Շաբաթ, Ապրիլ 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Ազգային հերոսի կոչում Էտուարտօ Էօռնէքեանին

Արժանթինահայ գործարար Էտուարտօ Էօռնէքեանին շնորհուած է Ազգային հերոսի կոչում։ Այս մասին յայտարարուած է Հայաստանի նախագահի նստավայրին մէջ տեղի ունեցած անկախութեան 26րդ տարեդարձի պարգեւատրումներու արարողութեան ընթացքին։

Էօռնէքեան ծնած է 1932ին Պուէնոս Այրէսի մէջ. ան հայ գաղթական ընտանիքի զաւակ է։ Էօռնէքեանները հիմնած են հիւսուածեղէնի գործարան։ Էտուարտօ ամուսնացած չէ, երեխաներ չունի։

Ներկայիս, անոր հսկողութեան տակ կը գտնուին 49 օդակայաններ տարբեր երկիրներու մէջ՝ Արժանթին, Իտալիա, Հայաստան, Փերու, Պրազիլ, Ուրուկուէյ։ Ունի նաեւ աւելի քան հազար քառակուսի քիլոմեթր հողամաս։ Գործարարին կը պատկանին «Քորփորասիոն Ամերիքա» ընկերութիւնը, «Ամերիքա Թի Վի»ն, չորս ռատիոկայան, «Էլ Քրոնիսթա» ելեւմտական ամսաթերթը։ Անոր ամէնէն յայտնի ձեռնարկութիւնը կը կոչուի «Այրոփուերթոս Արժենթինա 2000»։

Գալով Հայաստանեան ներդրումներուն,  Էտուարտօ Էօռնէքեանին կը պատկանի «Արմենիա միջազգային օդակայաններ» ընկերութիւնը, որուն մաս կը կազմէ նաեւ «Զուարթնոց» օդակայանը։ 2006ին ան գնեց Հայաստանի երկրորդ մեծագոյն դրամատունը՝ «Քոնվերս Պանք»ը (բաժնետոմսերուն 95 տոկոսը իրն է)։ Գործարարը մեծ չափի ներդրումներ կատարած է նաեւ Հայաստանի գիւղատնտեսութեան մէջ։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ