Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024

Շաբաթաթերթ

Մեծ հայրերու եւ մեծ մայրերու նուիրուած տօնակատարութիւն ՀԲԸՄի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան երկրորդական վարժարանէն ներս

Ծնողները պատուելու Աստուածաշնչական պատուէրը ո՛չ միայն կը վերաբերի ծնող հօր եւ մօր հանդէպ, այլ նաեւ՝ մեծ ծնողներու եւ մեծ մեծ ծնողներուն հանդէպ։ Ան որ գիտէ ծնող պատուել, Աստուծոյ օրհնութիւնը առատապէս պիտի վայելէ իր կեանքի ընթացքին։ Ա՛յս է Ասուածաշնչական խոստումը։

Ահա այս հաւատքէն մեկնելով, կազմակերպութեամբ ՀԲԸՄի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան վարժարանի Հայկական բաժանմունքին, 11 Սեպտեմբեր 2017ի առաւօտուն, վարժարանիս «Պօյաճեան» հանդիսասրահէն ներս, տեղի ունեցաւ եզակի տօնահանդէս մը, նուիրուած վարժարանի աշակերտներու մեծ ծնողներուն։

Կ’արժէ այստեղ նշել, թէ մեր գաղութէն ներս առաջին պաշտօնական մեծ հայրերու եւ մեծ մայրերու նուիրուած տօնախմբութիւնը կազմակերպուած էր նոյն կեդրոնէն ներս, 7 Սեպտեմբեր 2011ին, ՀԲԸՄ Երուանդ Պապայեան Հիմնարկի Ազգանուիրում ծրագիրի ծիրէն ներս: Այս տօնախմբութեան ստեղծած խանդավառութենէն քաջալերուած, ՀԲԸՄի Պապայեան Մանկավարժական Հիմնարկը որոշեց մեծ հայրերու եւ մեծ մայրերու օրուան տօնակատարութիւնը ընդգրկել իր գործունէութեան ծիրէն ներս։ Յաջորդական տարիներու տօնակատարութիւնները եկան փաստելու, թէ մեծ հայրերու եւ մեծ մայրերու օրը հանգամանօրէն նշելու աւանդութիւնը մեր գաղութէն ներս ամրօրէն հաստատուեցաւ ՀԲԸՄի Պապայեան Մանկավարժական Հիմնարկին կողմէ։

Այդ առաւօտ վարժարան հրաւիրուած էին բոլոր աշակերտներու եւ յատկապէս աւարտական դասարանի աշակերտներու մեծ ծնողները։ Յուզիչ էր տեսարանը, երբ աշակերտներ իրենց մեծ ծնողները դիմաւորեցին գիրկընդխառնումով եւ ապա տօնակատարութեան ամբողջ տեւողութեան անոնց կողքին բազմեցան։

Յայտագիրը սկսաւ վարժարանիս տնօրէն՝ տիար Մայքըլ Փրէթի ողջոյնի խօսքով։ Ապա տնօրէնը բեմ հրաւիրեց հայերէն լեզուի եւ բարոյագիտութեան դասատու՝ տիար Պարթեւ Կիւլիւմեանը, որ աղօթքով սկսի օրուան հանդիսութիւնը։ Քանի որ օրը կը զուգադիպէր ահաբեկչական ու խափանարարական այն դէպքին, որ տասնվեց տարիներ առաջ տեղի ունեցած էր Ամերիկայի մէջ, 11 Սեպտեմբեր 2001ին, ուստի տնօրէնը ներկաները հրաւիրեց, որ մէկ վայրկեան լռութեամբ յոտնկայս յարգեն յիշատակը անմեղ զոհերուն, ապա անոնց հոգիներու խաղաղութեան համար հոգւոց բարձրացուեցաւ առ Աստուած։ Ասոր յաջորդեց ուխտերու արտասանութիւնն ու վարժարանիս քայլերգի երգեցողութիւնը։

Օրուան պատգամը փոխանցեց տիար Պարթեւ Կիւլիւմեան։ Ան իր խօսքին մէջ ողջունելէ ետք մեծ ծնողները, անոնց ըսաւ. «Դուք մեր ազգի օրհնութիւնն էք, եւ ձեր ընտանիքներու ու յատկապէս ձեր թոռներուն ներշնչման ու քաջալերանքի աղբիւրը։ Դուք թէեւ ծերացած էք, բայց չէք պարտասած. թէեւ տանջուած էք, բայց չէք ընկճուած. թէեւ կեանքի դառնութիւնները ըմպած էք, բայց չէք յանձնուած, այլ միշտ հաւատքով պայքարած էք, միշտ յուսացած էք, իյնալէ ետք՝ միշտ ոտքի կանգնած էք, եւ այս օտար ափերուն մէջ անգամ պահած էք ձեր հայու ինքնութիւնն ու հաւատքը։ Վարձքերնիդ կատար։ Մենք եկած ենք այս տօնախմբութեամբ ձեր դիմաց խոնարհելու եւ ձեզի մաղթելու, որ ձեռքէ ոտքէ չիյնաք, այլ մնաք միշտ առոյգ՝ սրտով ու հոգիով, եւ ձեր աղօթքները անպակաս ըլլան ձեր զաւակներուն ու ձեր թոռներուն գլխէն»։

Իսկ իր խօսքը աշակերտութեան ուղղելով, օրուան պատգամաբերը ըսաւ. «Սիրելի՛ աշակերտներ, արժէքը գիտցէք ձեր մեծ ծնողներուն։ Դուք երանելի էք որ մեծ ծնողներ ունիք։ Ես այդ երանութիւնը չեմ ապրած եւ մեծ ծնողներ չեմ տեսած, որովհետեւ նախքան իմ աշհարհ ծնիլս՝ անոնք այս աշխարհը լքելով յաւիտենականին ճամբորդ դարձան…։ Ամէն օր ձեր մեծ ծնողներուն հետ եղէք, անոնց ձեռքերն ու երեսները համբուրեցէք, անոնց խրատները լսեցէք ու գործադրեցէք։ Որովհետեւ օր պիտի գայ, երբ անոնք պիտի հեռանան ձեզմէ եւ դուք կարօտ պիտի մնաք անոնց ներկայութեան…։ Աստուած թող միշտ օրհնէ եւ երկար կեանք շնորհէ մեր բոլորին մեծ հայրերուն եւ մեծ մայրերուն»։

Ապա աւարտական դասարանի աշակերտները, որոնք յատուկ բացիկներ պատրաստած էին իրենց մեծ ծնողներուն, բեմ բարձրացան եւ խոր զգացումներով ու արտասուաթոր աչքերով կարդացին իրենց գրած սրտէ բղխած մաղթանքները։ Շատ յուզիչ էր պահը, աննկարագրելիօրէն սքանչելի։ Անոնց գրութիւնները լի էին շնորհակալական ու երախտագիտութեան խորունկ զգացումներով, հանդէպ իրենց մեծ ծնողներուն։

Հուսկ բանքը արտասանեց վարժարանիս տնօրէնը, որ անգամ մը եւս շնորհաւորեց աշակերտներու մեծ ծնողները, եւ յայտարարեց, թէ այս տօնի յիշատակումը այլեւս աւանդական պիտի դառնայ վարժարանէս ներս։

Հաւաքական լուսապատկեր առնելէ ետք, պատշաճ հիւրասիրութիւն տրուեցաւ ի պատիւ մեծ հայրերուն եւ մեծ մայրերուն։

Տօնախմբութիւնը թէեւ աւարտեցաւ, բայց անկէ առաջ եկած սքանչելի զգացումները մնայուն կերպով թաջուեցան աշակերտներու հոգիներուն մէջ։

 

Թղթակցութիւնը վարժարանէն

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ