Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 13, 2024

Շաբաթաթերթ

Շնորհահանդէս. «Ըրպէտի եւ հիւսիսային Յորդանանի հայերը»

Գէորգ Մսըրլեանի «Ըրպէտի եւ Հիւսիսային Յորդանանի Հայերը» երկլեզու գիրքին ներկայացումը՝ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Կլենտէյլ-Փասատինա մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ Կիրակի, 1 Հոկտեմբեր 2017ի երեկոյեան ժամը 5:00ին, Միութեան Ալթատինայի Պէշկէօթիւրեան կեդրոնի սրահին մէջ։

Գէորգ Մսըրլեան ծնած է Իրպիտ եւ նախնական ու երկրորդական ուսումը ստացած է Իրպիտի հանրային վարժարաններուն մէջ։ Համալսարանական ուսումը շարունակած է Երեւանի Պոլիտեխնիկական Ինստիտուտի մէջ եւ վկայուած որպէս երկրաչափ։ Ան Երեւանի մէջ սորված է նաեւ հայերէն գրել եւ կարդալ։

1983-84 տարեշրջանին գլխաւորած է Երեւանի Յորդանահայ Ուսանողներու Միութիւնը, իսկ 2015ին ընտրուած է Ճարտարապետներու եւ Երկրաչափերու Համահայկական Ընկերակցութեան Յորդանանի բաժնի համադրող։ Աշխատած է Իրաքի, Եմէնի, Յորդանանի եւ Սուտանի մէջ իբրեւ շինարարական ծրագիրներու՝ ջուրի եւ կենսոլորտի բաժնի խորհրդատու։

Արաբերէն եւ անգլերէն լեզուներով Ամմանի մէջ 2017ին հրատարակուած այս նկարազարդ գիրքը կը բաղկանայ մօտաւորապէս 200 էջերէ եւ կը պարունակէ զանազան փաստաթուղթեր եւ վկայագրեր արաբերէն լեզուով։ Հետաքրքրական է մանաւանդ գիտնալ որ Իրպիտ քաղաքի բնակչութիւնը՝ որ 1914 թուականին կը հաշուէր 1065 բնակիչ միայն, այսօր այդ թիւը հասած է 1,770,000ի։

Ըստ վերապրողներու վկայութեան՝ որ հիմքը կը կազմէ այս հրատարակութեան, առաջին հայերը եկած են Իրպիտ 1915 թուականին, Հայկական Ցեղասպանութենէն անմիջապէս ետք։ Սակայն անոնցմէ շատերը վերադարձած են հօրենական իրենց տուները, երբ Ֆրանսայի կառավարութիւնը ստանձնեց հոգատարութիւնը Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Կիլիկիոյ։

Իտլիպի հայոց բնակչութիւնը զգալի կերպով աճած է 1948 թուականին, երբ Պաղեստինեան պատերազմին հետեւանքով՝ մեծ թիւով հայ ընտայիքներ գաղթած են Երուսաղէմէն, Հայֆայէն եւ Պաղեստինի միւս քաղաքներէն։

Ցաւալիօրէն սակայն՝ Իրպիտ մինչեւ այսօր չունի ոչ հայկական եկեղեցի եւ ոչ ալ հայկական դպրոց։ Հայկական դպրոց հիմնելու ջանքերը ապարդիւն մնացած են, նիւթական դժուարութիւններու պատճառաւ։ Իսկ եկեղեցական ծիսակատարութեանց համար՝ Ամմանի Հայոց Առաջնորդարանէն կը հրաւիրուին կղերականներ, որոնք Յոյն Ուղղափառ եկեղեցին կ՚օգտագործեն, այդ նպատակին համար։

Սահիկներով ներկայացուած այս գիրքը կը բնութագրէ Յորդանանի հայերուն ընկերային, տնտեսական, մշակութային եւ հոգեւոր կեանքի տարբեր շերտերը։ Մսըրլեան ընդգծած է նաեւ հայերու դերը՝ Իրպիտի մշակութային, առեւտրական, արդիւնաբերական եւ գիւղատնտեսական ոլորտներու զարգացման գործին մէջ՝ նկատի առնելով որ քսաներորդ դարի սկիզբէն սկսեալ, հայերը հանդիսացած են քաղաքի հասարակութեան հիմնական բաղադրիչներէն կարեւոր մէկ մասը։

Հետաքրքրական է նաեւ գիտնալ, որ հեղինակը այս գիրքին կարեւոր մէկ մասը ներկայացուցած է որպէս դասախօսութիւն՝ Պէյրութի Հայկազեան Համալսարանի գիտաժողովին, որը հովանաւորուած էր Հայկական Ամբիոնին կողմէ եւ տեղի ունեցած՝ անցեալ տարուան Մայիս ամսուան ընթացքին։

Իսկ այս գիրքի պաշտօնական շնորհահանդէսը տեղի պիտի ունենայ մօտիկ ապագային՝ Ամմանի ազգային գրադարանին մէջ, հովանաւորութեամբ Յորդանանի Մշակոյթի նախարարութեան։

Ներկայացման աւարտին տեղի ունեցաւ հարց-պատասխանի բաժին, որուն յաջորդեց պատշաճ հիւրասիրութիւն։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ