Ուրբաթ, Ապրիլ 19, 2024

Շաբաթաթերթ

Օգնե՛նք Սուրիահայութեան. Վերամուտ…

Սեպտեմբեր ամիս… վերամուտ:

2017-2018 դպրոցական տարեշրջանի նոր սկիզբ: Ծնողներ, աշակերտներ եռուզեռի մէջ, դասագիրքերու փնտռտուք, համազգեստի ընտրութիւն, նոր ձեւի ու գոյնի պայուսակներ: Իւրաքանչիւր աշակերտ կը պատրաստուի սկսելու նոր տարեշրջան մը, ուսումնական նոր ծրագիր: Շատերու համար առաջին տարին է, մանկապարտէզ, ուրիշներու համար՝ վերջին տարին, շրջանաւարտ, իսկ ուրիշներ, տակաւին, երկար ճանապարհ ունին կտրելիք: Այլ խօսքով, ամէն տարուայ նման այս տարի ալ նոյնն է: Բայց արդեօք նոյնն է՞ պարագան Սուրիոյ հայութեան երեխաներուն, որոնք, վերջին 6 տարիներու ընթացքին, չունեցան բնականոն վերամուտ, թէկուզ եթէ առիթը ունէին եւ ունեցան յաճախելու դպրոց, բայց ահ ու դողի մէջ, մահն ու սարսափը իրենց ամենօրեայ ճանապարհորդակիցը:

Բայց տեսէք, ճիշդ է ըսուածը, «յոյսը ամօթով չի ձգեր»: Յոյսով ու հաւատքով ծնողներ իրենց երեխաները ղրկեցին դպրոց, որ այս ձախորդ օրերը «ձմրան նման կու գան ու կ՚երթան, վհատելու չէ, վերջ կ՚ունենան, կու գան ու կ՚երթան»: Նոյն այս յոյսի տեսիլքով, սուրիահայը կը շարունակէ նոր սկիզբ կերտելու, վերականգնելու եւ վերանորոգելու քարն ու հոգին, որոնք անցնող պատերազմական տարիներուն այս կամ այն ձեւով վնասուած էին:

Ահա նոյն այս յոյսով ու հաւատքով անցնող 6 տարիներու ընթացքին, ՍԱՐՖը եւս մօտէն հետեւեցաւ Սուրիոյ, ու մանաւանդ՝ հալէպահայութեան տագնապին, ոչ միայն իբրեւ դիտողի դերին մէջ ըլլալու, այլ՝ ի գին ամէն զոհողութեան, նիւթաբարոյական աջակցութիւնը բերելու, որպէսզի հայ մանուկը, երեխան ու պատանին ունենան առիթը յաճախելու դպրոց, սորվելու Մեսրոպեան այբուբենը, տեղեակ դառնալու հայոց պատմութեան այն էջերուն, որոնք կը պատմեն հայու խիզախ կեանքի փորձառութիւնը, որ ո՛չ մահը, ո՛չ ալ սուրը մեզ կրնան արգելք ըլլալ շարունակելու Աստուածապարգեւ այս կեանքը:

Այո, լրատուական միջոցները օրէ օր նոր յոյս կը ներշնչեն, ըսելու համար թէ քաղաքական կացութիւնը աւելի կայուն ու ապահով կը դառնայ շրջանէն ներս: Սա կը նշանակէ, թէ այս տարի երեխաները կրնան յաճախել դպրոց առանց ահ ու դողի, վախ ու սարսափի: Այս տարի կարծէք արցունքի փոխարէն ժպիտով եւ ուրախութեամբ պիտի դիմաւորեն նոր տարեշրջանը: Վստահաբար, կարօտի զգացումներով լեցուն են, որ պիտի տեսնեն իրենց դասընկեր¬դասընկերուհիները: Բայց ո՞վ գիտէ, մի գուցէ արդէն շատեր հեռացած են Հալէպէն, հաստատուելով Լիբանան, Հայաստան եւ կամ հեռաւոր ափեր՝ Քանատա, Աւստրալիա եւ այլուր:

Ինչպիսին ալ ըլլան պարագաները, ՍԱՐՖը կը շարունակէ ու պիտի շարունակէ օժանդակել, եւ 3000է աւելի օգնութիւն ստացած աշակերտներուն թիւը բարձրացնելու, որպէսզի հայ աշակերտը յաճախէ դպրոց, ստանայ բարձրագոյն ուսում, նուաճէ բարձունքներ, անով դառնալու վաղուան մարդը, պատրաստ ամէն տեսակի դժուարութիւններ յաղթահարող:

ՍԱՐՖի այս աշխատանքը առանձին աշխատանք մը չէ, այդ բոլորը կը պարտինք մեր սիրելի ժողովուրդի զաւակներուն, որոնք ի գին ամէն զոհողութեան իրենց գրպանները լայն բացին, որպէսզի օժանդակեն Սուրիոյ հայութեան մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն, մանաւանդ՝ մեր երեխաներուն, որոնք գալիք սերունդն են:

Սեպտեմբեր ամիս… վերամուտ:

Շարունակենք մեր երթը…        

 

ՐԱՖՖԻ ՔԷՆՏԻՐՃԵԱՆ

ՍԱՐՖի Ատենապետ

 

Սեպտեմբեր 2017

 

Յ. Գ. Ձեր սիրայօժար նուէրները կրնաք ուղարկել հետեւեալ հասցէին.

SARF, P.O. Box 1948, Glendale, CA 91209  

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ