Կիրակի, Նոյեմբեր 3, 2024

Շաբաթաթերթ

Սպիացած Վէրքեր Եւ Նոր Յոյսեր… Համահայկական Կեդրոնական Մարմին

ԱՍԱՏՈՒՐ ԿԻՒԶԵԼԵԱՆ

Ըստ հայ մամուլի հաղորդած տեղեկութեան, Հայաստան-Սփիւռք  6րդ Համաժողովին մէջ պիտի քննարկուի նաեւ համահայկական  կեդրոնական մարմին մը ստեղծելու ծրագիրը։

Վերոյիշեալ ծրագիրը,  դեռ 1960ական թուականներէն, եղած է ուշադրութեանս առարկան։ Անշուշտ այդ գաղափարին աւագ սերմնացանը եղած է  մտաւորական հսկայ մը, իմ թանկագին ուսուցիչս, Սիմոն Սիմոնեանը։

Կ’ուզեմ այս առիթով դարձեալ անդրադառնալ այդ հարցին, նշել կարգ մը իրադարձութիւններ անցեալէն եւ ընել՝ մի քանի նկատողութիւններ։

Սփիւռքի մէջ կեդրոնական մարմին մը ստեղծելու հարցին բազմիցս անդրադարձած եմ գրաւոր եւ բանաւոր խօսքով, վերջին վաթսուն տարիներուն։ Այս կապակցութեամբ կ՚ուզեմ  ընթերցողի ուշադրութեան յանձնել այս գրութեան կցուած «ԿԱՌՈՒՑԵՆՔ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՏԱՃԱՐԸ» խորագրով յօդուածս, որ լոյս տեսաւ, իմ խմբագրութեամբ Լոնտոնի մէջ հրատարակուող «Արեգակ» ամսաթերթի 1965 Փետրուար թիւին մէջ։

Այս առիթով կ’ուզեմ պատմել նաեւ յուզիչ դէպք մը, որ խորհրդային շրջանի հայաստանցի մարդու ազգասիրութեան խօսուն վկան է։

Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէի հրաւէրով, 1968ին մասնակցեցայ Երեւանի 2750ամեակի տօնակատարութեանց։ Հեռուստատեսութեամբ հաղորդուած հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձայ սփիւռքի մէջ համահայկական կեդրոնական մարմին մը ստեղծելու անհրաժեշտութեան և ի միջի այլոց ՝ յայտնեցի այն միտքը, ըստ որում՝ եթէ ամէն հայ, միջին հաշուով տարին հինգ տոլար նուիրէր, առաւել՝ իւրաքանչիւր հայաշատ քաղաքի մէջ նոյն նպատակի համար տարեկան հասութաբեր մէկ ձեռնարկ կազմակերպուէր, յառաջիկայ յիսուն տարիներու ընթացքին  կը գոյանար այնպիսի պատկառելի  հիմնադրամ մը, որուն եկամուտով կարելի կ՚ըլլար անհամար ազգանուէր ծրագիրներ իրագործել, ինչպէս ժողովուրդը պիտի ըսէր՝ հրաշք գործել։

Յաջորդ առաւօտ, Երեւանի Լենինի անուան մեքենաշինական գործարանի բանուորները, շուրջ 15 հոգի, զիս նախաճաշով մը պատուեցին «Արմենիա» պանդակին մէջ, մեծ խանդավառութեամբ արտայայտուեցան հարցազրոյցին մասին, զարմանք յայտնեցին որ սփիւռքը մինչեւ այսօր չէր կրցած իրականացնել նման «հրաշալի» ծրագիր մը։ Այնուհեւտեւ, խումբին ղեկավարը խօսքն ուղղելով ինծի, ըսաւ.

«Ընկեր Կիւզելեան, ես լիազօրուած եմ յայտնելու ձեզ, որ Լենինի անուան մեքենաշինական գործարանը պատրաստ է այդ նպատակի համար տարեկան մէկ միլիոն «մանէթ» տրամադրել»։

Ղեկավարին անկեղծութեամբ արտասանուած խօսքերը մեծապէս տպաւորեցին եւ խորապէս յուզեցին զիս։

Սփիւռքի մէջ համահայկական մարմին մը ստեղծելու ծրագրի իրականացման համար, 1965ին, Լոնտոնի մէջ, Եդուարդ Կիւլէկեանը, Գրիգոր Ալթունեանն ու ես կազմեցինք յանձնախումբ մը, ամբողջ երեք ամիս հանգամանօրէն քննարկեցինք հարցը եւ եկանք այն եզրակացութեան որ, եթէ մեր ազգային երեք կուսակցութիւնները կլոր սեղանի մը շուրջ հաւաքուելով միասնաբար քննարկէին սփիւռքահայութիւնը յուզող բոլոր խնդիրները, վիճելի հարցերը զանազանէին անվիճելիներէն եւ միայն անվիճելի հարցերուն շուրջ համատեղ աշխատելու որոշում տային, սփիւռքահայ կեդրոնական մարմին մը ստեղծելու ծրագրին հիմնաքարը դրուած կ՚ըլլայ արդէն։

Ի դէպ է նշել, որ այդ տարիներուն հիմնական վիճելի հարցը Սովետական Հայաստանն էր։ Արտասահմանի հայութիւնը բաժնուած էր գլխաւոր երկու խմբաւորումներու, որոնք ծանօթ էին որպէս՝ «հայաստանեան ճակատ»  եւ «հակահայաստանեան ճակատ»։ Արտաքին քաղաքական ուժերը կ՚օգտագործէին այդ ճակատները ի նպաստ իրենց շահերուն։1

Մեր առաջադրութիւնն իրագործելու համար պատրաստեցինք յաջորդաբար առնուելիք քայլերու յայտագիրը մը, որուն մէջ ընդգծեցինք  Հայ Առաքելական, Հայ Կաթողիկէ, Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու եւ ազգային երեք կուսակցութիւններու խաղալիք կարեւոր դերը, առանց անտեսելու անշուշտ, մշակութային, բարեսիրական, կրթական, ընկերային, հայրենակցական, մարզական եւ այլ կազմակերպութիւններու կատարելիք աշխատանքը։  Առաջարկեցինք որ առաջին հերթին, կուսակցութիւններէ կազմուած մարմին մը խորհրդակցական ժողովի մը հրաւիրէր վերոյիշեալ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները, որպէսզի անոնք ընտրէին  յանձնախումբ մը, որուն պարտականութիւն տրուէր կազմակերպել համագաղութային պատգամաւորական համագումար մը, մասնակցութեամբ սփիւռքի բոլոր հայ համայնքներու ներկայացուցիչներուն։

Մեր պատրաստած ծրագրին մէջ հանգամանօրէն անդրադարձանք նաեւ համագումարի կազմակերպութեան հետ կապուած բոլոր աշխատանքներուն, դիւրացնելու համար կազմուելիք յանձնախումբին գործը։ Ներկայացուցինք նաեւ նախատեսուած Կեդրոնական Մարմնին ծրագիր-կանոնագրին սեւագիր նախագիծը, քանի մը տարբերակներով։

 

Մեզի համար ամէնէն էականն ու անմիջականը՝ կուսակցութիւնները կլոր սեղանի մը շուրջ հաւաքելու խնդիրն էր։

Ուստի, մեր յաջորդ քայլը եղաւ գտնել անձ մը, որ յանձն առնէր կուսակցութիւնները հրաւիրել ժողովի մը. անձ մը՝ որ վայելէր ընդհանրապէս հայութեան՝ մասնաւորաբար կուսակցութիւններուն յարգանքն ու վստահութիւնը։ Ես բախտը ունեցած էի ծանօթանալու պատուական պարսկահայու մը, Սորպոնէն շրջանաւարտ, մասնագիտութեամբ ճարտարապետ, ազգային բարերար Թովմաս Թովմասեանին, զոր ժողովուրդը «Պապիկ» մկրտած էր, իր կատարած բազմաթիւ բարեգործութիւններուն համար։ Պապիկը ունէր սիմենթի եւ ուրիշ շինանիւթերու գործարաններ, որոնց մէջ կ՚աշխատէին բազմահազար գործաւորներ։ Պարսկահայ  չքաւոր ընտանիքներու զաւակներուն ուսում տալու նպատակով, ան Թեհրանի մէջ կռուցած էր յայտնի գեղանկարիչ-ճարտարապետ Էդման Այվազեանի հրաշալի նախագծով, Թովմասեան Վարժարանը, ուր 1600 աղքատ ուսանողներ՝ բացի ձրի կրթութիւն ստանալէ ՝ նաեւ կէսօրին անվճար կը ճաշէին դպրոցի հաշուոյն։    

Որոշեցինք մեր պատրաստած նախագիծը նամակով մը ներկայացնել Թովմաս Թովմասեանին եւ խնդրել իրմէ, որպէսզի երեք ազգային կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները հրաւիրէր Կասպից Ծովու իր ամարանոցը, երկու շաբաթով, յիշեալ ծրագիրը քննարկելու համար։ Հաշուի առինք այն հանգամանքը, որ տասնհինգ օր միասին ապրելով նոյն յարկին տակ եւ վայելելով պատուական  հայու մը հիւրասիրութիւնը, ժողովականներուն մէջ պիտի ստեղծուէր բարեկամական զգացում եւ փոխադարձ վստահութիւն…։     

Թովմասեանը խանդավառուեցաւ մեր նախագիծով եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց ընդառաջելու մեր առաջարկին։ Ան մեզ լիազօրեց ծրագիրը ներկայացնել կուսակցութիւններուն եւ յայտնել անոնց, որ ինք յանձն կ’առնէր հովանաւորելու առաջարկուած ժողովը եւ վճարելու ժողովականներուն երթեւեկի եւ կեցութեան բոլոր ծախսերը։ Թովմասեանը նոյնիսկ առաջարկեց որ ժողովին մասնակցի նաեւ միջազգային իրաւունքներու մասնագէտ իրաւաբան մը, որ՝ ի պահանջել հարկին՝ տեղւոյն վրայ համաձայնագիր մը պատրաստէ։

***

…Մեր դրացի դերձակ Կիրակոսը սովորութիւն ունէր ըսելու. «Երկար բարակ գլուխդ ինչ ցաւցնեմ, բարեկամ…»։ Թող ներէ ինծի լուսահոգի Կիրակոսը, որ այս առիթով պարտքի առնելով իր խօսքերը, ես ալ ըսեմ քեզի, սիրելի ընթերցող. «Երկար բարակ գլուխդ ինչ ցաւցնեմ»։ Միայն գիտցիր, որ կուսակցութիւններուն հասցէագրած մեր նամակն ու հետագային ղրկած երեք յիշեցումները մնացին անպատասխան…։

«Զի ունիցի ականջս լսելոյ ՝ լուիցէ», կ՚ըսէ Աւետարանը (Այն որ ականջ ունի լսելու ՝ կը լսէ)։

***

Սխալ չհասկցուելու համար ընդգծեմ, որ 1960ական թուականներուն սփիւռքի մէջ կեդրոնական մարմին մը ստեղծելու մեր առաջարկը երբեք նպատակ չունէր  ստորագնահատելու արտասահմանի կազմակերպութիւններուն կատարած ազգանուէր աշխատանքը, ոչ ալ՝ զանոնք լուծելու փորձ մըն էր։ Մեր նպատակն էր կուսակցութիւններուն, բոլոր միւս հայ կազմակերպութիւններուն՝ ինչպէս նաեւ անկուսակցական եւ որեւէ կազմակերպութեան չպատկանող տասնեակ հազարաւոր  հայ անհատներու մասնակցութեամբ եւ համագործակցութեամբ ստեղծել սփիւռքահայ  կեդրոնական մարմին մը, պատկառելի հիմնադրամով եւ յստակօրէն բանաձեւուած ծրագիր-կանոնագրով, նպատակ ունենալով ծառայել  հայութեան  գերագոյն  շահերուն։   

Անցեալի իրադարձութիւնները թէեւ չենք կրնար փոխել, քանի որ պատմութիւնը արդէն սեփականաշնորհած է զանոնք, սակայն կրնանք դաս առնել անոնցմէ, եթէ ուզենք անշուշտ…։  

Հիմա վերադառնանք մեր օրերուն։ Նպատակս նիւթէն շեղիլ չէ, այլ պարզապէս լուսանցքի վրայ ընել կարգ մը նկատողութիւններ, որոնց առաջինը կը վերաբերի հայ քաղաքական կուսակցութիւններուն։ 

Իմ կարծիքով, ժամանակն է, որ մեր քաղաքական կուսակցութիւնները իրենց գործունէութեան դաշտը սփիւռքէն փոխադրեն  Հայաստան, ուր  ունինք ժողովրդավարական սկզբունքներու վրայ հիմնուած սահմանադրութիւն եւ սահմանադրական օրէնքներով  ընտրուած՝ պետութիւն։ Հայ քաղաքական կուսակցութիւնները միայն Հայստանի մէջ աշխատելու պարտականութիւն եւ իրաւունք ունին։ Այս ընդհանրացումը կը վերաբերի  պետականութիւն ունեցող բոլոր ժողովուրդներուն։ Օրինակ վերցնենք Մեծն Բրիտանիան, որ ունի քաղաքական գլխաւոր երեք կուսակցութիւններ, որոնք միայն կը գործեն Մեծն Բրիտանիոյ մէջ։ Նոյնիսկ այն շրջանին, երբ Մեծն Բրիտանիան բազմաթիւ երկիրներ ունէր իր իշխանութեան ներքոյ, անգլիական քաղաքական կուսակցութիւնները մասնաճիւղեր չունէին այդ գաղութներուն մէջ։

Ուրիշ հարց մը. ներկայիս անհրաժե՞շտ է ստեղծել սփիւռքահայ կեդրոնական մարմին մը։ Պատասխանը բնականաբար մեծատառով «ԱՅՈ» է։

Հիմա որ մեզ բաժնող ազդակներ գրեթէ գոյութիւն չունին, ինչո՞ւ չստեղծենք սփիւռքահայութեան միասնական ոյժը ներկայացնող մարմին մը։ Միութիւնը զօրութիւն է։ Նման մարմին մը ոչ միայն կրնայ սփիւռքի մէջ ազգանուէր կարեւոր գործ կատարել, այլ նաեւ Հայստանի բարգաւաճման ու հզօրացման մեծապէս նպաստել։

Քանի մը խօսք ալ Հայաստանի կառավարութեան նախաձեռնութեամբ  համահայկական խորհուրդ մը ստեղծելու առաջարկին մասին։ Իմ կարծիքով, նման մարմին մը կրնայ միայն դրական դեր խաղալ հայ իրականութեան մէջ, բայց չի կրնար ներկայացնել սփիւռքահայութեան միասնական ձայնն ու ոյժը, որուն՝ ինչպէս նշեցինք, կարիք ունի ե՛ւ սփիւռքը, ե՛ւ Հայաստանը։ Սփիւռքը զօրաւոր է հայրենիքով եւ Հայաստանը՝ սփիւռքով։      

Յաճախ թերթերու մէջ կը կարդանք եւ ձայնասփիւռով, հեռուստատեսութեամբ կը լսենք՝

«Սփիւռքահայութիւնը»

«Սփիւռքահայութեան կարծիքը»

եւ կարգ մը նման արտայայտութիւններ։  

Ի՞նչ է «սփիւռքահայութիւնը» եւ ո՞վ իրաւունք ունի խօսելու անոր անունով։ Այնքան ատեն որ գոյութիւն չունի սփիւռքահայ կեդրոնական մարմին մը՝ ո՛չ ոք։

Սփիւռքահայ կեդրոնական մարմին մը ստեղծելու ծրագրին մէջ կարեւոր դեր ունի նաեւ Հայաստանը։  Հայաստանի կառավարութեան իմաստուն որոշումներէն մէկը եղաւ, իմ կարծիքով, ստեղծել Սփիւռքի նախարարութիւնը, որուն շնորհիւ  ամրապնդուեցաւ սփիւռք-հայրենիք կապը։ Քիչ կը պատահի, որ ճիշդ անձը, ճիշդ ժամանակին, ճիշդ պաշտօնին կոչուի։ Ուրախ եմ, որ Սփիւռքի նախարարի պաշտօնը վստահուեցաւ ճիշդ ժամանակին, ճիշդ անձի մը, յանձին փորձառու, գործունեայ եւ վարչական կարողութիւններով օժտուած Հրանուշ Յակոբեանին, որ համեմատաբար կարճ ժամանակուան մը ընթացքին կրցաւ շահիլ սփիւռքահայութեան վստահութիւնն ու  յարգանքը, հեղինակ դառնալով կարեւոր իրագործումներու։ Համոզուած եմ, որ Սփիւռքահայ կեդրոնական մարմին մը, Սփիւռքի նախարարութեան հետ համագործակցաբար, ո՛չ միայն աւելի պիտի ամրապնդէ սփիւռք-հայրենիք կապը, այլ նաեւ պիտի իրագործէ  հայ ժողովուրդին համար բախտորոշ նշանակութիւն ունեցող բազմաթիւ ծրագիրներ, տնտեսական, ազգային, մշակութային եւ այլ բնագաւառներու մէջ։

 

Լոնտոն, Օգոստոս 2017

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ