնացած հաճոյքի եւ երախտագիտութեան։

Ո՜հ, կարելի՞ է ծածկել խոր այն զգացումները որ մեր սիրտը կը տագնապին բաժանումի առատ կսկիծով։

Տարինե՜ր առաջ, դողահար քայլերով ներս մտանք մանկապարտէզէն. անո՛ւշ երգերով, զուա՛րթ խաղերով գրաւուած՝ մեր մանկական հոգիները ուռճացան, անգիտակ կեանքի դժուարութիւններուն։ Ո՜րքան տարիներ անցան այնուհետեւ.  բայց մենք կ՚անգիտանայինք ահաւոր վիշտը բաժանումին՝ զոր կը զգանք այս պահուս։

Խուսաբուկ ստուերի պէս սահեցան մեր անմեղ մանկութեան օրերը ժամանակի անյայտութեան մէջ, ձգելով մեզ մինա՜կ կեանքի դառն իրականութեան հետ։

Մինա՛կ, բայց ո՜հ, ի՜նչ կ՚ըսեմ, սրբազան այս յարկին տակ ո՛չ մէկ վայրկեան զգացինք մենութեան ցաւը։ Մեր անձնուէր ուսուցիչներն ու ուսուցչուհիները անհուն խանդաղատանքով կը շրջապատէին մեզ ամէն վայրկեան։ Մեր հոգիները ազնուացնելու եւ մեր նկարագիրը կերտելու իրենց ազնիւ ու անգնահատելի աշխատանքին՝ անոնք կը միացնէին մի՛շտ գուրգուրանքն ու զոհաբերութիւնը։ Երբ թաց ըլլային մեր աչքերը յուզումով՝ անոնց նայուածքին արեւը պատրաստ էր մեզ հաճոյքին վերադարձնելու, ու երբ գտնուէինք յանցանքի մէջ՝ անոնց անուշ ու թանկագին խրատները պատրաստ էին մեզ սրբագրելու։

Ու հիմա, ա՛յնքան սրտառուչ մտերմութենէ, ա՛յնքան անհաշիւ զոհաբերութիւններէ ու ա՛յնքան անուշ սրտակցութիւններէ ետք, ա՜խ, ի՞նչպէս հեռանալ այս միջավայրէն։ Տէ՛ր, ինչո՞ւ է դառնագոյն այս վիշտը։ Թող կեանքը տեւէ՜ր այդպէս ու մենք շարունակէինք կուրծք մաշեցնել մեր մտերիմ գրասեղաններուն առջեւ։ Ափսո՜ս սակայն, ինչպէս կ՚ըսէ բանաստեղծը.

 

Ամէն կորուստ շահ մ՚ունի

Ու ամէն վէրք բալասան.

Բայց խուսաբուկ մանկութեան

Անցնող գարնան հետ պատիր

Ներսըդ՝ բան մը կը թոշնի

Որ ալ երբե՛ք չի ծաղկիր։

 

Գեղեցկութիւն մ՚աննման՝

Կ՚անցնի սրտէդ բոյրի մը պէս,

Զայն ամէն կողմ կը տեսնես,

Յաւէտ ծըփին ու դալար,

Ու կը կանչես ընդունայն,

Բայց ան երբե՛ք ետ չի գար։

 

Արդարեւ, պիտի չվերածաղկի մեր մանկութիւնը։ Բայց ո՛չ անողոք ժամանակը, ո՛չ ալ մոռացումի փոթորիկները պիտի կարենան եղծանիլ անուշ յիշատակները, յիշատակներ՝ որ մեր ամբողջ էութիւնն ու հոգին կը կապեն լոյսի այս տունին։

Ա՛յս տունին՝ որուն համար քանինե՜ր իրենց հանգիստն ու առողջութիւնը զոհած են անշահախնդրօրէն։ Շնորհակալութիւն անոնց։

Շնորհակալութեան հետ մեր հիացումը միայն կրնանք յայտնել այն զոհաբերութեան համար՝ զոր լայնօրէն ընծայեցին մեզի Կիլիկեան Միութեան նախագահ եւ մեր վարժարանին պատասխանատու տնօրէն տէր Ներսէս Հայր Պապայեան, Կիլիկեան վարչութեան եւ հոգաբարձութեան բոլո՜ր անդամները իրենց կարելի բոլո՜ր միջոցներով։ Շնորհակալ ենք ձեզմէ ազնի՛ւ հայորդիներ։

Մնաս բարեա՜ւ, քա՛ղցր վարժարան, խիստ անձնուէր եւ խի՛ստ խոնարհ, որ սնած ես լոյսո՜վ եւ ուր հազարաւորներ եկած են ու դեռ պիտի գան, իրենց մաքուր ու անմեղ հոգիները լեցնելու լոյսիդ արարչակա՛ն ջերմութեամբը։

Եւ ահա մենք՝ հոյլ մը միայն այդ հազարաւորներէն, մեր վերջին յարգանքը մատուցանելու համար քեզի՛, լոյսի՛ անսպառ աղբիւր, բագինիդ առջեւ կը խոնարհինք մեր ճակատները վերջին անգամ երախտագէ՛տ երկիւղածութեամբ։

Մնա՜ք բարով յարգելի տնօրէն եւ սիրելի ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ. դուք՝ որ տուիք անհաշիւ, ձեր կենաքին ամէնէն ակներեւ գարունը, թոք մը շունչ, սիրտ մը արիւն ու զոհուեցաք մեզի՛ համար, առանց փոխարինութեան. ի՞նչպէս մոռնալ ձեզ։

Մնա՜ք բարով եւ դուք՝ պզտի՛կ քոյրեր ու եղբայրներ, որ պիտի շարունակէք շնչել ու ապրիլ տակաւին նուիրական այս հաստատութեան մէջ. մեզմէ աւելի՛ բախտաւոր եւ աւելի՛ երջանիկ էք դուք։

Մնաս բարի դուն ալ, սիրելի՛ Նոյեմզար Մայրիկ, որ անձնուէր մօր մը պէս գուրգուրացիր մեր վրայ երկա՜ր տարիներ։

Մեր վերջին այս քանի մը խօսքերը հանդիսաւոր երդում ըլլան թող, որպէս գրաւական, այս հաստատութեան համար մեր կեանքն իսկ զոհելու մեր պատրաստակամութեան եւ հանդիսաւոր խոստումին։ Պիտի չմոռնանք քեզ յաւէտ ո՜վ Կիլիկեան պաշտելի վարժարան, պիտի ապրինք քեզի՛ համար միայն, ցորչափ կը բոցավառի լոյսիդ բագինը։

Մնա՜ք Բարի՜…

 

1942 թիւ, Հալէպ

 

Գրի առաւ՝

ԿԱՐԻՆԷ ՏԷՐ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ