Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

ԴՈԿՏ. ԱՐՏԵՄ ՍԱՐԳՍԵԱՆ – 75

– Բարեւ Արտեմ, այդ ե՞րբ սուսիկ-փուսիկ 75 տարեկան եղար,– հարցուցի հեռաձայնով։

            Ինչպէս որ կ՚ակնկալէի եւ ատիկա իր նկարագրին անբաժան մասն է եղած միշտ, երգիծանքով պատասխանեց.

            – Բայց . – է՛լ աւելի երիտասարդ կը զգամ ինքզինքս։

            Արտեմ Սարգսեանը Գանձակէն է (Գեանջա, Կիրովապատ), հի՜ն-հին բնակավայր մը՝ իր ինքնուրոյն հայաբնակչութեամբ, ազգային աւանդական հինաւուրց սովորութիւններով, կարգ ու սարքով եւ նիստ ու կացով։ Ամէնէն նշանաւոր անձը, որ տուած է Գանձակը՝ Կիրակոս Վրդ. Գանձակեցին է՝ պատմիչ, րապունապետ, 1202-1271։ Բազմանդամ ընտանիքի մը զաւակներէն մէկն է Արտեմը. ընտանիք մը, որ մեր ազգին տուած է գիտութեան ու բանասիրութեան մէջ տաղանդաւոր անձեր։ 1915ը հոս ալ տեսաւ իր հաշուեյարդարը եւ Սարգսեաններու ընտանիքը որոշեց հաստատուիլ Խորհրդային Հայաստանի մայրաքաղաքը։

            Երեւանի Պետական Համալսարանի բանասիրական բաժնի փայլուն ուսանողը շուտով դարձաւ Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Կաճառի փնտռուած գիտաշխատողը։ Արտակարգ աշխատասէր, ճկուն, բազմակողմանի խոր զարգացումով աչքի զարնող Արտէմը 1972ին կը գործուղղուի Կիպրոսի Մելգոնեան Հաստատութիւն, որպէս բարձրագոյն կարգերու Հայոց լեզուի, գրականութեան եւ գրաբարի դասախօս։ Իր հսկողութեան ներքոյ վարժարանի սաները կը յաջողին բարձր գնահատականներով ստանալ անգլիական GCE-ի վկայագրեր։

            Արտեմ Սարգսեան շուտով տիրապետեց Արեւմտահայերէնին եւ հրատարակեց բառարան, որ մինչեւ օրս կրնայ ծառայել բանասէրներուն եւ ուսանողներուն։ Ան հրատարակած է նաեւ այլ բառարան մը եւ ուրիշ բառարաններ ալ ունի, որոնք կարգի կը սպասեն…։ Հեղինակ է 11 մենագրութիւններու եւ աւելի քան 90 գիտական յօդուածներու։

            Դոկտ. Ա. Սարգսեան երկրորդ անգամ 1978ին ղրկուեցաւ Կիպրոսի Մելգոնեան Հաստատութիւն, ուր ծառայեց եւս չորս տարի։ Հոս է որ մեր ընտանիքն ու Սարգսեաններու ընտանիքը մտերմացան, իսկ տողերուս հեղինակն ու յոբելեարը միասնաբար եւ ձեռք տուած յաջողցուցինք կարգ մը հայագիտական եւ հայերէնի դասաւանդման ծրագիրներ ներմուծել մեր կրթական ծրագրին մէջ։ Այստեղ պարտք կը զգամ յիշեցնել, թէ Հաստատութեան տնօրէնուհին՝ Տիկ. Սօսի Պետիկեան, թիկունք կեցաւ մեր ուսումնական նոր մօտեցումներուն։

            Բոլորովին նոր հանգրուան մը սկսաւ Արտեմ Սարգսեանի կեանքին մէջ ի Հայաստան, երբ ան սկսաւ զգալի ներդրում ունենալ  եզրաբանութեան կոմիտէին մէջ։ Մինչեւ օրս իր ստեղծած բառերը եւ եզրերն ու եզրոյթները կը գործածուին մեր մայրենիին մէջ (գեղասահք եւ այլն)։

            Յայտնութիւն մըն էր Արտեմ Սարգսեանի պատկերասփիւռի «Մեր Լեզուն Մեր խօսքը» հաղորդաշարը 80ական թուականներուն։ Կրնամ անվարան ըսել, թէ Հայաստանի հասարակութիւնը եւ յատկապէս մտաւորականութիւնը անհամբեր կը սպասէին 80ական թուականներու պայմաններուն ներած չափով արդիական ու աշխոյժ հաղորդումներուն։ Կը յիշեմ, Երեւանի մէջ թէ այլուր, օտար բառեր գործածողներու համար «մղձաւանջ» մըն էր այս հաղորդումը, իսկ երբ Արտեմ իր օգնական նկարահաններով կը մօտենար քաղաքացիներուն, վերջիններս ինքզինքնին կը հաւաքէին (ի՜նչ երանելի օրեր…)։

            2000ական թուականներուն Դոկտ. Արտեմ Սարգսեան ապացուցեց որ գեղարուեստական գրականութեան մէջ ալ ունի շնորհներ, ապացոյց` 2008ին հրատարակած «Քսանմէկհազար օրը» (յուշագրութիւն, 2008) եւ «Փրկութեան բանալին. 12/12/12». վերջինս գրականութեան երեւակայութեան ոճին կը պատկանի (fiction)։ Երկու գործերն ալ կը յատկանշուին բարեմիտ երգիծանքով։

            Դոկտ. Արտեմ Սարգսեան, իր կողակիցը՝ Ալինա Խաչատրեան-Սարգսեանը, զաւակները՝ Բագրատն ու Վահագնը 1990ական թուականներուն ստեղծեցին իրենց հեռուստակայանը Երեւանի մէջ, ապա անիկա փոխադրուեցաւ ԱՄՆի Քալիֆորնիա նահանգի Կլենտէյլ քաղաքը եւ այսօր հայութեան յայտնի է USArmenia անունով։ Վերջինս ձեռներէց ղեկավարութեամբ Բագրատին ու Վահագնին կը հանդիսանայ կարեւոր զանգուածային հաղորդակցութեան միջոց մը։ Տիկին Ալինան, որ նոյնպէս յուշագրութեան մը հեղինակն է, ձեռնհասօրէն կը վարէ «Հայաստան-Սփիւռք» հաղորդաշարը։

            Հայաստանի Գիտութիւններու Կաճառի թղթակից անդամը եւ պետական մրցանակի արժանացած Դոկտ. Արտեմ Սարգսեան տակաւին կրնայ հպարտանալ իր երիտասարդական աւիւնով ու աշխուժութեամբ։ Մեր փափաքն է, որ 75ամեայ մեր բարեկամը, գործակիցն ու գիտութեան մարդը նոր անակնկալներով հարստացնէ իր կենսագրութիւնը։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ