Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Գերմանիոյ համբերութիւնը Թուրքիոյ հանդէպ սպառելու վրայ է

ՍԵՄԻՀ ԻՏԻԶ

 

Թուրք-գերման յարաբերութիւնները կ՚ուղղուին հակադարձ ուղղութեամբ։ Հակառակ Պերլինի հանդէպ իր զայրոյթին, Անքարա բացայայտօրէն մտահոգ է, որ իր վատթարացող կապերը Գերմանիոյ հետ ժխտական լուրջ անդրադարձներ կրնան ունենալ, երկրին արդէն տատանող տնտեսութեան վրայ, եւ հետեւաբար, կը փորձէ սահմանափակել զանոնք։

Ձգտուածութիւնը մեղմացնելու համար Անքարային ի նպաստ,  բաւական փորձեր կատարուեցան անցեալ տարուան ընթացքին։ Այսուհանդերձ, նախանշանները ցոյց կու տան, որ Գերմանիա լքելու վրայ է հանդարտեցումի քաղաքականութիւնը, նախընտրելով Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներու դիմել։

Գերմանիոյ նախագահ Ֆրենք-Ուոլթըր Սթայնմայըրն ալ իր զօրակցութիւնը յայտնած է վերոյիշեալ կեցուածքին, յայտարարելով, թէ «մեր երկրին ինքնայարգանքի հարցը կը թելադրէ, որ իմաստալից պատգամ մը ուղարկենք նախագահ Ռեճէփ Թայյիպ Էրտողանի»։

Մինչդեռ, ընդհակառակը, Էրտողան հետաքրքրուած չէ իր ձայնը իջեցնելու գերման ճարտասանութեան ուղղութեամբ, կամ՝ հակազդելու Պերլինի մարդկային իրաւանց ու տեմոքրաթական պահանջքներուն գործադրութեան Թուրքիոյ մէջ։ Անիկա իր ձայնը բարձրացուցած է ա՛յն ամբաստանութեամբ, թէ Գերմանիա իր երկրին մէջ կը պահէ դաւադիրներ, որոնք փորձեցին տապալել իշխանութիւնը անցեալ տարուան վիժած պետական հարուածով։

Ահմէտ Աճէթ, որ ծառայած է իբրեւ թուրք դեսպանը Պերլինի մէջ՝ 2008էն 2011, թուրք-գերման յարաբերութեանց ձգտուածութեան պատճառ կը նկատէ Էրտողանի ամբոխավարական պոռթկումները, մանաւանդ վերջին շրջանին։ «Գերմանացիները համբերատար ու գործնական (pragmatic) ժողովուրդ են. անոնք գիտակից են Թուրքիոյ կարեւորութեան։ Սակայն, կատարուած ամբաստանութիւններն ու նախատինքները Գերմանիոյ հանդէպ բաժակը յորդեցուցին»։

Ըստ Աճէթի, յառաջիկայ Սեպտեմբերին տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւնները եւս ճնշում կը բանեցնեն Գերմանիոյ վարչապետ Անժելա Մերքէլի վրայ, որ կը փորձէր ծայրայեղ աջակողմեան հակաթուրք հոսանքը սահմանափակել։ Այնպէս որ իրեն համար թոլյլատրելի չէր մեղմ գտնուիլ Թուրքիոյ հանդէպ։

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ կը ճգնէր գերման ճարտարարուեստի ընկերութիւնները վստահեցնել, թէ ամէն բան բնականոն կ՚ընթանար Թուրքիոյ մէջ։ Իրեն պէս կը մտածէին նաեւ տնտեսական նախարար Նիհաթ Զէյպէքճի ու Եւրոպական Միութեան մօտ ներկայացուցիչ Էօմէր Չելլիք։ Վարչապետը, Թուրքիոյ մէջ գործող գերման այլազան հաստատութեանց – Bosch, Siemens, Mercedes, Metro Krupp, Thyssen Knapp, եւլն. – գործադիր տնօրէններուն յայտնած էր, թէ իրենց ներդրումները երկրին մէջ ապահով էին, այնքան ատեն որ մասնակից չէին ծաւալող դէպքերուն։

Մինչ այդ, սակայն, Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Սիկմար Կեպրիէլ, թերթերու հետ հանդիպման մը ընթացքին, Պերլինի մէջ, երբ մարդկային իրաւանց խորհրդատու գերմանահպատակ Peter Steudtner, ու նոյն իրաւունքներու համար պայքարող 5 այլ գործիչներու հետ,– ներառեալ՝ Amnesty International-ի Թուրքիոյ վարիչ Իտիլ Էսէրի հետ միատեղ,– ձերբակալուեցան Թուրքիոյ մէջ, յայտարարեց. «Թուրքիոյ հանդէպ մեր քաղաքականութիւնը փոփոխութեան ենթարկուած էր նոր ուղղութեամբ։ Այսուհետեւ, յստակօրէն պիտի յայտնենք մեր կեցուածքը, որպէսզի Անքարա գիտակցի, որ նման քաղաքականութիւն մը անհետեւանք պիտի չմնայ»։ Պերլին զայրացած է ձերբակալութեամբը նաեւ թուրք ծագումով գերմանահպատակ լրագրող Տենիզ Եուճէլի, որ ամբաստանուած է «ատելութիւն հրահրելու եւ ահաբեկութիւն տարածելու» յանցանքով։

Նախարար Կեպրիէլ նաեւ ընդգծեց վտանգները գերմանացիներու այսուհետեւ Թուրքիա այցելութեանց։ Պերլին գանգատեցաւ նաեւ Թուրքիոյ գերմանացի պաշտօնեաներուն կրած դժուարութիւններու մասին, երբ անոնք փորձեցին այցելել բանտարկեալներ Եուճէլի եւ Steudtner-ի։ Պերլին յստակօրէն կ՚ուզէ յայտնել իր քաղաքացիներուն, թէ որեւէ հարց ունենալու պարագային թրքական իշխանութեանց հետ, Գերմանիա պիտի չկարենայ իրենց օգտակար հանդիսանալ։

Գերմանիա այսուհետեւ պիտի չկրնար նաեւ ապահովել գերման առեւտրական ընկերութեանց ներդրումները Թուրքիոյ մէջ։ Արդարեւ, գերման ընկերութիւնները, որոնց շարքին յատկապէս Daimler, BASF, կ՚ամբաստանուէին կապեր ունենալու յանցանքով Ֆեթհուլլա Կիւլէնի հետ։ Ինչպէս բոլորին ծանօթ է, այս վերջինը ամբաստանուած է անցեալ տարուան պետական հարուածի դաւադրութեամբ Էրտողանի դէմ։ Հարցերը աւելի լրջացան, երբ յայտնուեցաւ թէ Պերլին կ՚ուզէ որ ամէն աշխատանք դադրեցուի Եւրոպական Միութիւն-Թուրքիա մաքսային դրութեան մը հաստատման ուղղութեամբ։

Այսուհանդերձ, Պերլին մերժած է Եւրոպայի կոչերը, վերջ տալու անդամակցութեանց՝ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան յարելու հարցով, պարզապէս անոր համար որ, Թուրքիոյ մէջ քաղաքական զարգացումները խոտոր կը համեմատին Եւրոպական Միութեան սկզբունքներուն հետ։ Այս մերժումին գործնապաշտ տրամաբանութիւնը ու գլխաւոր պատճառը Եւրոպա-Թուրքիա 2016ի համաձայնութիւնն է գաղթականաց տեղափոխման մասին Թուրքիայէն, երբ կարեւոր է տիալոկի փոխանակումը։ Թուրքիոյ համար ալ, էական է միաժամանակ նաեւ տնտեսական լայն կապերու պահպանումը Գերմանիոյ հետ։

Թուրքիոյ թիւ մէկ բաժնեկիցն է Գերմանիան։ Արդարեւ, 2015ին, տնտեսական գործառնութեանց ծաւալը, երկու երկիրներու միջեւ, բարձրացած էր 38 պիլիըն եուրոյի։ 6800 գերման ընկերութիւններ արտօնութիւն ստացած են գործելու Թուրքիոյ մէջ, ներառեալ՝ Գերմանիոյ մէջ հաստատուած թուրք վաճառականներն ալ նկատի ունենալով։ Թուրքիոյ տնտեսական նախարար Զէյպէքճի արդէն «անպատասխանատու» նկատեց անոնք, որոնք, Պերլին, Էնթերփոլին ուղարկած էին ցուցակը այն ընկերութեանց, որոնք ենթադրաբար կապեր ունէին Feto խմբաւորման հետ։

Գերման տնտեսական նախարար Wolfgang Schauble, որ Էրտողանի Թուրքիան նմանցուցած էր անցեալի Արեւելեան Գերմանիոյ, յայտնած է թէ Թուրքիոյ կատարուելիք զէնքի ապագայի վաճառումները վերատեսութեան պիտի ենթարկուին։

Գերման-թուրք փոխյարաբերութիւնները վատթարացան անցեալ տարուան պետական հարուածէն ետք, երբ Պերլին մերժեց արտայանձնել ենթադրեալ դաւադրողները, Թուրքիոյ իշխանութեանց կողմէ հաստատ փաստեր ներկայացուած չըլլալով։ Բաց աստի, Պերլին յայտնեց, թէ ապաստան պիտի տայ անոնց, որոնք կը խորհին թէ հալածանքի պիտի ենթարկուին Թուրքիոյ մէջ։

Հակառակութիւնները երկու երկիրներու միջեւ ծայր տուին, երբ թուրք շրջուն գործակալներ, Գերմանիոյ մէջ, հետապնդեցին թուրք քաղաքացիները, որպէսզի Ապրիլ 10ի Թուրքիոյ մէջ կատարուելիք հանրաքուէին քուէներ ապաովեն ի նպաստ Էրտողանի, այս վերջինը բացարձակատէր դարձնելու համար։

Ի պատասխան, Էրտողան ամբաստանեց գերման դիւանագէտներու նացիական վերաբերումը։ Բաց աստի, արգիլուեցաւ գերման դիւանագէտներու այցելութիւնը Ինճիրլիքի գերման բանակի զինուորներուն։ Յաւելեալ զայրացուցիչը, անոնց արգիլուեցաւ նաեւ այցելել Քոնիայի մէջ տեղակայուած ՆԱԹՕ-ի գերմանացի զինուորներուն։

Հակառակ վերոյիշեալ լարուածութեան, նկատի ունենալով թուրքերու միլիոնաւոր թիւը,– երեքուկէսէն չորս միլիոն,– Գերմանիոյ մէջ, ինչպէս նաեւ տնտեսական, փոխադարձ ծաւալուն կապերը, անհաւանական կը նկատուի արմատական խզում մը երկու երկիրներու միջեւ։

 

Թարգմ.՝ ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ

«Էլ-Մոնիթըր», 1 Օգոստոս 2017

 

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ