Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Փութին-Սարգսեան հանդիպում Սոչիի մէջ

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Օգոստոս 23ին մեկնեցաւ Սոչի, Ռուսիա, ուր հանդիպում ունեցաւ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Երկու երկիրներու ղեկավարները քննարկած են քաղաքական, տնտեսական, մարդասիրական, մշակութային երկկողմ փոխգործակցութեան առանցքային խնդիրներ։ Անոնք անդրադարձած են նաեւ այս տարուան Մարտ ամսուն Սարգսեանի Ռուսիա կատարած  այցելութեան ընթացքին ձեռքբերուած համաձայնութիւններու իրագործման ընթացքին։

Բարձր մակարդակի բանակցութիւններուն ընթացքին արծարծած են նաեւ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան (ԵԱՏՄ) համագործակցութեան հեռանկարներ։ Սերժ Սարգսեան իր գործընկերոջ հետ կարծիքներ փոխանակած է միջազգային եւ շրջանային հարցերու, որոնց շարքին՝ Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման խնդիրին։

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ