Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Իմաստախրատներ

ԶԵՆՈԲ ՔՀՆՅ. ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ

 

“Love all, trust a few, do wrong to none.” 

William Shakespeare

«Սիրէ ամէնքը, վստահէ քիչին, մի՛ վնասեր ոչ ոքի»:

Ուիլիըմ Շէքսփիր

 

Մեծն Շէքսփիրն է, որ դարերուն ընդմէջէն կը խօսի համայն մարդկութեան եւ իր իմաստուն պատգամները կը փոխանցէ աշխարհին:

Աշխարհահռչակ անգլիացի գրող` Շէքսփիր, համամարդկային խորունկ հարցեր արծարծած է իր չքնաղ գրութիւններուն մէջ: Ան նկարագրած է մարդը իր ամբողջութեան մէջ, իր բնաւորութիւնը, նկարագիրը, խառնուածքը, հոգեբանութիւնը, հոգեկան ներքին ապրումները, բարդ ծալքերը, հակասութիւնները եւն.: Չկայ աւելի մեծ գրող, որ կրցած ըլլայ թափանցել մարդկային միտքէն ու սիրտէն ներս, որքան`Շէքսփիր: Ան անդրադարձած է մարդկային բոլոր տկարութիւններուն, թերութիւններուն, ողբերգութիւններուն. մէկ առ մէկ նշած է մարդկային արատները, պակասութիւնները, ծիծաղած մարդկութեան վրայ, պախարակած զինք ու զգաստութեան հրաւիրած: Հանճարեղ հեղինակը կրցած է խորաչափել մարդկային հոգին, եւ արտաբերել անոր տարօրինակ ու անընդունելի վարքագիծերը: Դարագլուխ կազմող գործերուն մէջ, ան վարպետօրէն կը բացայայտէ այն ինչ բարոյապէս կը սնանկացնէ մարդս ու կը ստորնացնէ: Մեծ յանդգնութեամբ անոր թերութիւնները մատնանշելով, հեղինակը կ’ակնկալէ որ ան ուղղութեան գայ: Շէքսփիրի գործերը խրատալից են ու բարոյալից: Ան կը պայքարի խաւարամտութեան, տեղայնամտութեան, անհանդուրժողութեան եւ անմարդկայնութեան դէմ: Անոր գործերը պիտի մնան անմահ, վասնզի կը վերաբերին համայն մարդկութեան եւ բոլոր ժամանակներուն:            

«Սիրէ ամէ՛նքը»: Սիրոյ գաղափարախօսութիւնը, ըստ երեւոյթին, առաջնակարգ տեղ կը գրաւէ մեծ գրողին համար: Սիրոյ մէջ ան կը գտնէ գաղտնիքը կեանքին, որովհետեւ առանց սիրոյ ու յարգանքի կարելի չէ գոյատեւել ու յարաբերիլ: Սէրն է որ կը մէկտեղէ մարդկութիւնը եւ խաղաղ պայմաններ կը ստեղծէ որպէսզի մարդիկ ապրին համերաշխ մթնոլորտի մէջ: Սէրն է որ յառաջ կը մղէ մարդս օգտակար գործունէութիւն վարելու եւ դառնալու արդիւնաբեր:

Սիրոյ անդրադարձած են աշխարհի բոլոր մեծութիւնները: Մեր Տէրը` Քրիստոս, իր վարդապետութիւնը հիմնած է սիրոյ վրայ: Ան իր բովանդակ առաքելութեան կորիզը դարձուց սէրը: Աստուածային սէր ու ներողամտութեան անսահման ոգի ցուցաբերեց մարդկութեան հանդէպ եւ ուսուցանեց սիրել նոյնիսկ թշնամին եւ ներել անոր յանցանքը:

Քրիստոս լաւ գիտէր որ համայն աշխարհին սէր կը պակսէր: Տեսաւ, թէ ինչպէս մարդիկ զիրար կ’ատէին, կը զրպարտէին, կը կոշկոճէին ու կը սպաննէին: Ան սէրը դարձուց հիմնական լուծում ու լաւագոյն սպեղանի` մարդկութեան բոլոր հարցերուն: Սէրը այնպիսի մագնիսական ուժ ունէր որ ամէնքը իրեն պիտի քաշէր եւ միացնէր:

Շէքսփիր իբրեւ համամարդկային հարցեր արծարծող համաշխարհային դէմք, կը կրկնէ սիրոյ անհրաժեշտութիւնը, որովհետեւ անոր մէջ կը տեսնէ անկրկնելի ու անչափելի մեծութիւն մը: Առանց սիրոյ աշխարհը պարապ է ու կեանքը` իմաստազուրկ:

«Վստահէ քիչի՛ն»: Վստահութիւնը շատ նուիրական զգացում է, որ մարդս կը տածէ իր նմանին հանդէպ: Վստահութեան վրայ հիմնուած է մարդկային կեանքը: Իրարու վստահելով է որ կեանքը կը յառաջանայ, կը բիւրեղանայ, կը դիւրանայ: Վստահութիւնը, իրօք, շատ մեծ դեր կը խաղայ հասարակական կեանքէն ներս: Առանց իրարու հանդէպ վստահութիւն ունենալու, չենք կրնար բնական կեանք ապրիլ: Վստահութիւնը անստգիւտ, աննման առաքինութիւն է, որ պէտք է ի գործ դրուի բոլորին կողմէ, բայց Շէքսփիր մեզի կը զգուշացնէ, որ ամէնքին հանդէպ լիովին վստահութիւն չտածենք, որովհետեւ մարդս տիրացած է պատրելու արուեստին: Մարդուն պատրանքներով ներշնչելու, խաբելու եւ մոլորեցնելու համար, ամէն ճիգ կը գործադրուի այսօր: Շէքսփիր կը յորդորէ մեզի դիւրութեամբ եւ միամտութեամբ չվստահիլ մեր շրջապատի մարդոց, որովհետեւ կրնան անկեղծ չըլլալ: Կեղծիքը իրօք որ տիրական է մեր շուրջ. ան մեծամեծ վնասներ պատճառած է մարդկութեան եւ վիհ գլորած անմեղ զոհեր:

Վերստին կրկնենք. վստահութիւնը խիստ կենսական է մարդկութեան համար: Մարդս ծնած է վստահութեամբ եւ ի բնէ օժտուած է վստահութիւն ցուցաբերելու դիմացինին: Ինչքան դժբախտ է մարդը, երբ ան կը հանդիպի անպարկեշտ մարդկանց անպատասխանատու արարքներուն: Ներկայիս, մարդկութիւնը կը տառապի անուղիղ, անպարկեշտ ու ապաբարոյ մարդկանց կործանարար արարքներէ: Թիւը շատ մեծ է այն մարդկանց, որոնք կորսնցուցած են խիղճ ու գիտակցութիւն, եւ օրնիբուն կ’աշխատին յօգուտ իրենց անձերուն, շահին ու հանգիստին:

Վստահութիւնը ձեռք չի ձգուիր դիւրութեամբ, այլ կը շահուի դժուարութեամբ` կեանքով, փորձով, քրտինքով: Վստահութիւնը սերտ աղերս ունի մարդուն բնաւորութեան ու նկարագրին հետ: Առանց ուղիղ բնաւորութեան ու մաքուր նկարագրի, մարդս չի կրնար վստահութիւն ներշնչել իր նմանին: Երանի՜ այն մարդուն, որ վստահելի է ամէն արարքի մէջ: Կասկած յարուցող անձը չի՛ կրնար հաւատարիմ ու արժանահաւատ համարուիլ: Մարդիկ հաւատք չեն ընծայեր անձի մը, որ փորձած է զանազան անուղիղ կամ անպարկեշտ միջոցներով յառաջանալ կեանքի մէջ: Հաւաստիութիւնը կասկածէ հեռու պէտք է ըլլայ միշտ:     

«Մի՛ վնասեր ոչ ոքի»: Աշխարհի մարդկութիւնը բարոյապէս իրարու հաշուետու է: Ո՛չ ոք իրաւունք ունի վնասելու դիմացինը որեւէ պատճառով: Այսօր, ազգամիջեան ատելավառ զգացում, թշնամութիւն, ահաբեկչութիւն, զաւթիչ քաղաքականութիւն գոյութիւն ունին ամէնուրեք: Մարդիկ լարուած են իրարու դէմ եւ պատրաստ` զիրար յօշոտելու: Հիները կ’ըսէին` “Homo homini lupus est”, որ թարգմանի` «Մարդը մարդուն գայլ է»: Ո՛չ մէկ բան փոխուած է այժմ: Մարդս հետամուտ է վնաս պատճառելու դիմացինին, հրդեհելու, ոչնչացնելու: Չինացի մեծ իմաստասէր, ուսուցիչ, քաղաքագէտ եւ ազդեցիկ դէմք` Քոնֆիւկիւս (551-480 Ք.Ա.), ատենին տուած է ոսկի պատուիրան մը` «Մի՛ ըներ ուրիշին այն, ինչ որ չես ուզեր որ ուրիշը քեզի ընէ»: Այս մեծ մտածողը ըսած է նաեւ` «Երբեք մի՛ պարտադրեր ուրիշին այն, ինչ պիտի չուզէիր քեզի համար»: Զիրար չվնասելու, սիրելու, հանդուրժելու, նոյնիսկ թշնամիին ներելու գեղեցիկ պատուէրներ ձգած է մեր Տէրը: Բարոյախօսներ, ամէն ժամանակներու մէջ, ուսուցած են, որ մարդս բացարձակապէս իրաւունք չունի զայլս վնասելու` խօսքով կամ գործով: Ներկայիս, դժբախտաբար, հակառակն է, որ կ’ապացուցէ աշխարհը իր բիրտ կեցուածքով ու վայրագ գործունէութեամբ: Չարն է, որ ամէն տեղ կը նիւթուի որպէսզի մարդս թակարդուի, վնասուի ու կործանի: Ինչքա՜ն դիւրացած է չարի մուտքը մեր կեանքէն ներս: Ահաւոր ողբերգութիւն … :               

Չվնասելու համար ոչ ոքի, հարկ է ունենալ բարձրակրթութիւն, մաքուր նկարագիր եւ սիրող սիրտ: Ի բաց աստի, մարդս ինք եւս թոյլ պէտք չէ տայ որ վնասուի: Մահաթմա Կանտին (1869-1948) շատ գեղեցկօրէն ըսած է. «Ո՛չ ոք կրնայ զիս վնասել առանց իմ արտօնութեանս»: Ուրեմն, մարդս բարոյապէս թոյլատու պիտի չգտնուի՛ որ մարդիկ զինք ծաղր ու ծանակի վերածեն, քամահրեն ու անարգեն: Վերջապէս, արժանապատուութիւն է պէտք ու զօրաւոր անձնաւորութիւն:   

Կեանքի մէջ կը գտնուին մարդիկ, որոնք կարծէք ծնած են լոկ վիրաւորելու, վնասելու, արհամարհելու, վարկաբեկելու, քննադատելու, եւ երբեք` չգովաբանելու, ազնիւ խօսք մը չարտասանելու, չժպտալու, պճեղ մ’անոյշ սիրտ չցուցաբերելու: Այսպիսի վատառողջ ու ախտակիր մարդոցմէ փարսախներով հեռու մնալ է հարկաւոր, վասնզի անոնք իրենց ախտավարակ հոգեբանութեամբ, նեխած մտայնութեամբ, կործանաբեր գործելակերպով ու անվայել բարքով կրնան միմիայն թունաւորել առողջ հասարակութիւնը: Հարկ է կարելի փութով ձերբազատիլ նման մարդոցմէ, որպէսզի երկինքը դառնայ աւելի պարզ ու կեանքը` վճիտ:   

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ