Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Գաղութային Լուրեր

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

 

ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՀԱՅՐԱՊԵՏ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՕՐՀՆԱԲԵՐ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

      Արեւմտեան թեմի հաստատման 90ամեակին առթիւ, թեմակալ առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի եւ Թեմական խորհուրդի հրաւէրով Հոկտեմբեր 25-30 թեմիս եւ Մեքսիքոյի թեմին հովուապետական օրհնաբեր այցելութիւն պիտի շնորհէ Ամենայն հայոց հայրապետ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. կաթողիկոսը:

     Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 26ի երեկոյեան ժամը 7։30ին հայրապետը հոգեւորականներու եւ աշխարհականներու թափօրով «Հրաշափառ»ով մուտք պիտի գործէ Պրպէնքի Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճար, իսկ Կիրակի, Հոկտեմբեր 29ին պիտի պատարագէ եւ իր հայրական պատգամը պիտի տայ հաւատացեալներուն:

 

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ

     Մեր Հայրենիքի անկախութեան 26րդ տարեդարձին առիթով գաղութիս մէջ բազմաթիւ ու բազմատեսակ ձեռնարկներով պիտի տօնուի այս պատմական օրը: Լոս Անճելըսի Գլխաւոր հիւպատոսութիւնը Կլենտէյլի «Հիլթըն» պանդոկին մէջ, Նոր Սերունդ մշակութային միութեան տարեկան աւանդական դաշտահանդէսը, եկեղեցիներ, դպրոցներ եւ միութիւններ զանազան ձեռնարկներով պիտի նշեն մեր անկախութեան օրը:

 

«ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ»Ի ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻՆ ԵԼՈՅԹԸ

     Շաբաթ, 26 Օգոստոս 2017, կէսօրէ ետք ժամը 6։30ին Լա Քանիատա քաղաքի «Լանթրման» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Նոր Սերունդ մշակութային միութեան պարախումբի հրապարակային առաջին ելոյթը: Պարի դասերը սկսած էին հինգ տարի առաջ:

     Հագուստները բազմապիսի եւ ակնահաճոյ էին, իսկ պարերը, հինգ տարեկան պարախումբի մը համար, որուն անդամները 4էն 17-18 փոքրիկներ եւ պարման-պարմանուհիներ էին, իրապէս շատ գնահատելի աշխատանք մըն էր:

     Ձեռնարկը իրենց ներկայութեամբ կը պատուէին Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Սարգիս աւագ քահանայ Փեթոյեան եւ իր ազնիւ երէցկինը, Կլենտէյլի քաղաքագլուխ՝ Վարդան Կարապետեան եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամ՝ Վրէժ Աղաճանեան, որոնք գնահատագիր մը յանձնեցին ՆՍՄ Միութեան ատենապետ Յարութ Տէր Դաւիթեանին եւ պարախումբի յանձնախումբի ատենապետուհի՝ Արմինէ Լաչինեանին:

     Բարի գալուստի խօսք արտասանեց պարախումբի պատասխանատուներէն Յարութ Տէրվիշեան եւ Տէր Սարգիսին փակման աղօթքով եւ խօսքով վերջ գտաւ ձեռնարկը: Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք ՆՍՄՄի բոլոր պատասխանատուները եւ մանաւանդ պարախումբի ժրաջան ուսուցչուհի, շնորհաշատ արուեստագիտուհի՝ Տիկ. Վարդուհի Մինասեանը։

 

ԿԵՐԱԿՈՒՐՆԵՐՈՒ ՓԱՌԱՏՕՆ

    Հոկտեմբեր 7 եւ 8ին տեղի պիտի ունենայ Քոսթա Մեսայի Հայ Առաքելական Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ 9րդ հայկական կերակուրներու փառատօնը: Այդ օր պիտի հրամցուին հայկական կերակուրներ, անուշեղէններ, գարեջուր եւ գինի:

     Ելոյթ պիտի ունենայ Հօշարեան եղբայրներու ծանօթ նուագախումբը, մասնակցութեամբ քանոնահար Լիլիթ Խոճայեանի եւ դուդուկահար Ալպէր Վարդանեանի: Հոն պիտի տեղաւորուին զանազան կրպակներ, վիճակահանութիւն, փոքրիկներու եւ մեծերու յատուկ խաղեր:

     Յաւելեալ տեղեկութեան համար հեռաձայնել (949) 432-6279 թիւին:

 

 ՎԵՐԱՄՈՒՏ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ

     Քաղաքիս հայկական  ամենօրեայ, շաբաթօրեայ, կիրակնօրեայ, մանկամսուրներ եւ միօրեայ այլ վարժարաններ սկսան իրենց կրթական նոր տարեշրջանին, որոնց կարգին պարախումբեր, մարզական, նկարչութեան, քարաթէի, ճատրակի եւ այլ տեսակի դպրոցներ, որոնք տարբեր ձեւերով ազգապահպանման գործը յառաջ կը տանին։ Բարի վերամուտ մեր բոլոր դպրոցներուն:

 

«ԽՈՍՏՈՒՄ» ՖԻԼՄԻ ԱՐՏԱԴՐՈՂԸ ԵՒ ԳՐՈՂԸ՝ ԹԵՐԻ ՃՈՐՃ ՊԻՏԻ ԳՆԱՀԱՏՈՒԻ

     Կիրակի, Հոկտեմբեր 8ին, Պեւըրլի Հիլզի «Հիլթոն» պանդոկին մէջ պիտի գնահատուի ամերիկեան ֆիլմաշխարհի մրցանակակիր, “The Promise” շարժապատկերի արտադրող եւ գրող Թերի Ճորճը՝ Հայ Դատի արեւմտեան շրջանի յանձնախումբին կողմէ Արուեստի բարձրագոյն մրցանակով:

     Այդ գնահատանքը տեղի պիտի ունենայ Հայ Դատի 2017ի տարեկան ճաշկերոյթ պարահանդէսի ընթացքին:

 

«ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ԵՐԳԵՐՈՒ ՄԱՐԳԱՐՏԱՇԱՐ»

     Շաբաթ, Օգոստոս 19ին Կլենտէլի Փրեսբիթերեան եկեղեցւոյ սրահին մէջ, Լոս Անճելըսի հայութեան պատմութեան մէջ նմանը չունեցող ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ: Այդ օր, տաղանդաւոր խմբավար եըաժիշտ Միքայէլ Աւետիսեանի ղեկավարած «Գորանի» ժողովրդական նուագախումբը եւ Իրանահայ Միութեան անուանի երգչախումբը եւ մենակատարները, հայկական երգերու գոհարները հանդիսացող փունջ մը երգեր երգելով արժանացան հազարի հասնող ներկաներու երկարատեւ եւ ջերմ ծափերուն: Արդարեւ, այդ երգահանդէսը իսկապէս յաղթանակ մըն էր թէ՛ հայ երգին, թէ՛ խմբավարին ու մանաւա՛նդ իրանահայերու սքանչելի երգչախումբին:          

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ