Աջակցութեամբ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան, Սեպտեմբեր 20ի երեկոյեան ժամը 4:00ին Հայաստանի Ազգային գրադարանի «Թամանեան» մասնաշէնքի մեծ դահլիճին մէջ նշուած է Պէյրութի «Զարթօնք» օրաթերթի 80ամեակը։
Յայտագիրին մէջ ընդգրկուած էր «Զարթօնք»ի վերաբերող արխիւային նիւթերու ցուցահանդէս, որմէ ետք խօսք առած են օրուան զեկուցաբերները։
Միջոցառումը իր ներկայութեամբ պատուած է Սփիւռքի փոխնախարար Սերժ Սրապիոնեան, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին ներկայացուցիչը՝ Գերշ. Շահան արքեպիսկոպոս Սարգիսեան:
Ներկայացուած եւ քննարկուած են շարք մը կարեւոր նիւթեր, որոնց աւարտին պատուըուած է «Զարթօնք»ի ամենաառաջին գրաշարը՝ Արժա. Տէր Մովսէս աւագ քահանայ Ղուկասեանը:
«Զարթօնք» յատուկ թիւով պիտի անդրադառնայ 80ամեակի նշումին, հրատարակելով զեկուցումները։
Մեր շնորհաւորութիւնները։
Անաչառութեան եւ առարկայնականութեան տասնամեակներ շարունակ հաւատարիմ՝ ի սկզբանէ որդեգրած սկզբունքներուն: Այսպէս բնորոշեցին Լիբանանի «Զարթօնք» օրաթերթի անցած ուղիին մասին մտաւորականները, գիտնականներն ու հասարակական գործիչները: Հայաստանի ազգային գրադարանի մէջ հանդիսաւորութեամբ նշեցին «Զարթօնք» օրաթերթի հիմնադրման 80ամեակը: Օրաթերթի աշխատակիցները, գործընկերները իրենց շնորհաւորական խօսքը կ’ուղղէին՝ անդրադառնալով օրաթերթի ձեռքբերումներուն:
ՀՀ Սփիւռքի փոխնախարար Սերժ Սրապիոնեանի խօսքով, այս թերթը, գործունէութեան 80 տարիներու ընթացքին, տքնաջան ծառայեր է իր երկրին ու ժողովուրդին:
«Անկախ այն բանէն, թէ ինչ ժամանակաշրջան է, այս թերթը կանգնած է Հայաստանի, հայ ժողովուրդի կողքին: Կապ չէ ունեցած, թէ ովքեր եղեր են խմբագիրները, թղթակիցները, ինչ համաշխարհային տեղաշարժեր արձանագրուեր են, «Զարթօնք»ը հաւատարիմ մնացած է իր սկզբունքներուն», ըսաւ Սերժ Սրապիոնեանը: Փոխնախարարը ընդգծեց, որ ան կրնայ լաւ օրինակ դառնալ ուրիշ լրատուամիջոցներու համար:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառին ներկայացուցիչ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանը «Արմէնփրէս»ի հետ զրոյցի ժամանակ նշեց, որ «Զարթօնք» օրաթերթի գոյութիւնը պարզապէս տեղեկատուութիւն հաղորդել չէ, ան շատ աւելի լուրջ գործ կատարած է հայ համայնքին մէջ:
«Նշեմ, հիմանական երկու ուղղութեամբ կատարած աշխատանքը՝ ազգային գիտակցութեան բարձրացում, ազգային արժէքներու դաստիարակութիւն: Այդ ամէնը կ՚ենթադրէ հայեցի կրթութիւն, հայոց լեզուի պահպանում եւ զարգացում: Այս տարիներու ընթացքին թերթը առանձնացեր է նաեւ ապագայի նկատմամբ լաւատեսութիւն դրսեւորելու տեսանկիւնէն»,– ըսաւ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանը:
Թերթը այս մակարդակին հասեր է բազմաթիւ դժուարութիւններու մէջէն անցնելով: Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանը նկատեց, որ Սփիւռքի մէջ ընթերցողը հայալեզու մամուլին մօտիկ պահելը արդէն դժուար է: Կան նաեւ նիւթական դժուարութիւններ մամուլը պահելու տեսանկիւնէն: Անոնցմէ բացի, համացանցային մամուլի զարգացմանը զուգահեռ տպագիր մամուլը որոշակի յետքայլ կ’ապրի:
«Դժուարութիւններ ժամանակին եղեր են, ներկայիս ալ կան: Արդեօ՞ք պէտք է գոցել զայն: Անշուշտ որ ոչ: Ամէն գնով պէտք է պահել մամուլը, որովհետեւ ան հայ խօսքը փոխանցողն է»,– ըսաւ Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանը:
Տարբեր երկրի մէջ 80 տարի օրաթերթը հրատարակելը արդէն հերոսութիւն է: Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէն Տիգրան Զարգարեանի հայեացքն է:
«Թերթ հրատարակելը դժուար աշխատանք է՝ նիւթեր հաւաքել, խմբագրել, սրբագրել, գրաշարել, թղթակիցներու, ընթերցողներու հետ աշխատիլ եւ այլն՝ ամէն օր: Այս մէկը կը կատարուի այլ երկրի մէջ յանուն հայ մարդկանց հայեցի դաստիարակութեան: Փորձը ցոյց կու տայ, որ այն համայնքներու մէջ, ուր կայ հայկական մամուլ, հայոց լեզուի պահպանումը շատ աւելի բարձր մակարդակի վրայ է»,– ըսաւ Տիգրան Զարգարեան:
«Զարթօնք»ը իր գործունէութեան տարիներուն ուշադրութեան կեդրոնը պահեր է ինչպէս հայերը կապող խնդիրները, այնպէս ալ միջազգային կարեւոր իրադարձութիւնները: Թերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեանը «Արմէնփրէս»ի հետ զրոյցի ժամանակ նշեց, որ գալիք օրերուն պիտի շարունակուի աշխատանքը նոյն սկզբունքներով:
«Սփիռքի մէջ 80 տարի հայերէն թերթի գոյութիւնը արդէն յաղթանակ կը վերագրէ: Թերթը բազմաթիւ իրադարձութիւններու անդրադարձած է՝ պահպանելով առարկայնականութիւնը ու անաչառութիւնը»,– ըսաւ Սեւակ Յակոբեան:
Այսօր թերթը, որպէս տպագիր մամուլ, որոշ դժուարութիւններու առջեւ կանգնած է: Սեւակ Յակոբեանը ընդգծեց, նոյնիսկ մէկ ընթերցողի պարագային թերթը պիտի տպագրուի՝ զուգահեռ օգտագործելով համացանցային նորագոյն միջոցները: Ան տեղեկացուց նաեւ, որ սկսած են թերթի արխիւը թուարկելու գործընթացին։