Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի տեղապահ Գարեգին Արք. Պէքճեան տօնած է եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան 25ամեակը պատրիարքարանէն ներս, նեղ շրջանակի մէջ։ Հետաքրքրական է, որ տօնական կարկանդակը ան հատել տուած է պատրիարքարանի նախկին փոխանորդ Արամ Արք. Աթէշեանին եւ Հոգեւոր խորհուրդի ատենապետ Սահակ Եպս. Մաշալեանին, որոնց միջեւ վերջին շրջանին լարուած էին յարաբերութիւնները պատրիարքի ընտրութեան հարցին գծով։