Շաբաթ, Ապրիլ 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Մեծն Բրիտանիա

21-րդ դարու մէջ իր «մեծութիւնը» կորսնցուցած կայսրութիւն մը, որ այսօր կը տատանուի ինքն իր վրայ, ներքին և արտաքին քաղաքական, տնտեսական և մանաւանդ՝ խռովարարական արարքներու հետեւանքէն տապալելու վտանգով: Մեծն Բրիտանիա այսօր, հազիւ հազ կարողացած է կառավարութիւն մը կազմել Թերեզա Մէյի գլխաւորութեամբ, որ նշանակուած էր Անգլիոյ թագուհիին կողմէ 13 Յուլիս 2016ին, առանց կարենալ համախմբելու երկրին գլխաւոր քաղաքական հոսանքները, որոնք յարատեւ սպառնալիք են իր պահպանողական պաշտօնին: Երկիրը գահավէժ ընթացքի մէջ է իր սովորական «անգլիական» ապրելակերպէն, վերջին տասնամեակներուն կատարուած ընկերային կեանքի յարափոփոխ ընթացքով, ուր հարիւր հազարաւոր օտար գաղթականներ խուժած էին  այնտեղ, իրենց երկիրներէն խոյս տալով, յուսալով և ակնկալելով աւելի բարեկեցիկ կեանք և ապրուստ այնտեղ: Մեծն Բրիտանիոյ մաս կազմող երկիրները կամ ինքնավար շրջաններն են՝ Անգլիա, Ուէյլզ, Իռլանտա եւ Սկովտիա: Վերջերս Սկովտիա մազապուրծ պրծաւ իր երկրի անկախութեան հռչակումէն ժողովրդային քուէարկութեամբ, մնալով Մեծն Բրիտանիոյ ընտանիքին մէջ: Անշուշտ բոլորս քաջատեղեակ ենք անցեալի հարիւր տարիներու խլրտումներուն, խռովութիւններուն և յեղափոխական իրադարձութիւններուն մասին, որոնք տեղի կ՚ունենային Իռալանտայի և Անգլիոյ իշխանութիւններուն միջև, որոնք վերջապէս յանգեցան Իռլանտայի բաժանման և ապա՝ նոր համաձայնութեան:

Դարերու ընթացքին, Մեծն Բրիտանիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը միշտ եղած է անխնայ, նուաստացուցիչ և տիրակալ, աշխարհի բոլոր այն երկիրներուն և անոնց ժողովուրդներուն հանդէպ, ուր անոնք նոյնիսկ եթէ հոն ոտք դրած են «բարեկարգման, զարգացման, գործակցութեան և այլ բարի» նպատակներով:

Կար ժամանակ, երբ Բրիտանական կայսրութիւնը կ՚իշխէր աշխարհի «ջուրերուն», օգտագործելով գրաւած երկիրներու մարդուժը իր գոյատեւման համար: Մինչև այսօր գոյութիւն ունեցող 52 Քամընուէլթ երկիրները (Commonwealth countries), մեծ ու փոքր, մասամբ կը հետեւին անգլիական քաղաքականութեան, և վերիվերոյ ունին հասարակած գործակցութիւն տնտեսական, գաղթականական, որ հետագային պատուհասը պիտի դառնար երկրին ներքին քաղաքացիական, ընկերային, ապահովական կեանքին և այլ մարզերու մէջ: Մեծն Բրիտանիա 1961էն ի վեր կը ջանար անդամակցիլ Եւրոպական Միութեան, որ այն ժամանակ կը վայելէր Միացեալ Նահանգներու հովանաւորութիւնը և Քամընուէլթի երկիրներու մեծ մասը կը փափաքէր գործակցիլ անոր հետ: Երկար փորձերէ ետք, 1 Յունուար 1973ին ան վերջապէս կարողացաւ մուտք գործել Եւրոպական Միութիւն, Ֆրանսայի դրժումներէն ետք:

Այսօր ան կը տառապի առաջին՝ քամընուէլթի գաղթականական օրէնքներուն թոյլտուութիւններուն և երկրորդ՝ Եւրոմիութեան մասնակցութեան  պատճառներով, որոնց հետեւանքով երկիրը լեցուած է օրինաւոր և անօրէն գաղթականներու բազմութիւններով, որոնց մեծամասնութիւնը կը պատկանի իսլամ կրօնքին, գալով՝ Փաքիստանէն, Աֆղանիստանէն, Սուրիայէն, Իրաքէն, Իրանէն, Հնդկաստանէն և ափրիկեան երկիրներէ:

Երկրին ներքին անդորրը խախտած է նայած տարբեր սովորութիւններու ներխուժման, որոնք իրենց հետ բերած են իրենց երկիրներու սովորութիւնները, առանց կարենալ համընկնելու երկրին սովորութիւններուն:

Երկրին գաղթականական ներհոսքը այնքան հզօրացաւ 2015-2017 տարիներուն, որ պատճառ դարձաւ երկրի ընկերային կեանքի խախտումին և տնտեսական մեծ տագնապի, երկիրը մղելով դէպի պարտադիր ելքի՝ Եւրոպական միութենէն, կանխելու համար այդ արտասովոր երեւոյթը, որմով կը տառապին նաև եւրոպական այլ երկիրներ:

Այսօր, Մեծն Բրիտանիոյ մէջ այնքան արմատացած է իսլամ տարրը, որ ինքզինք կը պարտադրէ իր ուրոյն օրէնքներով և պահանջքներով, մանաւանդ՝ երբ երկրին մէջ 9 քաղաքապետեր իսլամ են, Լոնտոն մայրաքաղաքը ներառեալ: Անոնք ունին 3000 մզկիթներ, 130 «շարմա» և 50 «շարիա» դատարաններ, երկրին որոշ մասերու մուտքը արգիլուած է ոչ իսլամներուն, կիներուն 78 տոկոսը չ՚աշխատիր, օգտուելով պետական ընկերային համակարգի շնորհումներէն, նոյնպէս՝ տղամարդոց 63 տոկոսը: Իւրաքանչիւր ընտանիք ունի առնուազն 6-8 երեխայ, որոնք նոյնպէս կ՚օգտուին պետական ընկերային համակարգի շնորհումներէն և վերջապէս՝ Մեծն Բրիտանիոյ բոլոր դպրոցներուն մէջ կը մատակարարուի «հալալ» միս:

Մեծն Բրիտանիա, եւրոպական այլ երկիրներու նման, որոնք ներմուծեցին այդ գաղթական հոսքը, կը ջանար համընկնեցնել այդ իր ընկերային համակարգին հետ, օգտագործելով անոնց բանուորական ուժը: Արդիւնքը սակայն յուսախաբութիւն ստեղծեց ոչ միայն Անգլիոյ մէջ, այլ նաև համայն Եւրոպայի մէջ, որոնք ընդունած են գաղթականներ:

Տակաւին, հակառակ այս բոլոր առանձնաշնորհումներուն, ձրիակերութեան և անհատնում պահանջքներու գոհացման, տակաւին կը կատարուին ահաբեկչական արարքներ նոյն անհատներուն կողմէ, ինչպէս տեսած ենք անցեալ և այս տարիներու ընթացքին:

Այնպէս կը թուի, թէ Մեծն Բրիտանիա բնաւ պիտի չկարենայ գոհացում տալ ասոնց անհատնում պահանջքներուն:

Քաղաքական և տնտեսական գետնի վրայ իր առաջնահերթութիւնը կորսնցուցած Մեծն Բրիտանիան այսօր կը յենուի Միացեալ Նահանգներու նեցուկին, վերջին օրինակով՝ միջինարեւելեան երկիրներու արհեստականօրէն ստեղծուած պատերազմէն և  ռազմամթերքի համաձայնութիւններէն օգտուելով:

Պատմութիւնը վկայ է կայսրութիւններու տապալումին:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ