Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Գարեգին Բ. յայտարարած է, թէ այլընտրանք չունի արցախցիին ազատ եւ անկախ կեանքը

Անցեալ Ուրբաթ օր, Մոսկուայի մէջ, երեք հոգեւոր առաջնորդներ՝ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը, Մոսկուայի եւ hամայն Ռուսիոյ Քիրիլ պատրիարքը եւ Կովկասի իսլամներու ղեկավար Ալլահշուքուր Փաշազատէն ունեցած են եռակողմ հանդիպում մը, որուն ընթացքին արծարծուած է արցախեան տագնապը։ Անոնք հանդէս եկած են միացեալ յայտարարութեամբ, նշելով, թէ տարակարծութիւնները կարելի է յաղթահարել յենուելով բարիդրացիութեան սկզբունքներու եւ աւանդական կրօններու կողմէ քարոզուող բարոյական արժէքներու վրայ։

Իսկ Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքին մէջ ըսած է. «Հակառակ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահների հանդիպումների արդիւնքում կատարուող յայտարարութիւնների, հոգեւոր առաջնորդներիս կոչերի եւ պատգամների՝ այսօր հրադադարի պայմաններում շարունակում է լարուած մնալ իրավիճակը սահմանագծում, շարունակում են զոհուել զինուորներ եւ երբեմն նաեւ սահմանամերձ բնակավայրերի խաղաղ բնակիչներ: Յատկապէս մտահոգիչ ենք համարում քաղաքացիական բնակչութեան թիկունքում պատսպարուելու եւ այն միտումնաւոր թիրախի վերածելու դէպքերը: Սահմանից անդին չեն դադարում ռազմատենչ կոչերը, աճող սպառազինութեան վերաբերեալ յայտարարութիւնները: Այս ամէնը մեծապէս վտանգում է փոխվստահութեան եւ փոխըմբռնողութեան ոգու մթնոլորտի ձեւաւորմանն ուղղուած ջանքերը եւ, սասանելով արդէն իսկ փխրուն հրադադարը՝ վերափոխում հակամարտութեան ուժգնացման մի նոր իրողութեան, որին ականատես դարձանք 2016 թուականի Ապրիլին, երբ ատրպէյճանական զինուած ուժերի կողմից սանձազերծուեցին լայնամասշտաբ ռազմական գործողութիւններ: Ամէնքիս յայտնի է այդ օրերի ժամանակագրութիւնը՝ փաստագրուած նաեւ միջազգային հանրութեան կողմից, մարտի դաշտում զոհուած զինուորների, ինչպէս նաեւ խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ կատարուած խոշտանգումները, վայրագութիւններն ու բռնութիւնները, պատճառուած կորուստներն ու աւերները։ Մեր տարածաշրջանում խաղաղութիւնն այլընտրանք չունի, ինչպէս եւ՝ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորումը՝ բացառապէ՛ս բանակցութիւնների միջոցով: Այլընտրանք չունի՛ նաեւ Արցախի մեր հաւատաւոր ժողովրդի ազատ եւ անկախ կեանքը»:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ