Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Համահայկական 6րդ Համաժողով. Սփիւռքահայ երիտասարդութեան ապագայի տեսլականը

ԲԱԳՐԱՏ Ծ. ՎՐԴ. ՊԵՐՃԷՔԵԱՆ

 

«Նոր Օր» յաջորդաբար պիտի հրատարակէ Հայրենիք-Սփիւռք 6րդ համահայկական համաժողովին արտասանուած կամ այդ առիթով գրուած ելոյթներ եւ յօդուածներ։

Հոգշ. Տ. Բագրատ Ծ. Վրդ. Պերճէքեանի ծաւալուն այս աշխատանքը պատրաստուած էր ներկայացնելու համար Սեպտեմբերին տեղի ունեցած նոյն համաժողովին՝ Երեւանի մէջ, որ տարբեր հանգամանքներու բերումով չէր իրականացած։ Գրութիւնը ամբողջութեամբ՝ յաջորդական երկու թիւերով կը յանձնենք մեր ընթերցողներուն ուշադրութեան։

Տէր Բագրատ հոգեւոր հովիւն է Սան Տէիկոյի Ս. Յովհաննու Կարապետ Հայց. եկեղեցւոյ Փետրուար 2017էն ի վեր։ Մինչ այդ ան կը վարէր Առաջնորդական Ընդհանուր փոխանորդի պատասխանատու պաշտօնը Պրպէնքի մէջ։

 

«Նոր Օր»

 

 

Խորին շնորհակալութիւնս կ’ուզեմ յայտնել Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին, Միացեալ Նահանգաց Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանին եւ ՀՀ Սփիւռքի նախարար՝ Տիկ. Հրանոյշ Յակոբեանին, ինձ ընծայուած վստահութեան համար Հայաստան-Սփիւռք 6րդ համաժողովին ներկայացնելու բոլորիս հոգեհարազատ եւ շատ յուզող  «Սփիւռքահայ երիտասարդութեան ապագայի տեսլականը» թեման:

Ազգի մը յաւերժութեան առաջին պայմանը եւ ազգային գոյատեւման պայքարի միակ ճանապարհը՝  հայասէր ու հայրենանուէր յետնորդներ ունենալն է: Ամէն մի ազգանուէր հայորդիի հետ կը նորանայ Հայոց աշխարհը, ամէն մի հայ նուիրեալ երիտասարդի հետ կը յաւերժանայ հայոց յոյսը:

Այս բարձր գիտակցութեամբ է, որ այսօր աշխարհասփիւռ հայ գաղութներու մէջ, ինչպէս նաեւ Մայր Հայաստանի մէջ մեծ աշխատանքներ կը տարուին համախմբելու  եւ ամրապնդելու հայ սերունդներու արմատները հայրենի հողին մէջ: Այս նպատակները եւ ծրագրերը իրականացնելու ջանքերը, ի մասնաւորի Սփիւռքահայ Երիտասարդութիւնը ներգրաւելու Հայաստանի զարգացման եւ հզօրացման գործընթացին մէջ, որոշակի ուսումնասիրութիւններ կատարուած են հայ ժամանակակից երիտասարդութեան մտայնութեան, մտածելակերպի, ձգտումներուն եւ ապրելակերպին շուրջ:

Անոնք են, Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ հրամցուած ու գիտականօրէն ուսումնասիրուած զեկոյցներու ժողովածուն, ի հետեւումն «12-14 Դեկտեմբեր 2008ի համահայկական ժողով»ին, որու մէջ, ի շարս այլ կարեւոր ուսումնասիրութիւններու, Սփիւռքի նախարար՝ Տիկին Հրանուշ Յակոբեանի զեկոյցը դեռեւս կը պահէ իր այժմէականութիւնը ու կը պարփակէ իր մէջ յառաջիկային առնելիք «Հայրենադարձութեան ու Հայադարձութեան» քայլերն իբրեւ լաւագոյն ուղենիշ: Բաց աստի, նաեւ կան կարեւոր ուսումնասիրութիւններ, որոնք կը ներփակեն օգտակար տեղեկութիւններ առնչուած Սփիւռքահայութեան տեսլականին հետ: Անոնք են, Ճան Սեմերճեանի “The Armenian Youth… or The Truth” 2003 թուակիր յօդուածը, Տարիէվա Ցիփիլմայի եւ Յարութիւնեան Աննայի 2011 թուակիր “Come to Move Mountains! Diaspora and Development in a Transnational Age” եւ “Diaspora Returnees, Transfer of Knowledge and a New Understanding of ‘Homeland’” յօդուածները “ETH Zurich” գիտական յօդուածաշարքին մէջ. նաեւ Շահէ Ենիկոմշեանի “The Importance of Extracurricular Armenian Education Outside of Schools” 2017 թուակիր յօդուածը: Պէտք է ըսել, որ յիշեալ յօդուածները լուրջ աշխատանքներ են եւ կը պարունակեն ուղենշային մօտեցումներ սփիւռք-հայրենիք կամուրջը ամրացնելու տեսակէտէն:

Երկաթեայ վարագոյրի խորտակումէն եւ Հայաստանի մէջ Խորհրդային կարգերու անկումէն ետք, լայն հնարաւորութիւններ ստեղծուեցան հաստատելու, ամրապնդելու եւ զարգացնելու հայրենիքի եւ սփիւռքի կապը: Հակառակ տնտեսական, ներքին ու արտաքին ծանր քաղաքական իրադրութեանց ու պայմաններուն, զարկ տրուեցաւ կազմաւորելու բազում ծրագրեր հայապահպանման առաքելութեան գործին մէջ: Այսօր այդ ծրագրերը բազմապատկուած են նորերով, արմատաւորելով   երիտասարդ սփիւռքահայ սերունդի հոգիին ու սրտին մէջ հայրենիքի սէրն ու նուիրուածութիւնը, ստեղծելով անոր ինքնութեան, մշակոյթի, լեզուի պահպանման համար բոլոր անհրաժեշտ հնարաւորութիւններն ու պայմանները:

Հազարաւոր հայ երիտասարդներ այժմ ընդգրկուած են ուսումնական, բարեգործական, մշակութային եւ հոգեւոր այս ծրագրերուն մէջ: Հարկ է նշել, հայրենիքի մէջ այս ծրագրերը իրականացուած ու արմատաւորուած են, մեծաւ մասամբ՝ Սփիւռքի նախարարութեան ջանքերուն շնորհիւ:

Արտասահմանեան երկիրներու մէջ գտնուող հայ գաղութներուն մէջ, միշտ ալ գործած են բազմապիսի խմբակներ եւ ծրագիրներ, որոնք հետապնդած են մէկ հիմնական նպատակ, այն է՝ հայապահպանութեան վառուող ջահը յանձնել յաջորդող սերունդներուն:

Այժմ, այս ծրագրերը իրենց առաքելութիւնը կը կատարեն նաեւ Մայր Հայաստանի մէջ, կապելով անքակտելի կամուրջ մը տասնեակ տարիներով իրարմէ բաժան-բաժան եղած հայորդիներուն:

Նշուած ծրագրերու առաջատարներէն են.

ACYO Armenia Service Program: Eastern Diocese

AGBU Yerevan Summer Intern Program

Luys Foundation

Armenian Assembly of America

Armenian Youth Federation, Summer Internship in Armenia, and “Western Region AYF Youth Corps”

Armenian Youth Federation of Canada, Camp Vanadzor

Christian Youth Mission to Armenia (CYMA): Western Diocese

Diaspora Armenian-Connection

Fund for Armenian Relief (FAR): Young Professional’s Trip to Armenia

Land and Culture Organization

The Fuller Center for Housing Armenia

Birthright Armenia

Repat Armenia

Վերոյիշեալ ծրագրերը լիովին ծառայեցին եւ կը շարունակեն ծառայել իրենց նպատակին, որոնց դրական արդիւնքներու պատճառով, յատկապէս վերջին տասնամեակին, բազմապատկեցին սփիւռքահայ երիտասարդներու հոսքը դէպի հայրենիք, նամանաւանդ ամառնային շրջանին:

Այս նուիրեալ գործին, անշուշտ, իր մեծ ներդրումը ունի նաեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցին, որն կ’առաջնորդէ մեր նորահաս սերունդը, թրծելով անոր մէջ հայ քրիստոնէական ոգին, ինքնութիւնն ու հայրենիքի սէրը: Հայ Առաքելական Եկեղեցին, իր դարերու փորձառութեամբ, իր Շաբաթօրեայ եւ Կիրակնօրեայ վարժարաններով, իր թեւերուն տակ միշտ հաւաքած է իր զաւակները:

Հայ քրիստոնէական դաստիարակութեան Երիտասարդական կազմակերպութիւնները, հաւատարիմ Հայ Եկեղեցւոյ առաքելութեան, նուիրեալ գործունէութիւն կը ցուցաբերեն ոչ միայն Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ համայնքային կեանքէն ներս, այլեւ ունին իրենց ամառնային ծրագրերը երիտասարդ սերունդը առաջնորդելու դէպի Հայրենիք, տեղեկանալու հայրենիքի պատմութեան, լեզուի ու մշակոյթի մասին, ու կամաւոր ծառայական թէ ուսուցողական ծրագիր մը ամբողջացնելով կը վերադառնան իրենց ծննդավայրը: Այս կարեւոր ծրագիրներէն են Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի ACYO Armenia Service Program-ը եւ Արեւմտեան թեմի Christian Youth Mission to Armenia (CYMA) ծրագրերը:

Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ բերած ծառայութենէն բացի, կան նաեւ աւանդական կազմակերպութիւնները, որոնք հայապահպանման գործին մէջ միշտ բերած են իրենց լուման իրենց կազմակերպութեանց հովանիին տակ գործող վարժարաններով եւ այլ ծրագրերով:

Անուրանալի է Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան կողմէ ձեռնարկուած այլազան ծրագրերը սփիւռքահայ երիտասարդութիւնը հայրենիք բերելու, եւ ամառնային ծրագրերու միջոցով անոնց մէջ սերմանելու հայրենիքի սէրն ու հպարտութիւնը:

Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի Manoogian Simone College of Business and Economics բաժանմունքը, accredited internship-ի ճամբով, սփիւռքահայ երիտասարդին առիթ կը շնորհէ հայրենիքէն ներս երկու տարիներ իր ուսման ընթացը շարունակելու, ու միաժամանակ աւելի մօտէն ծանօթանալու հայրենիքէն ներս կեանքին ու պայմաններուն: Կրթական այս համագործակցութիւնը (MBA Internship Program), կարող է հայրենադարձութեան լաւագոյն գրաւականը ըլլալ, երբ պատշաճ կերպով ծրագրուի պահել երիտասարդ եւ ուսումը աւարտած մասնագէտները՝ հայրենիքէն ներս, ստեղծելով անոնց համար աշխատանք ու բարեկեցիկ պայմաններ:

Շնորհիւ այս հայագիտական, պատմագիտական եւ մշակութային դասընթացներուն, սփիւռքահայ երիտասարդութեան սէրն ու նուիրուածութիւնը դէպի իր ժողովուրդն ու հայրենիքը խոր արմատներ նետած է մայր հողին մէջ:

Մայր Հայրենիքի մէջ, «Արի տուն» ծրագրի շնորհիւ, հազարաւոր սփիւռքահայ երիտասարդներու հնարաւորութիւն տրուեցաւ ապրելու հայրենաբնակ ընտանիքներու հետ, մաս կազմելով անոնց առօրեայ կեանքին, տնտեսական, աշխատանքային դժուարութիւններուն, ականատես լինելով ներքին քաղաքական բախումներուն,  յաջողութիւններուն եւ ուրախութիւններուն: Այս իւրայատուկ փորձառութիւնը հիմնաքարը եղաւ անոնց հայրենիքի հանդէպ իրենց ներկայ հայեցողութեան եւ ապագայի հանդէպ ունեցած տեսլականին:

Պէտք է նշել, որ սփիւռքահայ երիտասարդութիւնը, աշխարհի շուրջ հարիւր երկիրներու մէջ կազմաւորուած տարբեր հայկական գաղութներէն Հայաստան կու գայ հանգրուանելու կարճ կամ երկարատեւ ժամկէտով: Բայց եւ ցաւալի է նշել, որ վերջին երկու տասնամեակներուն, Հայաստանէն արտագաղթի հետեւանքով, ստեղծուած են նոր հայաշատ գաղութներ, յատկապէս Ռուսական Դաշնութեան, Ուքրայնայի եւ եւրոպական մի շարք երկիրներու մէջ, որոնց ստեղծման հիմնական պատճառը բարենպաստ տնտեսական պայմաններ գտնելու նպատակն է:

Առանց բացառութեան, բոլոր այս հայ գաղութներուն մէջ կը գործեն հոգեւոր, ուսումնական եւ մշակութային կեդրոններ, որոնց առաջնային ու միակ նպատակը հայապահպանութեան առաքելութիւնն է:

Թէեւ այս ընդհանրական նպատակին, ամէն մի հայ գաղութ ունի իր իւրայատուկ մտածելակերպը, կուսակցական կամ քաղաքական կողմնորոշումը եւ յատկապէս Մայր Հայաստանի մէջ կատարուող իրադարձութիւններու հանդէպ իր մօտեցումն ու գաղափարները:

Հետեւելով սոցիալական կայքերուն մէջ տեղ գտած կարծիքներուն, արձագանգներուն ու իմ անձնական բազմաթիւ զրոյցներէն ելլելով, յատկապէս այն երիտասարդ սփիւռքահայերու հետ, որոնք իրենց այցելութեան, ինչպէս նաեւ իրենց գործունէութեան ընթացքին, մաս կազմած են հայրենիքի ժամանակակից ապրելակերպին, մտահոգուած հայրենաբնակ հայրենակիցներու ցաւով, տառապանքներով, պայքարով, առտնին ու արդիական խնդիրներով, գրեթէ բոլորն ալ, անկախ իրենց փորձառութիւններէն ու տպաւորութիւններէն, լինի այն հիասթափութիւն կամ խանդավառութիւն, արտայայտած են գրեթէ միեւնոյն կարծիքներն ու երազանքները իրենց համար այնչափ հարազատ դարձած մայր հայրենիքի նկատմամբ:

Պէտք է ընդունիլ, որ սփիւռքահայ սերունդը փոխուած է այսօր: Սփիւռքահայ երիտասարդութեան մտային կարողութեան հորիզոնը շատ աւելի ընդլայնուած է քան ինչ էր տասնամեակներ առաջ: Այսօր, հպարտօրէն կարելի է շեշտել Միացեալ Նահանգներէն ներս, մասնաւորապէս, հայ բժիշկներու, իրաւաբաններու եւ գիտնականներու ընկերակցութիւններու գոյութիւնը, որոնք իրենց տիրապետած մասնագիտութեամբ ու փորձառութիւնով իրենց ակնյայտ ներդրումը կը բերեն համայնքին, Եկեղեցիին ու հայրենիքին:

Տարբեր երկիրներու մէջ մեծցած եւ տարբեր մասնագիտութիւններու տէր այս երիտասարդները, յստակօրէն կ’արտայայտեն իրենց մտահոգութիւնները ներկայ հայրենիքի իրավիճակին մասին եւ ապագայի հանդէպ ունեցած իրենց տեսլականին, հաւատալով ամուր եւ հզօր հայրենիք ունենալու յաւերժող ապագային:

Ընդհանրացնելով սփիւռքահայ երիտասարդներու տեսլականը, յատկապէս անոնց որ սերտ կապ ունին հայրենիքի հետ, անոնք հայրենիքի ապագան կ’ուզեն տեսնել՝ առանց քաղաքական ներքին երկպառակութեան: Անոնք կը նշեն, որ գոյութիւն ունեցող այդ ներքին տարաձայնութիւնները երկիրը ոչ միայն կը թուլացնեն քաղաքականապէս, այլեւ դիւրին թիրախ կը դարձնեն մեր դարաւոր թշնամիներուն առաջ: Անոնց բաղձանքը միասնական Հայաստան տեսնել է, որն իրենց տեսլականով զարկ պիտի տայ նաեւ Հայաստանի թէ՛ տնտեսական եւ թէ՛ քաղաքական ինքնահաստատմանը միջազգային մաշտապով: Հարկ է նշել, որ այս երիտասարդներէն շատերը, նաեւ տագնապած են եւ ցաւօք ոմանք ալ անգամ յուսալքուած, յատկապէս տեւական լրատուական տեղեկատուութիւններէն, որոնք ճշմարտացի լինելէն զատ, երբեմն կ’ըլլան նաեւ չափազանցուած, աղաւաղուած կամ միակողմանի բնոյթ կրող:

Չնայած հայրենիքի առջեւ ծառացած, յատկապէս տնտեսական մարտահրաւէրներուն, սփիւռքահայ երիտասարդութիւնը կը հաւատայ Հայաստանի տնտեսական վերելքին, հնարաւորութիւններուն եւ խոստմնալից ապագային: Ի հարկէ, անոնք խորապէս կը գիտակցին ներկայ իրողութեանը, որ իրենց հայրենիքը դեռ կը գտնուի թշնամի հարեւան երկիրներու տնտեսական շրջափակման մէջ եւ լեռնային Ղարաբաղի շարունակուող զինեալ միջադէպերը մեծ խոչընդոտ կը հանդիսանան Հայաստանը դարձնելու միջազգային առեւտրի շուկայի առաջընթաց անդամ: Բայց այս երիտասարդները նաեւ վստահ են, որ կան այլ արդիւնաւէտ միջոցներ, որոնք Հայաստանի տնտեսութիւնը կարող են դարձնել մրցունակ եւ առաջնատար, որն եւ վճռական դեր կը կատարէ երկրին մէջ նոր աշխատատեղեր ստեղծելու, շօշափելի ապրուստի միջոցներ ձեռք բերելու, տեղական շուկային մէջ ներդնելով իրենց հմտութիւններն ու գիտելիքները: Այսպիսով, կարելի կը լինի նաեւ կասեցնել հայրենիքէն յատկապէս մեծ թուով երիտասարդներու արտագաղթը: Այս տեսլականը անհիմն չէ, անցած հինգ-վեց տարիներու ընթացքին, նկատելի է յառաջխաղացումը յատկապէս գիւղատնտեսութեան բնագաւառին մէջ: Արտաքին եւ ներքին ներդրումներու շնորհիւ, ինչպէս նաեւ պանքային վարկերու աջակցութեամբ, Հայաստանի բանջարապտուղային պահածոներու արտադրութիւնը լայնածաւալ ընթացք ստացած է: Կը կրէ բարձր որակ, ունի մեծ պահանջարկ, սպառում եւ կ’արտահանուի Եւրոպական երկիրներու եւ Ամերիկեան սննդամթերքի մեծ շուկայ: Գիւղատնտեսութեան բնագաւառի յաջողութիւնները ապահոված են նաեւ Հայաստանի շրջաններուն մէջ ապրող որոշ բնակիչներու համար կայուն աշխատատեղիներ: Վերջին տարիներուն, Հայաստանի մէջ մեծ վերելք կ’ապրի զբօսաշրջիկութիւնը, որն զգալի նիւթական օժանդակութիւն կը բերէ հայրենիքի ներկայ տնտեսական իրավիճակին: Սակայն, այս երիտասարդները կը նշեն, որ Հայաստանի ամենամեծ եւ զօրաւոր ներուժը նոյնինքն տեղեկատուական տեխնոլոկիան է (IT), որն ըստ իրենց, ժամանակակից ամենամրցունակ նաեւ շահաբեր բնագաւառն է: Հաշուի առնելով Հայաստանի աշխարհագրական ոչ-նպաստաւոր դիրքը, սահմանամերձ թշնամի պետութիւններով շրջապատուած լինելը, չունենալով թէ՛ ծովային եւ թէ՛ ցամաքային ելք ու ճանապարհ, մեր երիտասարդ սերունդը իր կեդրոնացումը եւ տաղանդը ներդրած է ժամանակակից տեխնոլոկիայի ոլորտին մէջ, ոլորտ որն միջազգային առեւտրի շուկային մէջ, անհրաժեշտութիւնը չունի առեւտրի արտաքին ճանապարհներուն կամ դրացի երկիրներուն հարկ վճարելու պարտաւորութեան, անոնց տարածքը օգտագործելու, արտադրանքներ ներմուծելու եւ արտածելու համար: Անոնք կը հաւատան, որ Հայաստանը ունի հմուտ եւ բարձրորակ մասնագէտներ, որոնց գիտելիքները զարկ կու տան այս ոլորտին, Հայաստանը դարձնելու միջազգային շուկայի առաջատար երկիր:

Հայաստանի մէջ այսօր արդէն կը գործեն հինգ հարիւրէ աւելի Start-Up ընկերութիւններ: Այս ձեռքբերումը տեղի ունեցաւ սփիւռքահայ եւ տեղացի մասնագէտներու միացեալ ուժերուն շնորհիւ: Վերջին տարիներուն, յատկապէս կլոպալ ծրագրաւորման ոլորտին մէջ, Հայաստանի մէջ իրենց կեդրոնական գրասենեակները հաստատեցին Oracle, Taiwan D, The International Instruments, Work Front եւ ուրիշ այլ ընկերութիւններ, որտեղ իրենց մասնագիտական հմտութիւնները կը ներդնեն նաեւ սփիւռքէն հայրենիք բնակութիւն հաստատած երիտասարդներ:

Pics Art ընկերութեան հիմնումը Հայաստանի մէջ, արդէն ապացոյցն է այս ոլորտի բարգաւաճման եւ յետագայ լայն ծաւալման մասին: Pics Art-ը դարձած է աշխարհի առաջատար բջջային լուսանկարչական խմբագրման ծրագրերէն մէկը, եւ հարկ է նշել որ Հայաստանի մէջ հիմնադրուած այս ընկերութիւնը, իր մասնաճիւղը հաստատած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Forbes-ը, 2015 թուականին, Pics Art-ը յայտարարեց աշխարհի 50 ամենազօրաւոր ընկերութիւններէն մէկը: Ակնյայտ է, որ այսօր մեր հայրենիքը ունի արժէքաւոր մասնագէտներ, որոնց պահանջը դեռ կը մեծնայ: Անհրաժեշտ է նշել TUMO կեդրոնի հսկայական ներդրումը մատաղ սերունդը զինելու ժամանակակից տեխնոլոկիայի հետ առնչուած նոր գիտելիքներով:

Այս իրողութեամբ է, որ սփիւռքահայ երիտասարդութիւնը իր ուժերը կը ներդնէ հաւատալով որ իրեն հայրենիքը ունի այն մեծ ներուժը որով իրեն տեսլականը կը դառնայ իրականութիւն, Հայաստանը դարձնելով աշխարհի յաջորդ Silicon Valley-ն:

Հայրենիքի պայծառ գալիքի հաւատքը, աւելի քան երբեք, համախմբած է սփիւռքահայ եւ հայրենաբնակ մեր նոր սերունդը: Ան վառ կը պահէ մեր նախահայրերու հազարամեայ պատմութիւնը, որն միշտ լեցուն եղած է պայքարներով եւ գոյատեւման յաղթանակներով:

Մեր ազգանուէր սերունդը չի թողուր որ մարուի 1915 թուականին, թուրք ոճրագործներու ձեռքով նահատակուած հայ անմեղ զոհերու յիշատակը եւ կը շարունակէ աշխարհասփիւռ իր ժողովուրդի արդարադատութեան պայքարը:

Քանի դեռ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը կը շարունակէ մնալ համաշխարհային բանավէճերու սեղանին իբրեւ չլուծուած խնդիր, Եղեռնի ճանաչման արդար պահանջը եւ յաղթանակի յոյսի անմար կանթեղը պիտի շարունակուի փոխանցուիլ սերունդէ սերունդ:

Ամէն տարի, Ապրիլի 24ին, Մայր Հայաստանի եւ աշխարհասփիւռ հայ գաղութներուն մէջ, տասնեակ հազարաւոր երիտասարդ ցուցարարներ, աշխարհին կ’ահազանգեն մարդկութեան պատմութեան ամենա-արիւնալի էջերէն մէկուն մասին: Անոնք շարունակաբար դարաւոր մեր թշնամիին կը յիշեցնեն, որ Եղեռնի սրբացած հայ նահատակներու յիշատակի եւ արդարութեան պայքարը չի դադարելու եւ հայ դատի զէնքերը վար չեն դրուելու, մինչեւ Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու վերադարձը մեր պատմական հայրենիքին:

Այս նուիրեալ զգացումներով ալ Ղարաբաղեան հերոսամարտերուն, հայրենաբնակ ու սփիւռքահայ ազատամարտիկները, իրենց յաղթանակներով եւս մէկ անգամ հաստատեցին հայու ինքնութիւնը պահպանող աննկուն ոգին:

Մեր հայորդիներու միացեալ տեսլականն է, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանաչած 28 երկիրներուն կը միանան նաեւ ձեռնպահ մնացած աշխարհի միւս երկիրները, ու կը հասնին այն վերջնակէտին, երբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայոց Ցեղասպանութիւնը արդէն ճանաչած՝ 47 նահանգներուն եւս կը միանան մնացեալ երեք նահանգները: Ինչպէս նաեւ, յամառ քաղաքական պայքարներու միջոցաւ՝ Ղարաբաղը կը ճանչցուի որպէս անկախ պետութիւն:

Այս տեսիլքով է, որ հայ երիտասարդութիւնը կ’առաջնորդուի իրականացնելու իր նախորդներու յոյսերն ու երազանքները:

Ասոնք սոսկ երազանքներ չեն, այլ նպատակասլաց եւ իրագործելի ծրագիրներ: Մեր նոր սերունդը, թէ՛ սփիւռքահայ եւ թէ՛ հայրենաբնակ, այսօր զինուած է ոչ միայն բարձրագոյն ուսումնական եւ մասնագիտական գիտելիքներով, այլեւ այն զօրաւոր գիտակցութեամբ, որ Մայր Հայաստանի հանդէպ իրենց տեսլականը կ’իրագործուի միայն Հայրենիքի եւ միմիանց հետ համագործակցելով եւ համահայկական միասնականութեան պայմաններ ստեղծելով: Իսկ անոնց հասնելու համար, մեր երիտասարդ հայորդիներու ձայնը պէտք է հասանելի դառնայ աւագ սերունդին եւ հայրենիքէն ներս: Պէտք է ընդունինք, որ այս երիտասարդ սերունդը հայրենի երկրի զարգացման այն շարժիչ ուժն է, որ պատրաստ է դիմագրաւելու եւ յաղթահարելու ամէն ծառացած խոչընդոտներ, ամուր հիմքերու վրայ կառուցելու զօրաւոր, քաղաքական եւ սոցիալ տնտեսական պայմաններ ունեցող հայրենիք:

Որպէս աւագ սերունդ, մեր պարտականութիւնն է քաջալերել անոնց՝ անվարան բարձրաձայնելու իրենց մտահոգութիւններն ու տեսակէտները, հնարաւորութիւն ընձեռել ներդրելու եւ իրագործելու իրենց առաջատար եւ նորարարական գաղափարները՝ երկրի զարգացման տարբեր բնագաւառներուն մէջ:

Միասնական ուժերով, մենք պէտք է նպաստենք, որ մասնաւորապէս սփիւռքահայ երիտասարդութիւնը ալ աւելի արմատաւորէ իր կապը հայրենիքի հետ, քաջալերենք անոնց ակտիվ մասնակցութիւնը եւ իրենց ուժերու ներդրումը Հայրենիքի հասարակական, տնտեսական, ներքին եւ արտաքին քաղաքական կեանքի զարգացման եւ բարգաւաճման գործընթացին:

Անհերքելի է, որ նոր եւ գալիք սերունդներու մէջ է հայ ժողովուրդի յաւերժող յոյսը, անոնց անմար սիրոյ մէջ է հազարամեակներու մեր գոյատեւումը, ինչպէս նաեւ քրիստոնէական անխախտ հաւատքին մէջ է այն զօրութիւնը, որով այս երիտասարդ սերունդը կ’առաջնորդուի զօրացնելու եւ իրեն յաջորդող սերունդներուն յանձնելու հզօր եւ անպարտելի դարձած մայր հայրենիքը:

Թանկագին հայրենակիցներ, մեր օրհնութիւնը եւ Տիրոջ Աջը թող պահապան եւ հովանի լինի մեր աւագ, ներկայ եւ գալիք սերունդներուն:

Կ’ուզեմ եզրափակել Ամենայն Հայոց բանաստեղծ՝ Յովհաննէս Շիրազի համայն հայութեանը առաջնորդող պատգամով.

«Իմ սուրբ արիւնակիցներ, սփիւռքի՝ յատկապէս երիտասարդութիւն, հոգեւին սեղմում եմ ձեզ սրտիս սրտին, համբուրում եմ ձեր հայկական չաղարտուած հոգիները եւ գիշերն ի բուն մտաշխարհիս մէջ աղօթում եմ, որ միշտ ու հանապազ հայ մնաք, մինչեւ ողջ ազգի խմբուելը Մեծ Հայի՝ Մասիսի շուրջը…

Այժմ, այս դաժան դարում ամէն մի հայ մի մեծ Մաշտոց պիտի լինի… մեր ճակատագիրն է ազգահաւաքը՝ մեր բոլոր ազատ ու բոլոր անազատ հողերի վրայ, ամէն ազգի փրկութիւնն իր մէջ է միայն, հաւաքականին մէջ է իր յաւերժը, այդպէս էլ հայ ազգինը: Վեհափառ խաղաղութեան մեծ վէրքն է հայերիս ցրուածութիւնը: Այս իսկ պատճառով գոռում եմ՝ բոլոր երկրներում ցրուած հայեր, միացէք… ՄԻԱՑԷՔ որ բռունցուէք այս իմ յաւէտ անբաժան մատներիս պէս կամ անտառուող ծառերի նման: (Յովհ. Շիրազ)

 

Միացեալ Նահանգներ, Արեւմտեան թեմ

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ