Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Բացայայտումներ եւ խայտառակութիւն Պաքուի մէջ

Ատրպէյճան հայերու վրայ կը նետէ մեղքը

Ատրպէյճանի նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը արձագանգած է BBC-ի եւ “Guardian”-ի հրապարակումներուն, ուր Ատրպէյճանի իշխանութիւնները  կը մեղադրուին Մեծն Բրիտանիոյ մէջ կեղծ ընկերութիւններու միջոցով 3 միլիառ տոլար լուալու մէջ։ Այդ գումարները վճարուած են եւրոպացի քաղաքական գործիչներու, ատրպէյճանամէտ որոշումներ կայացնելու համար։

Նշուած է, որ Ատրպէյճանի նախագահն ու անոր ընտանիքը կապ չունին այդ փաստերուն հետ, իսկ հրապարակումը սադրիչ բնոյթ կը կրէ։ Աւելին, հոն կ՚ըսուի, թէ հրապարակումներուն ետեւը կագնած են ամերիկացի միլիառատէր Ճորճ Սորոսը եւ հայկական «լոպին»։

Աւելցնենք, որ Միջազգային “Transparency International” կազմակերպութիւնը կոչ ըրած է հետաքննել Ատրպէյճանի կողմէ եւրոպացի գործիչներ կաշառելու փաստերը եւ պատժել բոլոր այն անձերն ու կազմակերպութիւնները, որոնք ներգրաւուած եղած են։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ