Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայաստան-Սփիւռք 6րդ համաժողովը՝ Սեպտեմբեր 18-20

Նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ խորհրդակցական հանդիպում տեղի ունեցած է նուիրուած Հայաստան-Սփիւռք 6րդ համաժողովին եւ Համահայկական խորհուրդի ձեւաւորման նախապատրաստական աշխատանքներուն։ Այս մասին զեկուցած է Սահմանադրական Դատարանի նախագահ եւ աշխատանքները համակարգող պատասխանատուներէն՝ Գագիկ Յարութիւնեան։

Հաշուի առնելով նախորդ տարիներու քննարկումները, նախագահ Սարգսեան յանձնարարած է նախապատրաստել Համահայկական խորհուրդի ձեւաւորման նպատակները, անդամակցութեան չափանիշերը, 2018ի առաջին նիստի օրակարգը՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ գործող կառոյցներու հետ համապատասխան կապի ներքոյ։

Տակաւին 2015ին, Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի օրերուն ընդհանուր պահանջքը կար նման կառոյցի մը, որուն պատասխանատուներ նշանակուած էին նոյնինքն Գագիկ Յարութիւնեանը եւ նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեանը։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ