Շաբաթ, Ապրիլ 20, 2024

Շաբաթաթերթ

Թարգմանչաց Տօն՝ Հոկտեմբեր 14 Մեր հայոց լեզուն

Այնքա՜ն հարուստ, հաւասարակշռուած, պարփակ իր գիտութեամբ, հնչիւնով, գիրով և խօսքով, որ դարձած է ազգերու նախանձի առարկայ: Մեր մեծագոյն գիտնական Մեսրոպ Մաշտոցը նուիրեց զայն մեզի, հայ ազգին, որուն շնորհիւ կարողացանք քերթել, արտասանել, երգել և գրել այդ տառերով: 16 դար ճամբայ կտրած և մեզի հասած հայոց լեզուն և իր այբբենարանը, իր ծնունդի առաջին օրէն սկսեալ մինչեւ այսօր կ՚ենթարկուի հալածանքի և կոտորանքի:

Ոչ ոք կարողացաւ փոխել մեզ, մեր լեզուն և կրօնքը: Յոյներ, պարսիկներ,արաբներ և օսմանցիներ ու թուրքեր եկան ու անցան: Ճիշդ է, աւերեցին, գերեցին, կործանեցին և գրաւեցին մեր ունեցուածքն ու երկիրը: Բայց չկարողացան ընկճել մեզ, որովհետեւ մենք տակաւին կանգուն ենք: Իմաստուն մը ժամանակին ըսած էր, «անոնք կրնան գրաւել ամէն ինչք ու ունեցուածք, բայց չեն կրնար ունենալ իմ միտքը»:

Կրկին անգամներ յիշուած են, այսօրուան կոչումով, համաշխարհայնացման համար տարուած արշաւանքներն ու ազգերու և երկիրներու նուաճումներու պատմութիւնները, և սակայն երկրի վրայ տակաւին չէ գտնուած որևէ ազգ, որ կարենայ տոկալ համաշխարհայնացման հակահոսանքին, կործանելով անոնց ցանկութիւններն ու ջանքերը:

Հայաստան աշխարհը ունեցած է շրջանի մեծագոյն բաժինը նաւարկելու համար ալեկոծ այդ ովկիանոսի ջուրերը, հասնելու համար այսօրուան այն խաղաղ ովասիսը զոր կը կոչենք հայրենիք: Բայց մի՞թէ խաղաղ է այդ, նոյնիսկ այսօր:

Խորհրդային ժամանակաշրջանի առաջին տարիներուն, մեծ աշխատանք տարուեցաւ հայոց լեզուն վերացնելու, փոխարէնը ռուսերէնը որդեգրելու ջանքերով: Շնորհիւ կարգ մը հայ ազգային ոգիով լիացած անհատներու ջանքերուն, հակառակ անոր որուն հետեւանքով աղաւաղուեցաւ մեսրոպեան լեզուն, ան մնաց անսասան և անփոփոխ, որովհետեւ բարեբախտաբար՝ կովկասեան միւս երկու երկիրները, Վրաստանն ու Ատրպէյճանը ևս որոշեցին պահել իրենց ազգային լեզուն, թերեւս անգիտակցաբար, նեցուկ հանդիսանալով հայոց լեզուի պահպանման ևս: Խորհրդային Միութեան համաշխարհայնացման հեռաւոր նպատակները չէին յաջողեր պալթեան երկիրներու և եւրոպական այլ երկիրներու մէջ ևս, ռուսը վերջնականապէս հրաժարեցնելով իր նպատակներէն:

Այսօր սակայն, կարծէք կը կրկնուի նոյն յանկերգը տարբեր երանգներով:

Վերջին տարիներուն, Հայաստան մաս կը կազմէր ասիական երկիրներու համագործակցական ցանցին, Ռուսաստան, Պելոռուս, Խրխզստան, Ղազախստան և Հայաստան համագործակցութեամբ, և ըստ ակնկալութեան, այս երկիրներու հաղորդակցութեան լեզուն պիտի ըլլար ռուսերէնը նախընտրաբար, որովհետեւ անոնք նախկին Խորհրդային Միութեան անդամ երկիրներ էին, և այդ ընդունելի էր բոլորին կողմէ: Ըստ կարգ մը նոր և շինծու պատճառաբանութիւններու, քայլ մըն ալ առաջ երթալով, ռուս քաղաքագէտ «փիլիսոփայ» մը, Վոլոտին անուամբ, կը յանդգնի  յայտարարելու, թէ Հայաստանի պաշտօնական լեզուն պէտք է ռուսերէնը ըլլայ, աւելի «միջազգային հեշտ և սահուն» հաղորդակցութեան համար:

Ուրեմն, տակաւին կա՛ն անձեր, որոնք կ՚ապրին Խորհրդային Միութեան ժամանակաշրջանի «կլոպալիզմի» ձգտումի նպատակներով:

Խիստ գնահատելի էր հայրենի պետութեան լռելեայն պատասխանը այս ուղղութեամբ:

Դարեր շարունակ, օտար հոսանքներու դէմ կուրծք տուած տառապալի հայ լեզուն մեզի համար սրբազան յատկութիւն է: Ան տարբեր է բոլոր այլ լեզուներէն: Նուրբ ու քաղցրահամ, խոր ու հմայիչ, սուրբ ու խոնարհ, Աստուծոյ համար լսելի: Բազում բանաստեղծներ, գրողներ և երգիչներ տաղեր ու երգեր հիւսած են, որպէսզի այսօր մենք մեր կարգին պահպանենք զայն մեր աչքի լոյսին պէս:

Խորհրդային ժամանակաշրջանի վերջին տասնամեակին, երբ Խորհրդային Միութիւնը կ՚ապրէր իր ճգնաժամային տարիները, Երեւանի մէջ, հանրային ճամբորդատար ինքնաշարժի մը մէջ տեղի կ՚ունենայ հետեւեալ դէպքը: Երկու հայ տիկիններ կը զրուցեն իրարու հետ հայերէն լեզուով: Ինքնաշարժին մէջ պատահաբար կը գտնուի նաև ռուս անհատ մը, որ անպատկառ համարձակութեամբ կը միջամտէ և հրամայական թոնով կը թելադրէ խօսիլ ռուսերէն: Հայ տիկինները կը լռեն անպաշտպան և կրաւորական դիրքի մէջ: Իսկ ինքնաշարժի հայ ուղեւորներէն դժբախտաբար ոչ մէկ ակնարկութիւն, յանդիմանութիւն կամ պաշտպանութիւն եթէ ո՛չ հայ տիկիններուն ի նպաստ, այլ գոնէ՛ հայոց լեզուին: Բայց կա՛ն, միշտ պիտի ըլլան քաջարիներ, որոնք առանց որևէ հաշուարկի կը նետուին դաշտ պաշտպանելու համար «իր»ը, իր տունը, հայրենիքը, լեզուն և ընտանիքը: Իսկ այդ քաջարին կը հանդիսանայ ուքրանացի երիտասարդ մը, որ խիստ յանդիմանական ոճով և յարձակողական դիրքով կը պաշտպանէ մե՛ր հայ լեզուն, մե՛ր տիկինները և մե՛ր հայրենիքը, լռեցնելով ռուս ուղեւորը:

Իսկ այսօր, երբ այն վաղեմի հալածանքը տակաւին կը շարունակուի տարբեր երանգներով հայոց լեզուին, մշակոյթին և հայ ժողովուրդի գոյութեան հանդէպ, միշտ ի մտի ունենանք մեր բանաստեղծներուն խօսքն ու խրատը մեր հայոց լեզուին մասին:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ