Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Ալեկոծութիւն Երուսաղէմի (Յունաց) Պատրիարքարանէն ներս

Սուրբ Տեղեաց մէջ անշարժ գոյքի վաճառքը կը գտնուի իսրայէլական, պաղեստինեան եւ յորդանանեան իշխանութիւններու մանրացոյցին տակ: Թէոֆիլոս պատրիարքի քայլերը, հակազդեցութիւններ եւ քաղաքական վտանգը:

 

 

ՄԱՐԻԱ ԱՆՏՈՆԻԱՏՈՒ

 

Սուրբ Տեղեաց մէջ իր տրամադրութեան տակ գտնուող անշարժ հարստութիւնը Երուսաղէմի Պատրիարքութեան համար դարերու ընթացքին վերածուած է «անէծք»ի: Սուրբ գերեզմանի եղբայրութեան միաբանները, 4րդ դարու «Իմաստուններու Ուխտի» յետնորդներ, կարողացած են կեդրոնացնել անշարժ հարստութիւն մը, որ Երուսաղէմի Պատրիարքարանը կը դասէ Իսրայէլի եւ Պաղեստինեան իշխանութեան մեծագոյն հողատէրերու ցանկին մէջ: Արեւմտեան, Արեւելեան Երուսաղէմի եւ Հին Քաղաքին, Բեթղեհեմի եւ Յորդանանի Ամման մայրաքաղաքին մէջ կառուցուած են հիւրանոցներ, շէնքեր, թանգարաններ, զբօսայգիներ, դպրոցներ եւ ապարանքներ Պատրիարքարանին պատկանող հողերու վրայ: Պատրիարքարանի մը, որ վերջին երկու ամիսներուն կ’ապրի անշարժ գոյքի վաճառքի նոր «սքանտալ»ի մը հոլովոյթին մէջ:

 

Տասնեակ էյքըրներ «պատերազմի պատճառ»

Կը թուի թէ իսրայէլական, պաղեստինեան եւ յորդանանեան իշխանութիւնները կեդրոնացած են երկու պարագաներու վրայ:

Առաջինը կ’առնչուի Արեւմտեան Երուսաղէմի հողակտորներու վաճառքին – տասնեակ էյքըրներ Իսրայէլի իշխանութեան պատկանող շրջաններու մէջ: Անոնք 40ական եւ 50ական թուականներուն 99 տարուան համար վարձու տրուած էին Երուսաղէմի պատրիարքներ՝ Տիմոթէոսի եւ Պենեդիկտոսի կողմէ: Միջանկեալ մօտ 70 տարիներու ընթացքին ատենի այգիներն ու արտերը վերածուեցան զուարճութեան վայրերու, շքեղ բնակարաններու, մինչ շրջանի մէկ հատուածին վրայ կը գտնուի տակաւին եբրայական թանգարանի մաս մը:

Ամրան սկիզբը շրջանի իսրայէլացի բնակիչները ըմբոստացան Երուսաղէմի պատրիարքարանին եւ Թէոֆիլոս պատրիարքին դէմ, որովհետեւ Երուսաղէմի քաղաքապետարանին ներկայացուած հաստատագրեր կը յանգեցնէին այն եզրակացութեան, թէ սուրբ գերեզմանի եղբայրութիւնը դիմած էր տարածքի ամբողջական վաճառքին: Եղելութիւնը պատճառեց հսկայական իրարանցում, քանի վարձակալութեան նախորդ պայմանագիրներու ժամկէտը կը լրանար 2050ին: Կալուածներու վարձակալներուն պայմանագիրները ի զօրու էին երեսուն տարի եւս: Փոխուած էր անգամ «սեփականատէր» ընկերութիւնը եւ չէին կրնար այլեւս բանակցիլ Jewish National Fund-ի (JNF) հետ, այլ նոր ընկերութիւններու, որ ըստ երեւոյթին կը ներկայացուին Երուսաղէմի երկու ծանօթ փաստաբանական գրասենեակներէ, որոնք կը պատկանին Noam Ben David-ին եւ Ephraim Abramson-ին: Վերջնական վաճառումները, որոք կը թուին կատարուած ըլլալ 2011ին եւ 2016ի ամրան, կը բացայայտուին այսօր Քաղաքապետարանին ներկայացուած փաստատուղթերու եւ կալուածներուն պարտադրուած տուրքին միջոցաւ:

Կը գնահատուի թէ ըմբոստացող բնակիչները կառավարութեան եւ խորհրդարանին շատ մօտիկ իսրայէլացիներ են, որոնք կը պահանջեն մնալ իրենց կալուածներուն վրայ, վախնալով միաժամանակ վարձքերու յաւելումէն եւ վտարման կարելիութենէն: Ուժեղ են նաեւ JNF-ի (հիմնուած 1901ին) դատական եւ քաղաքական միջամտութիւնները, որոնք կը միտին շրջանի գնման եւ զարգացման – շրջան, որ ատենին կը պատկանէր Օսմանեան կայսրութեան եւ աւելի ուշ անցաւ բրիտանական գերիշխանութեան, որպէսզի այնտեղ հաստատուին Եւրոպայի հրեայ բնակչութիւնները: Յատկանշական է, որ նշեալ ընկերութիւնը – ինչպէս նաեւ Երուսաղէմի պատրիարքարանը եւ շրջանի սեփականատիրական իրաւակարգը – կը կազմէր Ազգերու Լիկայի (ԱԼ) – նախընթացը Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) – նիստերուն հիմնական սիւներէն մին:

 

Արդարութիւն Հին Քաղաքին

Նոյն ատեն տարբեր հարց մը, որ կը ծագի 2000ի տասնամեակին սկիզբը, կու գայ դարձեալ խանգարելու սուրբ գերեզմանի եղբայրութեան միաբաններուն կեանքը: Մասնաւորապէս, Յուլիսի վերջաւորութեան հրապարակուեցաւ որոշումը Երուսաղէմի նախադատ ատեանին, որուն հայցով դիմած էր պատրիարքարանը ընդդէմ Երուսաղէմի Հին Քաղաքի «Իմփիրիալ» եւ «Փէթրա» հիւրանոցներու երկարամեայ վարձակալութեանց, որոնց ձեռնարկած էր Իրինէոս Պատրիարք: 99ամեայ վարձակալութիւնը, Ateret Cohanim կազմակերպութեան շահերը հետապնդող ընկերութեան մը կողմէ, որ կը կարծուի թէ կը պատկանի Միացեալ Նահանգներու ուղղափառ հրեաներուն եւ նպատակ ունի Երուսաղէմի Հին Քաղաքին մէջ իրավիճակ (status quo) ստեղծել,– բան մը որ համաշխարհային համայնքին կողմէ չէ որոշուած,– բռնկիչ կայծը հանդիսացաւ Իրինէոս Պատրիարքի անկումին եւ միաբաններու շարքերուն վերադասուելուն:

Դատարանի որոշումը կը սահմանէ, թէ այդ երկարամեայ վարձակալութիւնները օրինաւոր են եւ կը մերժէ Թէոֆիլոս Պատրիարքի եւ Սուրբ Սիւնոտի հայցը՝ համաձայնագիրը չեղեալ համարելու: Որոշումի հրապարակումը «ահազանգ» հնչեցուց Պատրիարքարանէն ներս եւ Թէոֆիլոս յատուկ ժողովի հրաւիրեց Սուրբ Տեղեաց բոլոր քրիստոնէական եկեղեցիներու, ուխտերու եւ համայնքներու ներկայացուցիչները, որպէսզի պատասխան տրուի: Հանդիպում մը, որ տեղի ունեցաւ անոր Յորդանան եւ մայրաքաղաք Ամման այցելութենէն մի քանի օր առաջ, որովհետեւ Երուսաղէմի Պարիարքարանը Անդրյորդանանի օրերէն կը հանդիսանայ Յորդանանեան հաստատութիւն եւ հերթական թեկնածու պատրիարքները կը կրեն յորդանանեան հպատակութիւն: Եւ յորդանանեան հողի վրայ Թէոֆիլոս յայտարարեց, թէ պիտի դիմէ նոյնիսկ Իսրայէլի Բարձրագոյն ատեանին պատրիարքարանին արդարութիւն ապահովելու նպատակով: Աւելին, ան խնդրեց եւ ստացաւ արդէն Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի զօրակցութիւնը:

 

Որոնելով քաղաքականապէս ուղղափառ հաւասարակշռութիւնը

Յորդանան կը թուի հաւասար հեռաւորութիւններ պահել, հակառակ այն ճնշումներուն, որ կը կարծուի թէ Երուսաղէմի պատրիարքին դէմ կը բանեցնեն Ամմանի Խորհրդարանին մաս կազմող պաղեստինեան ծագումով անդամներ: Ղազի իշխանը, Ապտալլա թագաւորին զարմիկը, որուն վստահուած են Յորդանանի Հաշեմական թագաւորութեան կրօնական հարցերը, քայլ առ քայլ կը հետեւի ծագած խնդիրներուն: Մուհամմէտի 43րդ ժառանգորդը՝ Ապտալլա թագաւորը կը սերի արաբ Քուրայիշ ցեղապետի ընտանիքէն, որ իր կարգին ծագում ունի Իսմայէլ մարգարէէն: Սերտ են սակայն յարաբերութիւնները Երուսաղէմի պատրիարքարանին հետ եւ իր, ինչպէս նաեւ հօր՝ Հիւսէյինի, դիմանկարները կը զարդարեն Երուսաղէմի պատրիարքարանին գահի սրահը, որ կը գտնուի Երուսաղէմի հին քաղաքին կեդրոնը եւ միակ մնացորդն է թերեւս Անդրյորդանանի ժամանակէն եւ 6օրեայ պատերազմէն, ուր գերիշխեց իսրայէլական բանակը: Իսկ ուղղափառ քրիստոնեայ յորդանանցիները երկրի կարեւոր տարրը կը ներկայացնեն:

Կը թուի թէ Իսրայէլի կառավարութիւնը ճնշումի տակ է սեփականատէր փոխած շրջաններու բնակիչներէն, ներգրաւուած գործարարներէն, կազմակերպութիւններէն, այլ նաեւ խումբ մը խորհրդարանի անդամներէ: Իսկ Երուսաղէմի պատրիարքարանէն ներս շատեր կը գնահատեն թէ այս հակազդեցութիւններու ետին կան այլ պահանջներ եւս:

Պաղեստինեան Իշխանութիւնը, իր կողմէ, կը բողոքէ վաճառքին դէմ: Հանրային ելոյթներով եւ բողոքներով, որոնք գլխաւորաբար կ’արտայայտուին ուղղափառ քրիստոնեաներու կողմէ: Ինչպէս, սակայն, կը մատնանշեն Թէոֆիլոսի սերտ գործակիցներ, Երուսաղէմի պատրիարքարանը, որ, ըստ գնահատումներու, կը հանդիսանայ պաղեստինեան հողերու մեծագոյն սեփականատէրը, այդ շրջաններուն մէջ եւս տարածքներ տրամադրած է ուղղափառ քրիստոնեաներու կարիքներուն համար: Ու կառուցած է դպրոցներ եւ բարեսիրական հաստատութիւններ:

Այն իրողութիւնը, սակայն, թէ Երուսաղէմի պատրիարքարանը կը հանդիսանայ երկրորդ մեծագոյն կալուածատէրը Իսրայէլի հողերուն վրայ, ուր կառուցուած են նոյնիսկ Իսրայէլի Խորհրդարանը, Ռաբբունապետութիւնը եւ «Քինկ Տէյվիտ» հիւրանոցը, յիշարժան կէտ մը երկրին համար, միշտ պատճառ պիտի ըլլայ բախումի, առերեսումի եւ պատրուակ՝ միջ-եկեղեցական ընդհարումներու: Եւ հակառակ անոր, որ շատերու համար Արեւմտեան Երուսաղէմի միջազգային իրաւակարգը վճռուած է, Հին Քաղաքը այնտեղ է – «անխախտ պահակը», որ կը պարփակէ Յարութեան Տաճարը, Օմարի Մզկիթը եւ «Հրեաներուն խոստացուած» երկիրը – մինչ միջազգային հանրութիւնը չի լուծեր տակաւին ազգային իշխանութեան հարցը, անոր «մեծ սեփականատէրը» անգամ մը եւս կ՚ապրի յորձանուտին մէջ պահանջներու եւ տնտեսումին այն հարստութեան՝ որ դարերու ընդմէջէն իրեն ժառանգ թողուցին պատմութիւնը եւ սուրբ գերեզմանի յունական ծագումով կղերականները:

 

Յունարենէ թարգմ. Երանուհի Ղազարեան

 

«Թօ Վիմա», 3 Սեպտեմբեր 2017

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ