Ուրբաթ, Ապրիլ 19, 2024

Շաբաթաթերթ

Շամլեան Թաթիկեան վարժարանի տարեկան վեցերորդ ճաշկերոյթ-պարահանդէսը Կլենտէյլի մէջ

Շաբաթ, 21 Հոկտեմբեր, երեկոյեան ժամը 7ին Կլենտէյլի «Ֆինիսիա» ճաշարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի Հայ Աւետարանական Շամլեան Թաթիկեան երկրորդական վարժարանի Շրջանաւարտից Միութեան տարեկան վեցերորդ ճաշկերոյթ-պարահանդէսը։

Վարժարանին շրջանաւարտներուն, նախկին ուսուցիչներուն, բարեկամներուն եւ բարերարներուն ներկայութիւնն ու քաջալերանքը մեծապէս փափաքելի է։

Միութիւնս իր հիմնադրութեան վեց տարիներուն ընթացքին, յատկանշական օժանդակութիւն առաքած է վարժարանիս։

Այս ձեռնարկին ընթացքին Շրջանաւարտից Միութիւնս ծրագրած է պատուել վարժարանիս բազմավաստակ ուսուցչուհի Տիկ. Ժանէթ Գույումճեան-Մելքոնեանը, որ դասաւանդած է Լիբանանէն ներս գործող աւետարանական բոլոր դպրոցներէն ներս եւ անոր ամուսինը Վերապատուելի Յովհաննէս Մելքոնեանը, իր երկար տարիներու հովուական ծառայութեան համար՝ Սուրիոյ, Քանատայի, Լիբանանի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Շրջանաւարտից Միութիւնս նաեւ պիտի պատուէ մեր վարժարանի 1981ի շրջանաւարտներէն Տոքթ. Կարօ Խաչիկեանը, իր բժշկական ծառայութեանց, ցուցաբերած հայրենասիրութեան եւ բարեգործական աշխատանքներուն համար։

Ինչպէս միշտ, սոյն ձեռնարկին հասոյթը պիտի յատկացուի վարժարանիս կարօտեալ ընտանիքներու զաւակներուն ուսման կրթաթոշակի ապահովման։

Կանխաւ կը գնահատենք եւ մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք մասնակցողներուն՝ իրենց ներկայութեան եւ օժանդակութեան համար։

Տոմսեր ապահովելու համար հեռաձայնել հետեւեալ թիւին՝ (818) 247-0350 կամ դիմել հետեւեալ հասցէին՝ staaofla@gmail.com:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ