Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Չինաստան ընդդէմ Ամերիկայի Ո՞վ է գերիշխողը

ԿՐԵՀԷՄ ԷԼԻՍԸՆ

 

Thucydides-ի թակարդէն խուսափիլը դժուար  պիտի ըլլայ ամերիկեան ու չինական քաղաքակրթութեանց, աշխարհի տիրակալութեան համար իրենց ունեցած մրցակցութեան ոգիին պատճառով։ Չինաստանի վարմունքը իր քաղաքացիներուն հանդէպ, կը ցոլացնէ պատկերը իր կեցուածքին՝ տկար իր դրացիներուն նկատմամբ։ Չինաստանի կոմունիստ կուսակցութիւնը կարգ ու կանոնը կը պահէ տիրապետական իշխանութեամբ, իր քաղաքացիներէն պահանջելով յարգանք եւ ենթակայութիւն։ Չինաստանի միջազգային վարմունքը կը ցոլացնէ նմանօրինակ ակնկալութիւն մը։ 2010ին, Հարաւ-Ասիական երկիրներու մէկ հանդիպումին, Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Եանկ Ճիէշի, Մ. Նահանգներու ատենի պետական քարտուղար Հիլըրի Քլինթընի, ու շրջանի արտաքին գործոց նախարարներու ներկայութեան յայտնեց, թէ «Չինաստանը մեծ երկիր մըն է, իսկ մնացեալ երկիրները փոքր են. ա՛յս է իրականութիւնը»։

Մ. Նահանգներու ղեկավարները կը ձգտին հաստատել միջազգային օրէնքի մը տիրապետութիւնը ի՛ր հսկողութեան տակ։ Ըստ չինացիներուն, ամերիկացիները կը տնօրինեն օրէնքը, որուն հնազանդելու են բոլորը։ Այն ատենուան Ամերիկայի Սպայակոյտի պետ Զօր. Մարթին Տեմփսի յայտնած է. «Ամէն անգամ որ խօսակցութիւն կը դառնար միջազգային չափանիշերու կամ օրէնքներու գործադրութեան շուրջ, չինացիները կը մատնանշէին, թէ այդ օրէնքները դրուած էին, երբ չինացիները բացակայ էին աշխարհի բեմէն»։

 

Դուն կրնաս քու ուղիէն քալել

Մ. Նահանգներ երեսնամեայ շրջան մը մնացին աշխարհի ամէնէն զօրաւոր երկիրը։ Ամերիկայի զանգուածային ազդեցութիւնը, բովանդակ աշխարհի գործառնութեանց վրայ, ճակատագրական դարձաւ այլ երկիրներու ղեկավարութեանց համար, ճանչնալու ամերիկեան մշակոյթը ու ռազմավարութիւնը, միաժամանակ չմտածելով թէ մնացեալ երկիրները ի՞նչ կը խորհին։

Վերջերս, սակայն, չինական վերելքը առարկելի դարձուցած է վերոյիշեալ անտարբերութիւնը։ Ամերիկացի քաղաքագէտները սկսած են ընդունիլ, որ բարելաւելու են իրենց հասկացողութիւնը Չինաստանի մասին, մանաւանդ՝ անոր ռազմավարութեան եւ ուժի գործածութեան նկատմամբ։

Այս մարզին մէջ, չինացի ղեկավարները մեծաւ մասամբ եղած են բանական (rational) ու գործնական (pragmatic)։ Խաղաղութեան թէ պատերազմի ատեն, չինական ռազմավարութիւնը առաջնորդուած է իրատես քաղաքականութեամբ, առանց շփոթուելու իրենց վարքին նկատմամբ՝ միջազգային օրէնքի կամ բարոյականութեան չափանիշէ։ Այդ պատճառով ալ, չինական կառավարութիւնը չափազանց ճկուն է, ու քիչ անգամ կ՚ազդուի նախորդ պատճառաբանութիւններէ կամ անհետեւողականութենէ։

Օրինակի համար, 1971ին, Հ. Քիսինճըր ու նախագահ Ռ. Նիքսըն անհրաժեշտ նկատեցին հասկացողութեան մը գալ Չինաստանի հետ։ Երբ տեսան թէ չինական կողմը տարուած էր անտեղիտալի իտէալապաշտութենէ եւ ազգային շահերէ, անոնք որդեգրեցին «պատուով խաղաղութիւն» լոզունգը։ Մաօ Ցէ Թունկ, իր կարգին, կարիքը չզգաց շեշտելու, թէ Մ. Նահանգներու հետ յարաբերութիւն հաստատելով, կը զօրացնէր իր երկրին դիրքը Ս. Միութեան նկատմամբ, որովհետեւ վերջիվերջոյ, որոշապէս կը զօրացնէր այս ձեւով սոցիալիզմի միջազգային շարժումը։ Ինչպէս որ ժամանակին, կայսերական Չինաստանը իր բարձր քաղաքակրթութիւնը կը նկատէր իբրեւ «տիեզերքի կեդրոնը», այնպէս ալ, մեր օրերուն, նմանօրինակ պատկեր մը կը ներկայացնէ Չինաստանի անխուսափելի բարձրացումը ու Մ. Նահանգներու անվերջանալի անկումը։

Աւանդականօրէն, չինացիները յաղթանակած են ոչ թէ բախտորոշ ճակատամարտի մը մէջ, այլ՝ աճողական (incremental) նախաձեռնութիւններով, այսինքն՝ յարաբերական նուաճումներով, քան՝ հակառակորդին կամ թշնամիին լման կործանումով։

 

Համաձայնութեան գալ

Յառաջիկայ տարիներուն, որեւէ ձգտուածութիւն կրնայ տագնապ յառաջացնել Մ. Նահանգներու եւ Չինաստանի միջեւ, ինչպէս՝ Հարաւային Չինական Ծովու սահմանագիծերուն վրայ, կամ՝ Հիւսիսային Քորէայի աթոմական փորձարկութիւններուն հետեւանքով։ Նկատելով թէ տակաւին տասնեակ մը տարի կ՚ուզէ, որպէսզի չինական զինուժը կարենայ չափուիլ ամերիկեանին հետ, չինացիները խոհեմ պիտի գտնուին ուժ չգործածելու Ամերիկայի դէմ։ Չինաստան պիտի նախընտրէ ազգային նպատակներու իրագործման մէջ իր զինուորական ուժը պահեստի դնել։ Անիկա պիտի զարգացնէ դիւանագիտական ու տնտեսական կապերը իր դրացիներուն հետ, զանոնք կախեալ դարձնելով Չինաստանէն։

Աւանդականօրէն, թէեւ պատերազմը նկատած է իբրեւ վերջին միջոց, սակայն երբ համոզուի թէ երկարատեւ ռազմավարութիւնը ի նպաստ իրեն չի զարգանար, կը նախաձեռնէ սահմանափակ պատերազմ մը, փորձելով շրջել կացութիւնը ի նպաստ իրեն։

Վերջին անգամ որ Ամերիկա դիմագրաւեց Թիւսիտիտեան վթարներ Պաղ Պատերազմի ընթացքին, Քուպայի հրթիռային տագնապն էր։ Անոր լուծումէն քանի մը ամիսներ ետք, նախագահ Ճոն Քենետի յայտարարեց. «Մեր կենսական շահերը պաշտպանելու ատեն, հիւլէական զէնք ունեցող երկիրները պէտք է զերծ կենան ճակատումներէ, որովհետեւ իրենց կենսական շահերը պաշտպանելու համար, հակառակորդները կը մղեն կամ նուաստացուցիչ անձնատուութեան, ու կամ՝ կ՚առաջնորդեն հիւլէական պատերազմի»։ Հակառակ Մոսկուայի կարծր կեցուածքին, Նիքիթա Խրուշչեւ հետեւցուց, թէ Քուպայի մէջ, հիւլէական զէնքերու հարցով, կրնար իրաւախոհութեան գալ։ Նմանապէս, Քիսինճըրը ու Նիքսընը, յետոյ հասկցան, թէ Մաօ Ցէ Թունկ յոյժ ատակ էր տեղի տալու, երբ Չինաստանի շահերը ա՛յդ կը պահանջէին։

Սի Ցինփին ու Տանըլտ Թրամփ ծայրայեղ պահանջքներ ներկայացուցած են Հարաւային Չինաստանի ծովուն մէջ նաւարկումի իրաւունքներու նկատմամբ։ Սակայն երկուքն ալ հարց կարգադրողներ են։ Թրամփի կառավարութիւնը եթէ ըմբռնէ Չինաստանի դերը եւ անոր հիմնական շահերը աշխարհի մէջ, աւելի լաւ պատրաստուած պիտի ըլլայ բանակցելու։ Որոշելու համար ամերիկեան իշխանութեանց կեցուածքը, իմաստուն պիտի ըլլար կարդալ չինացի հին փիլիսոփայ Սանցուի հետեւեալ միտքը. «Եթէ կը ճանչնաս թշնամին ու դուն քեզ, պէտք չունիս վախնալէ հարիւր ճակատամարտերու արդիւնքէն։ Եթէ կը ճանչնաս դուն քեզ, բայց չես ճանչնար թշնամին, ամէն յաղթանակի դիմաց պարտութի՛ւն ալ պիտի կրես։ Եթէ չճանչնաս ո՛չ թշնամին եւ ո՛չ ալ ալ դուն քեզ, պիտի պարտուիս ամէն մարտի մէջ»։

 

(Շար. 3 եւ վերջ)

Ազատ թարգմ.՝ ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ

“Foreign Affairs”, Սեպտեմբեր-Հոկտեմբեր 2017

 

 

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ