Շաբաթ, Ապրիլ 20, 2024

Շաբաթաթերթ

Ընկերային հարցեր Ծնողական պարտականութիւններ

«Ո՞ւր էք, տունը չէ՞ք նորէն»: Հեռաձայնս կը հնչէ բարեկամի մը տան այցելութեան ժամանակ:

Յանցաւորի նման կը պատասխանեմ. «Չէ՛ բարեկամի մը տունը այցելութեան եկած ենք, բան մը կա՞յ, ի՞նչ եղած է տղաս»: Կարծէք յուսախաբ, պատասխանով կ՚ըսէ՝ «Չէ՛,  կը մտածէինք երեխաները ձեզի բերել, շատ կարեւոր տեղ ունէինք երթալու»: «Վաղը տունն ենք, այն ատեն բերէք» կ՚ըսեմ: «Լաւ, կը նայինք» կ՚ըլլայ պատասխանը, մեզ թողելով անորոշութեան մէջ:

Մէկ ժամ ետք կրկին կը հնչէ հեռաձայնը: «Լա՛ւ, գալ Ուրբաթ երեկոյ տո՞ւնն էք»: Կարծէք ժամադրութիւն կը խնդրէր մշտազբաղ գրասենեակէ կամ բժիշկէ մը:

Պարզապէս կը գթամ մեր զաւակներու սերունդին վրայ: Հազիւ հազ գործ, պաշտօն գտած, տուն տեղ կազմած, ամուսնացած և զաւակ կամ զաւակներ ունեցած այս սերունդը, կարծէք այսօր կ՚ապրի դիւահար կեանքով: Այնքան ծանրաբեռնուած և մոլեգնած կը թուին ըլլալ իրենց կեանքին օրերը գործով, ապրուստով և ընտանեկան կեանքի հոգերով, որոնք աւելորդ ժամանակ չեն թողուր իրենց ընկերային կեանքին: Ստիպուած՝ անոնք կը դիմեն ծնողներու կամ արտաքին որևէ օգնութեան:

Շտապ կը նայիմ օրացոյցիս տեսնելու համար, թէ այդ օր ազատ ենք թէ ոչ: «Ա՛յո, տունն ենք, բայց եղբօրդ զաւակը, Մայիսը մեր մօտն է, անոնք ալ «տեղ» ունին երթալիք, եթէ համաձայն էք որ երեխաները միասին խաղան, բերէ՛ք»:  Պահ մը լռութիւն կը տիրէ, նշան՝ խորհրդակցութեան տիկնոջ հետ, ապա կը պատասխանէ. «Լաւ, միայն թէ չպիտի ձգէք որ Մայիսը ծեծէ Մովսէսը» (իր զաւակը): «Չէ՛, չէ՛, անհոգ եղիր տղաս, չենք ձգեր, հանգիստ կը խաղան իրարու հետ»: Կը շարունակէ. «Յետոյ, քաղցրեղէն մի տաք իրենց, ասոնք կը կատղին և մեզ կը փզկտեն յետոյ», կամ՝ «ամէն ուզածնին մի՛ տաք, մի՛ շփացնէք»: «Լա՛ւ, լա՛ւ, անհոգ եղիր» կը պատասխանեմ պարզապէս՝ կարճ կապելու համար, կարծէք մոռցած է, թէ մե՛նք զինք աշխարհ բերած և մեծցուցած ենք:

Շատ լաւ կը գիտակցինք, թէ մեր նորահաս մատղաշ սերունդը այսօր, տարբեր մթնոլորտի մէջ կը սնանին ու հասակ կ՚առնեն: Արդեօք ուտելիքնե՞րն են պատճառը իրենց այդ «տարբեր» եռանդին, աշխուժութեան և վերջապէս՝ լուսահոգի Պրն. Երուանդ Պապայեանին խօսքով՝ «անհանդարտութեան», չըսելու համար չարութեան:  Մեր այս նորագոյն սերունդը, այսօր գլած անցած է բոլոր հայկական սովորութիւնները, բարքն ու վարքը: Անոնք, այստեղ, հասակ կ՚առնեն օտար միջավայրի բարքով ու վարքով, օժտուած նորագոյն արուեստական գիտելիքներով և սարքերով. իսկ պայքարիլ անոր դէմ… արդէն անհնար է մեզի համար:

Կը յիշէ՞ք ժամանակին, երբ մեր զաւակները պատանի էին, յետոյ դարձան երիտասարդներ: Անոնք մեզմէ հրաման պէտք էր առնէին տեղ մը երթալու համար: Չէ՞: Հազար ու մէկ հարցումներ կը տեղացնէինք իրենց գլխուն. «Ո՞վ է ընկերդ, որո՞ւ զաւակն է, ո՞ւր կ՚երթաք, մի՛ ուշանաք, ժամը 11էն առաջ տուն կ՚ըլլաս, ո՛չ չես կրնար» և այլ հազարաւոր հարցումներ ու պրպտումներ, գիտնալու, դասաւորելու, ուղղելու և վերջապէս՝ կրթելու համար զաւակներդ հայկական սովորութիւններով և վարք ու բարքով:

Մեր զաւակները, որոնք տակաւին հայկական շունչով հասակ առած են այստեղ, կը տատանին մեր և իրենց զաւակներուն սերունդներուն միջեւ եղած տարբերութիւններով, ջանալով պահել այն ինչ որ ժառանգած են մեզմէ: Դժբախտաբար այստեղ կ՚իշխէ դառն իրականութիւնը, երբ անկարող կը դառնայ կամքը, ենթարկուելով օտարի հզօր յորձանուտին:

Երբ մեր զաւակները կը դառնան խիստ պահանջկոտ իրե՛նց զաւակներուն հանդէպ, անոնց վարուելակերպին, ծնողական պարտականութիւններուն, կրթութեան և հայկականութեան պահպանողական սովորութիւններու ուսուցումով, այն ժամանակ է որ անոնք կը բախին իրենց և իրենց զաւակներուն սորված ապրելակերպի տարբերութիւններուն, ջանալով պահել այն ինչ որ ունին, փոխանցելու համար իրենց զաւակներուն:

Ահաւասիկ՝ մեծ հօր և մեծ մօր ծնողական պարտականութիւն մը Ամերիկայի մէջ, իրենց հանգստեան կոչուած տարիներուն: Անհրաժեշտ իրողութիւն մը, զոհողութիւն մը ընծայուած մեր զաւակներուն, իրենց օգտին և օգնութեան, որպէսզի անոնք իրենց կարգին, կարենան դաստիարակել իրենց զաւակները արժանի և հայավայել ձեւով, ապա թէ ոչ, իրենց առանձին ձեռնարկումը, անհնարինի նման արարք մը պիտի ըլլար:

Չենք այպաներ մեր զաւակները իրենց ընթացքին համար: Եթէ միայն իմանաք անոնց կրած աշխատանքային չարչարանքները, տքնաջան ու հեւիհեւ վազքը իրենց ապրուստի ճարման համար, երանի կու տաք հին օրերուն:

Հապա սա անիծեալ «սթրէս» կոչուա՞ծը: Յաճախ անոր ծայրն ալ մեզի կը հասնի:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ