Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմ. Ի ՏԷՐ ՀԱՆԳԵԱՒ Տ. ԱՌՆԱԿ Ա. ՔՀՆՅ. ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ

Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի երիցագոյն հոգեւորականներէն՝ Արժ. Տ. Առնակ Ա. Քհնյ. Գասպարեան մահկանացուն կնքեց իր բնակարանին մէջ՝ Երկուշաբթի, Օգոստոս 28ին: Ան 97 տարեկան էր:

Վախճանեալ Տէր Առնակ մօտ եօթը տասնամեակ իր կրօնական պատրաստութիւնն ու գիտութիւնը մեծ նուիրումով ի սպաս դրած է մեր Թեմի հոգեւոր արթնութեան եւ գիտակցութեան ի նպաստ: Ան վարած է բազմաթիւ պատասխանատու պաշտօններ թէ՛ ազգային եւ թէ՛ միջազգային վարչական եւ կրօնական կազմակերպութիւններու մօտ՝ արժանանալով բոլորին գնահատանքին:

Նախագահութեամբ Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի՝ հանգուցեալ Տէր Առնակ Ա. Քահանայի Տան Կարգը պիտի կատարուի Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 11, երեկոյեան ժամը 8:00ին, իսկ Վերջին Օծումը, Ս. Պատարագի ընթացքին, Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 12, առաւօտեան ժամը 10:30ին՝ Ֆէրլոն Նիւ Ճըրզիի Սրբոց Ղեւոնդեանց Եկեղեցւոյ մէջ:

Աղօթենք որ Տէրը իր երկնային լոյսերուն մէջ հանգչեցնէ մեր վախճանեալ Տ. Առնակ Ա. Քհնյ. Գասպարեանի  բարի հոգին եւ Ս. Հոգիի մխիթարութիւնը պարգեւէ անոր պարագաներուն եւ հոգեւոր եղբայրներուն:

 

ՏԷՐ ԱՌՆԱԿ  ԱՒԱԳ  ՔԱՀԱՆԱՅ  ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ

Տ. Առնակ Ա. Քհնյ. Գասպարեան, աւազանի անունով Մինաս, ծնած է Փետրուար 27, 1922ին, Մարաշ, Թուրքիա: Ծնողներուն՝ Սարգիս եւ Թրֆանտա (Մանուկեան) Գասպարեաններու հետ գաղթած է Հալէպ (Սուրիա): Նախնական կրթութիւնը առած է ազգային վարժարանին մէջ, ապա՝ 14 տարեկանին, 1936ին, մեկնած է Երուսաղէմ եւ աշակերտած Պատրիարքարանի Դպրեվանքին: 1940ին սարկաւագ ձեռնադրուած է, իսկ 1944ին վերադարձած է Հալէպ եւ պաշտօնավարած Զաւարեան նախակրթարանի մէջ:

Օրուան Առաջնորդ լուսահոգի Տիրան Արք. Ներսոյեան զինք Միացեալ Նահանգներ հրաւիրած է 1947ին՝ որպէսզի իր ուսումը շարունակէ: Ան յաճախած է Նիւ Եորք քաղաքի Ճէնէրըլ Թէօլոճիքըլ Սեմինըրին եւ 1949ին ստացած է Աստուածաբանութեան Մագիստրոսի աստիճանը:

1948ին քահանայ ձեռնադրուած է Տիրան Արք. Ներսոյեանի ձեռամբ՝ Նիւ Պրիթըն Քընէթիքըթի Ս. Համբարձում եկեղեցւոյ մէջ: 1951ին ամուսնացած է Վայոլէթ Ասլանեանի հետ: Ան շարունակած է իր ուսումը Հարթֆըրտ Սեմինըրիին մէջ եւ 1951ին ստացած է Քրիստոնէական Կրթութեան Մագիստրոսի աստիճանը: Լման ժամանակով հոգեւոր հովիւ նշանակուած է 1951ին՝ Տիթրոյթ Միշիկընի ծուխին: Իր շրջանին, Սաութֆիլտ Միշիկընի մէջ, կառուցուած է Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ Եկեղեցին: 1962ին տեղափոխուած է Նիւ Ճըրզիի Պըրկըն Քաունթիի նորակազմ ծուխը՝ ուր եւս իր ջանքերով կառուցուած է Ս. Թովմաս Եկեղեցին: Այս ծուխին մէջ ան ծառայած է մօտ 30 տարի՝ երբ հանգստեան կոչուած է: Այդ շրջանին ան եկեղեցական խորհուրդներ կատարած է, ծուխեր այցելած է եւ Ս. Պատարագ մատուցած: Առաջնորդական Թեմին մէջ առաջին անգամն ըլլալով ան հաստատած է Աւագներու Ընկերակցութիւնը՝ հանգստեան կոչուածներու եւ տարեցներու համար: Ան գործօն անդամը եղած է Թէնէֆլայի Հոգեւորականներու Ընկերակցութեան՝ 12 տարի վարելով ատենապետի պաշտօնը:

Տէր Առնակ 8 տարի եղած է Առաջնորդարանի Թեմական Խորհուրդի անդամ, չորս տարին՝ որպէս ատենապետ: Անդամ՝ Ս. Ներսէս Ընծայարանի Աւանդապահ Մարմնին՝ 1962-1986:

Որպէս գնահատանք իր արդիւնաւոր հոգեւոր սպասաւորութեան՝ երջանկայիշատակ Վազգէն Ա. Հայրապետէն ստացած Լանջախաչ կրելու իրաւունք, Աւագ Քահանայի աստիճան, Սրբատառ Կոնդակ քահանայական ձեռնադրութեան 40 եւ 50ամեակներուն առիթով: Տէր Հայրը իր անձնական միջոցներով հրատարակած է երկու գիրքեր:

Վախճանեալ Տ. Առնակ Քհնյ. Գասպարեան իր ետին կը թողու Երէցկինը՝ Վայոլէթ, զաւակները՝ Ստեփան, Լորի, Մարօ, Արտիս եւ Թովմաս, եւ անոնց ընտանիքներն ու ութ թոռնիկներ:

 

ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

 

30 Օգոստոս 2017

Նիւ Եորք, Ն.Ե.

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ