Կիրակի, Դեկտեմբեր 1, 2024

Շաբաթաթերթ

Վերամուտը Մերտինեան Հայ աւետարանական վարժարանէն ներս

Մերտինեան Հայ Աւետարանական Վարժարանը այն ապահով  միջավայրն է, ուր մանուկը կը յաճախէ, ո՛չ միայն ուսում ու գիտելիք ստանալու, այլ հոն կը թրծուի անոր նկարագիրն ու ազգային դիմագիծը։ Մերտինեան Հայ Աւետարանական Վարժարանը տարիներ շարունակ իր կրթական ծրագիրով, քրիստոնէական հաւատքով կը սպառազինէ հայ աշակերտը, որպէսզի ան դառնայ վաղուան առաջնորդ հայը։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 21ին, Մերտինեան Հայ աւետարանական վարժարանը, բոլոր հայ կրթօճախներուն հետ համատեղ, երկու ամիսներու վրայ երկարող ամրան արձակուրդէն ետք, իր դռները բացաւ իր աշակերտներուն ու ծնողներուն դիմաց ու 2017-2018 տարեշրջանը սկսաւ նոր տեսլականով, նոր մարտահրաւէրներով։

Բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ վարժարանիս «Արամ եւ Անայիս Տ. Պուլղուրճեան» սրահին մէջ։ Աշակերտներէն բացի ներկայ էին Վեր. Արա Չագրեան, վարժարանիս պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով ծնողներ։ Յայտագիրը սկսաւ պետական եւ ազգային ուխտով  եւ ապա քայլերգներով Տիկին Ալիս Տէր Գէորգեանի ղեկավարութեամբ եւ աշակերտներու կատարողութեամբ, որուն յաջորդեց Սաղմոս 121ի արտասանութիւնը, կրօնի բաժանմունիքի պատասխանատու Տիկ. Լենա Էքմէքճեանի առաջնորդութեամբ։

Վարժարանիս տնօրէնուհի Տիկ. Լինա Արսլանեանը բարի գալուստի խօսքերով  ողջունեց ներկաները եւ փառք տուաւ Աստուծոյ՝ իր ընծայած բարիքներուն եւ նոր ուսումնական տարեշրջան մը սկսելու առիթին համար։ Ան կարեւորեց հայկական կրթօճախներու դերը սփիւռքի մէջ հասակ առած մանուկի ինքնութեան ճանաչման ու ամրապնդման հոլովոյթին մէջ։ Դրուատեց ծնողները, որոնք գիտակից հայ վարժարանի դերին ի գին ամէն զոհողութեան յանձն կ՚առնեն իրենց մանուկը առաջնորդել դէպի հայ վարժարան։ Տիկին Արսլանեան վերջին խօսքը ուղղեց ծնողներուն, յանձնարարելով, որ սերտ կապեր ունենան դպրոցին հետ՝ կամաւոր ծառայութիւններ մատուցելով անոր։

Ապա, ան հրաւիրեց վարժարանիս հոգաբարձութեան կազմի ատենապետ՝ Դոկտ. Վահէ Նալպանտեանը։ Վեր. Արա Չագրեանի բարեմաղթութիւններով, օրհնութեան աղօթքով եւ տէրունական աղօթքի երգեցողութեամբ յայտագիրը վերջ գտաւ։ Աշակերտները ուղղուեցան իրենց  դասարանները՝ սկսելու իրենց 2017-2018 տարեշրջանի առաջին օրը։

Նոյն օրը ժամը 9։30ին տեղի ունեցաւ նաեւ Մերտինեան վարժարանի Նախամանկապարտէզի վերամուտի հանդիսութիւնը։ Վարժարանիս տնօրէնուհին բարի գալուստ մաղթեց բոլորին, անհրաժեշտ տեղեկութիւնները տուաւ ներկաներուն։ Sիկին Սիւզի Պարտաքճեանի աղօթքէն ետք, խօսք առաւ Նախամանկապարտէզի պատասխանատու Տիկ. Մարիժան Գէորգեանը, որ  իր կարգին ողջունեց հին ու նոր ծնողները, վստահեցնելով զանոնք, որ Մերտինեանի Նախամանկապարտէզին մէջ իրենց զաւակները պիտի վայելեն սէր, գուրգուրանք եւ հոգածութիւն։ Ապա բոլորը ուղղուեցան իրենց դասարանները։

Բարի վերադարձ դպրոց ու բարի տարի։

 

Թղթակցութիւնը՝ վարժարանէն

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ