Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024

Շաբաթաթերթ

Յուշեր Մելգոնեանի ամարանոցը եւ… փոս

ՎԱՐԴԱՆ ԹԱՇՃԵԱՆ 

 

Սփիւռքի մէջ հայկական վարժարաններուն կատարած եւ կատարող դերին մասին չկայ հայ, որ ունենայ տարբեր կարծիք։ Այդուհանդերձ, դպրոց պահելը հոսանքին դէմ թիավարել է, որուն պատճառով ալ կորուստներ կ՚ունենանք, փակելով հայկական ամենօրեայ վարժարաններ։ Այստեղ, Լոս Անճելըսի մէջ, հսկայական զոհողութեան արդիւնք է հայկական վարժարան պահելը նիւթական իմաստով։ Վիճակագրական տուեալները դժբախտաբար տխուր են։ Ներկայ գրութիւնը, որքան ալ անցեալի յուշերու վերապրում մըն է, սակայն եւ այնպէս նոյն ցաւն է, Կիպրոսի Մելգոնեանի փակումին պատճառած ցաւը, որ կարելի է ընդհանրացնել Քանատայի, Եւրոպայի թէ Միջին Արեւելքի հայկական այլ վարժարաններու փակումով վերջին տասնամեակին, տարբեր պատճառներով։
Այլընտրա՞նք. այո, պէտք է։ Թող 6րդ Համահայկական համաժողովը այդ մասին քննարկում կատարէ եւ ծրագիր մշակէ։ Միայն Ռուսիոյ մէջ, քանի-քանի Մելգոնեաններու կարիքը ունինք։ Սակայն, արդեօ՞ք ամենօրեայ հայկական դպրոցին փոխարինող ուրիշ միջոցներ չկան. այո՛, կան։

«Նոր Օր»

 

Կար ատեն մը, շատ տարիներ առաջ, երբ՝ ամէն ուսումնական տարեշրջանի աւարտին, Մելգոնեանի գիշերօթիկի կեանքը իր շարունակութիւնը կը տեսնէր ամարանոցներու մէջ, մինչեւ վերամուտ, առ ի դիւրութիւն ուսանողութեան մեծամասնութեան, երբ չգոյ էին երթեւեկի այսօրուան հնարաւորութիւնները եւ հարկաւ անբաւարար՝ նիւթական պայմանները, որքան ալ որ կիզիչ բնոյթ կրէր ծնողք-զաւակ զիրար տեսնելու մարմաջը, ամիսներ տեւող բաժանումէ մը ետք: Եւ դարձեալ ծովեր ճեղքող նամակներուն կը վիճակուէր փոխադարձ այդ կարօտը մեղմելու մխիթարութիւնը:

Մեր առաջին տարին սակայն եղաւ նաեւ վերջի՛նը այս ճամբարային դրութեան: Անկէ ետք ա՛լ աշակերտութիւնը կը ղրկուէր տուն, ինչ ալ ըլլային պարագաները:

Կիպրոսի Թրոտոս լեռներու լանջին, դալարագեղ երեք բլուրներու ծոցին մէջ պարփակուած հմայիչ գիւղ մըն է Գագոբեթրիան, տանիքներու գորշ կղմինտրին եւ ծառերու պոռոտ կանաչին միաձուլումով ստեղծուած ներդաշնակութեան մը մէջ, մայր եկեղեցիի տիրական ներկայութեամբ ու դէպի Թրոտոս մագլցող մայրուղիին աջ կողմը պարզուող գեղանկարչային գրաւչութեամբ: Հակառակ ժամանակի սահանքին հետ կորսնցուցած իր անցեալի պարզութեան եւ անմեղութեան ու հետզհետէ զբօսաշրջիկային արդիական տարազ հագած նորաձեւութեան, գոհար այս գիւղին կեդրոնական ճամբան կը պահէ դեռ իր ինքնուրոյն գեղեցկութիւնը, պատմութիւնը, ժողովրդականութիւնը: Գլխաւոր հրապարակին մօտ, վերի ձիւներէն կազմուած երկու ապակեգոյն գետակներ զիրար կը համբուրեն պատմական կամուրջին ճիշդ տակը եւ գիրկընդխառն միահամուռ խշշոցով կը խուժեն վար, ճեղքելով գիւղն ու իր ծառաստանները, ի վերջոյ կեր հասցնելու ամբարտակի մը ձուկերուն: Բնութեան քերթողական ստեղծագործութիւն մը, որ անկուշտ կը պահէ կամուրջէն դիտող եւ զմայլող ոեւէ զգայուն սիրտ:

Ահա այս գիւղէն քանի մը քիլոմեթր աւելի վեր, Այ Նիքոլա կամ Այ Աննա պուրակներու գիրկին կը կառուցուէր ամառնային «վրանաքաղաք»ը, տեղացի թռչուններուն գեղգեղանքին, բարտիներու խարշափին եւ ձորէն հոսող գետակի գլգլանքին խառնելով Մելգոնեանի պարման-պարմանուհիներուն ոչ նուազ անմեղունակ կանչերը: Խորտուբորտ ընդարձակ տարածութեան մը մէջ կը լարուէին տասէն աւելի հսկայ վրանները՝ տղոց, աղջկանց, ուսուցիչներուն, ինչպէս նաեւ ճաշարան-սերտարանին համար: Այլ կառոյցներ էին լուացարանները, ճեմիշները եւ բացօթեայ բեմը: Ջուր եւ ելեկտրականութիւն կը հայթայթէր գիւղապետութիւնը: Կարճ հեռաւորութեան վրայ կը գտնուէր նաեւ բոլորին սիրելի աւազանը, որուն պաղ ջուրը կը փայփայէր իգական եւ արական մարմինները, տարբեր ժամերու հարկաւ…

Ամառնային կեանքը լեցուն կ’ըլլար միշտ: Ամէն առտու, նախաճաշէն եւ անոր յաջորդող կարճ դադարէն ետք, նոյն վրանին տակ կը սկսէր սերտողութեան պահը: Մելգոնեանի հարուստ մատենադարանին մէկ մասը հոն փոխադրուած ըլլալով, աշակերտները մի քանի ժամ կը զբաղէին ընթերցանութեամբ եւ կամ մուսաներով սնանողներուն համար՝ քերթուածներ ու արձակ էջեր հիւսելով, շուրջի բնութեան կամ սիրահարի մը մասին, հայերէն լեզուի մեր «Օշականեան» ուսուցչին՝ Պրն. Ն. Թամամեանին գնահատական ժպիտին արժանանալու յոյսերով:

Երեկոյեան ժամերը կը հարստանային գրական, երաժշտական, ընկերային, թատերական եւ արի-արենուշական ձեռնարկներու կազմակերպումով: Օրինակի համար՝ Օտեան-Կիւրճեանի «Չարշըլը Արթին Աղա» կատակերգութեան եւ Ճիաքոմէթթիի «Քորրատօ» տրամախօսութեան երկու յաջող բեմադրութիւնները, կարճ ժամանակի մը մէջ, յիշատակելի պահեր պարգեւեցին բոլորին: Տակաւին՝ խարուկահանդէս, Զուարթ երեկոյ, մրցանքներ, արշաւներ, մարզական խաղեր եւ այլ գործունէութիւններ ներքին կեանքին կու տային ճարճատուն վիճակ, «ձանձրոյթ»ը դարձնելով անծանօթ բառ: Եւ վերջապէս՝ կա՜ր Մելգոնեանցիին յատուկ ճեմելու պահը, տղայ-աղջիկ երբեմն միասին «Շատ մը սէրերու արշիպէղագոս» այդ մթնոլորտին մէջ, միշտ սակայն հերթապահներուն խուզարկու աչքերը եւ բարակ ջիղերը հանդարտ պահող բաղձալի կարգապահութեան մը սահմաններէն ներս:

Իսկ աւելի ուշ, երբ աստղերը սկսէին պսպղալ այդ չոր օդի մթագոյն կապոյտէն, աշակերտութեան կ’արտօնուէր շաբաթը անգամ մը իջնելու Գագոբեթրիայի բացօթեայ սինեման եւ վայելելու տարիքի պատշաճ ժապաւէն մը, թէեւ ամէն ֆիլմ յարմար էր դիտել այդ շրջանին, երբ չէին բուսած դեռ Հոլիվուտի այսօրուան գռեհկութիւններն ու վայրագութիւնները սպիտակ պաստառին վրայ: Այդ հաճոյքը սակայն մասամբ կը զեղչուէր, երբ անկէ ետք կիսախուփ եւ քնոտ աչքերով ու դժկամ՝ պէտք էր կտրել վերադարձի ճամբան, դարձեալ հետիոտն, հասնելու համար վրաններուն: Ասիկա զիկ-զակ այն ճամբան էր, որուն երկու կողմի պտղատու ծառերը կը ցուցադրէին իրենց ճոխ բերքը, ծանրաբեռնուած ու կորացած ճիւղերու վրայ: Յաճախ, գիւղ իջնող տղոց համար դժուար չէր փորձութեան ենթարկուիլ ու համտեսել եղանակի այդ թարմ պտուղները՝ տանձ, խնձոր, թուզ, խաղող այլ մանաւանդ՝ համեղ կեռասը, ինչ փոյթ թէ անոնց պակասը երբեք զգալի չէր ըլլար մեր ճաշացուցակին վրայ: Պահակի գաւազան, պոռչտուք, շունի հաչոց չէին սպառնար մեզի, որովհետեւ աչք գոցող բաց հրաւէր մը կար տեղացիներէն, գեղջուկի աւանդական հիւրընկալութեան եւ համբերութեան խառնուրդ՝ գթառատ վերաբերում մը հանդէպ՝ ամարանոցի բնակիչներուս, «Արմէնէուս» (հայերուս), այսինքն՝ ճակատագրակից ժողովուրդի մը զաւակներուն…

Ամառնային այդ ամիսներուն, մերթ ընդ մերթ մեզի այցելութեան կու գային ականաւոր դէմքեր: Տնօրէն Դանիէլ Ոսկեանը Հաստատութեան ինքնաշարժով Նիկոսիայէն լեռ կը բերէր օրուան հիւրը կամ հիւրերը եւ կը պտըտցնէր վրաններուն շուրջ, արդար հպարտութեամբ, մինչ մեզի կը հրահանգուէր կարգի դնել ամէն բան, առաւելագոյն չափով տպաւորելու համար այցելուները:

Երեկոյեան, ընթրիքէն ետք, աշակերտութիւնը կը հաւաքուէր բացօթեայ բեմին առջեւ, երկար նստարաններու վրայ, պլանքէթներով փաթթուած՝ հետզհետէ ցրտող օդին դէմ ու կը հետեւէր հանդէսի գեղարուեստական յայտագրին, որուն եզրափակիչ բաժինը կը վերապահուէր օրուան հիւրի պատգամին:

Այսպիսի առիթով մը, բարեբախտութիւնը ունեցանք վայելելու ֆրանսահայ հանրածանօթ գրող Շաւարշ Նարդունիի ներկայութիւնը: Ծանօթ ըլլալով անոր երկերուն, այս այցը յատուկ խանդավառութիւն ստեղծեց բանակավայրէն ներս:

Առտու մը, դեռ նոր բարձրացած լեռ, սերտարանի ընդարձակ վրանին տակ՝ խորասուզուած էինք մեզ շատ հետաքրքրող Րաֆֆիի եւ Ծերենցի պատմական վէպերուն եւ միւս կողմէն «Հառաչանքի կամուրջը», «Քամէլիազարդ կինը» կամ «Գահ եւ սէր» թարգմանական երկերու ընթերցումին մէջ, մինչ անդին, քանի մը տասնեակ մեթր հեռաւորութեան վրայ կը լսուէր շինութեան մը շարունակական թախ-թախը: Հաստատութեան տարիներու ատաղձագործը, բլուրի լանջին, երկու-երեք աշակերտի օգնութեամբ կառուցելու վրայ էր ուսուցիչներու ճեմիշը: Ճեմիշ, որ առաստաղի կարիք չէր ունենար սովորաբար: Փորած էին խորունկ փոս մը, ու կը փորձէին կանգնեցնել շուրջի պատերը եւ դռնակը:

Յանկարծ զօրաւոր թխրտոց մը եւ անոր յաջորդող թանձր փոշին բոլորին աչքերը դարձուց դէպի բլուր: Ուսուցիչ-աշակերտ բնազդաբար փութացինք օգնութեան: Ո՜ւշ էր: Վարպետը եւ օգնական տղաքը արդէն գլորած էին իրենց փորած փոսին մէջ, անճարակութեան մը իբր հետեւանք, ճեմիշի ապագայ պատերն ալ տապալելով իրենց վրան: Բարեբախտաբար վիրաւոր չկար, փոշին միայն…

Այո՛, փոս մըն էր, գոցուեցաւ, անցա՜ւ, վէրք չպատճառեց:

 

* * *

Իր հիմնադրութեան օրէն, այլաբանական իմաստով տեսակաւոր փոսեր շատ տեսաւ Մելգոնեանը, մարտահրաւէրներ, որոնք ատենին գոցուեցան, հարթուեցան, որովհետեւ տիրակա՛ն էր ոգին, միահամո՛ւռ կամքը եւ անվարա՛ն պայքարը բոլորին, ընդդէմ՝ Հաստատութեան մազի թելին դպչող որեւէ վտանգի, իբրեւ բարոյական պարտաւորութիւն մեծ Բարերարներուն երազի եւ կտակի ճամբուն վրայ:

Հակառակ այս դժուարութիւններուն սակայն, երբեք անստոյգ չէր եղած հորիզոնը այս հաստատակոթող կառոյցին, ձմե՛ռ թէ ամա՛ռ: Հայ տոհմիկ շունչին անմահացումը հո՛ն էր: Կեա՛նք նորոգող, սի՛րտ բաբախող, յոյսի կեդրոն սուրբ անունը՝ «Մելգոնեա՛ն»ը հո՛ն էր: Անոր լոյսը անհետացուցած էր խաւարը:

Մինչդեռ հիմա, ափսո՜ս, խաւա՛րն է անհետացուցած անոր լոյսը:

Ամէն անգամ որ անցած եմ Թրոտոսի ճամբէն, տեսած եմ Գագոբեթրիան, տուները՝ հոն, գետակը՝ հոն, բարտիները՝ հոն, բլուրները՝ հոն, բայց չէի տեսներ ալ վրանները, չէի տեսներ վառվռուն տղաքն ու աղջիկները, չէի՜տեսներ…

Ու հիմա, ամէն անգամ որ կ’անցնիմ Նիկոսիոյ Լիմասոլ պողոտայէն, կը տեսնեմ տխրամած զոյգ շէնքերը հո՛ն են, անտառի ծառերը հո՛ն են, վիլլան հո՛ն է, Բարերարներու դամբանը հո՛ն է, բայց չե՜մ տեսներ ալ մարդկային կեանք եւ շարժում անոնց շուրջ: Կը լսեմ թռչուններուն ծիւ-ծիւը, ծառերուն սօսափը, հովերուն հարազատ համբոյրը, բայց չե՜մ լսեր ալ՝ «Անմահ լուսոյ»ն, «Որքան դիցակերտ»ը, «Հրեշտակ զուարթուն»ը, «Իմ խենթ գարնան… հոգիս թեւաւոր»ը: Չեմ տեսներ ու չեմ լսեր այն ինչ որ անմոռանալիօրէն կը պայծառակերպուէր աչքերուս առջեւ, մտքիս մէջ, սրտիս վրայ, քանի որ, օ՜, ալ լռա՜ծ է դամբան նայող անցեալի հնչեղ զանգակը…

Ո՜վ կրնար երեւակայել, որ Թրոտոսի ճամբան եւ Լիմասոլի ճամբան, ճակատագրի անգութ խաղով պիտի նոյնանան օր մը, ամառնայինին հետ ձմեռնային Մելգոնեանն ալ թաղելով սրտաճմլիկ լռութեան նոյն փոսին մէջ…

Այս փոսը մեր սրտի՛ փոսն է, վէ՛րքն է եւ պիտի չգոցուի երբե՛ք, թէ՛ Մելգոնեանցիին եւ թէ խղճամիտ ոեւէ հայու համար, որքան ատեն որ չեն բացուիր դեռ «Լուսոյ տաճար»ին դռները ու խլրտած կը մնան պաշտելի Բարերարներուն աճիւնները, ուխտավա՜յր այդ դամբանին տակ, այսօր, տասներկու տարիներէ ի վեր:

 

Նիկոսիա, 15 Օգոստոս, 2017

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ