Կառավարութեան ղեկավար Քարլէս Փուչտեմոնը յայտարարած է, որ Սպանիոյ Քաթալոնիա նահանգը մտադիր է անկախութիւն հռչակել այս օրերուն։ BBC-ին տուած հարցազրոյցին մէջ, ան շատ մեծ սխալ համարած է Մատրիտի իշխանութիւններուն միջամտութիւնը։
Այժմ Քաթալոնիոյ եւ Մատրիտի կառավարութիւններուն միջեւ ոչ մէկ շփում կայ, միւս կողմէ կը գրէ “Deutsche Welle”-ը։
Հոկտեմբեր 1ին քաթալոնացիներուն աւելի քան 90 տոկոսը այո ըսաւ անկախութեան հանրաքուէին, ճամբայ բանալով դէպի անկախութեան գործընթաց։ Քաթալոնական ոստիկանութիւնը չխոչընդոտեց հանրաքուէի կայացման, որուն պատճառով սպանական իշխանութիւնները ուժի միջոցով արգելք հանդիսացան, վիրաւորելով աւելի քան 800 հոգի։ Ամբողջ օրը շարունակուած են բախումները ոստիկանութեան եւ ցուցարարներուն միջեւ։ Մատրիտէն ժամանած ուժայիններ ներխուժած են ընտրատեղամասեր, գրաւած քուէատուփեր եւ ծեծած անհնազանդ քաթալոնացիներ։
Քաթալոնիոյ մէջ կ՚ապրի Սպանիոյ բնակչութեան մօտ 16 տոկոսը։ Սպանիոյ արտահանման 25 տոկոսը կու գայ Քաթալոնիայէն, իսկ օտարերկրեայ ներդրումներու 20 տոկոսը ուղղուած է դէպի անկախութեան ձգտող նահանգը, որ կը գտնուի Սպանիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ, Միջերկրականի ափին։ Ամէնէն նշանաւոր քաղաքն է Պարսելոնան։