Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024

Շաբաթաթերթ

60ամեակ Անթիլիասի Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան 1956 ԹՈՒԻ ՏԱԳՆԱՊԸ. ԱԿԱՆԱՏԵՍԻ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ

ԴՈԿՏ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Մուտք 

            Երկու տարուան ձեռնադրուած էինք, Հայր Գէորգ, Հայր Ներսեհ եւ Հայր Զաւէն, եւ որպէս երիտասարդ միաբանները Ս. Աթոռին, մասնակից եղանք 1956 թուի Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի ընտրապայքարին եւ անոր յարակից անբաղձալի դէպքերուն։ Նոյն թուի Փետրուար 14ին Անթիլիասի Կաթողիկոսարանին մէջ ծրագրուած կաթողիկոսական ընտրութիւնը իր մէջ ծրարած էր շարք մը դժբախտ հակամարտութիւններ, ոմանք յերիւրածոյ եւ ոմանք լուրջ եւ վտանգաւոր։ Բնականաբար հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ազդեցութեանց տակ պիտի կատարուէին թէ՛ թեմերէն գալիք պատգամաւորներու ընտրութիւնները, եւ թէ՛ նոյնինքն Կաթողիկոսի ընտրութիւնը։

            Միջազգային քաղաքականութիւնը եւս պիտի խաղար իր դերը անուղղակիօրէն եւ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ կարգն ու կանոնը, անոր կեդրոնաձիգ միութիւնն ու հեղինակութիւնը թիրախ պիտի դառնային Անթիլիասի կաթողիկոսական ընտրութեան պատեհութեամբ եւ պատճառով։ Օրուան հայ կուսակցութիւններէն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը պատեհ առիթը գտած էր ուշացած ընտրութեան միջամուխ ըլլալու՝ նպատակադրեալ դիրքորոշումով, անհաշտ աչքով դիտելով Էջմիածնի Մայր Աթոռին՝ որպէս «ենթակայ» Խորհրդային իշխանութեանց, եւ այդու իսկ կը ծրագրէր հակադրել Անթիլիասի Աթոռը Մայր Աթոռին որպէս արտասահմանի հայ եկեղեցական կեդրոն։

Ժամանում Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին

            Հայ Եկեղեցւոյ տարեգրութեանց մէջ առաջինն էր որ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս մը, յանձին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Վազգէն Ա. Հայրապետին, որ հրաւիրուած էր ընտրութեան նախագահելու, Կիլիկեան Աթոռ կը ժամանէր ու կը բարձրանար Մայր Տաճարի Կաթողիկոսական Գահը։ Վազգէն Ա. Հայրապետ Պէյրութի օդակայանը կը ժամանէր Փետրուար 12ի Կիրակի օր, երբ բազմահազար ժողովուրդ փութացած էր դիմաւորելու Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։ Հայրապետը օդանաւէն դուրս կու գար Տեղապահ Խորէն եպիսկոպոս Բարոյեանի առաջնորդութեամբ եւ իսկոյն կ՚օրհնէր իրեն մատուցուած հացն ու աղը զորս ափսէի վրայ կը կրէր տողերս գրողը՝ Զաւէն աբեղայ Արզումանեան։ Պետական անձինք եւ արքեպիսկոպոսներ Խադ Աջապահեան, Եղիշէ Տէրտէրեան եւ Տիրան Ներսոյեան, եպիսկոպոսներ Փառէն Մելքոնեան, Սերովբէ Մանուկեան, Զարեհ Փայասլեան, Դերենիկ Փոլատեան, Ղեւոնդ Չէպէեան, Շաւարշ Գույումճեան, միաբան վարդապետներ, քահանայից դասն ու լիբանանահայութիւնը կը դիմաւորէին Ամենայն Հայոց Հայրապետը որ միայն վեց ամիս առաջ ընտրուած եւ օծուած էր Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ 1955 Սեպտեմբերին։ Կաթողիկոսի շքախումբին մաս կը կազմէին Վարդան եպիսկոպոս Տէր Սահակեան եւ գաւազանակիր Պարգեւ վարդապետ Գէորգեան։

Գլխաւոր Վտանգը

            Կաթողիկոսական ընտրութեան մէջ գլխաւոր վտանգը այն ծրագիրն էր որ քաղաքականն ու կրօնականը իրարու հաւասարեցնելով, առաջինին ձեռքը խաղալիք պիտի դարձնէր երկրորդը, թէ՛ իսկ նոյն անհաւասարակշռութիւնը համաշխարհային չափանիշով տիրած ըլլար նաեւ Խորհրդային Միութենէն ներս։ Այսուհանդերձ, երբ Անթիլիասի մէջ յերիւրածոյ պատրուակներով անհամերաշխ մթնոլորտի մէջ ընտրութիւնը կը կատարուէր ազատ եւ անկախ Լիբանանի տարածքին, հասկնալի կը դառնային Հայ Եկեղեցւոյ ներքին պառակտումի եւ կանոնական խախտումի նախադրեալները։ Հակառակ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ներկայութեան եւ յորդորներուն, Անթիլիասի Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գահակալին ընտրութիւնը հետապնդողները չուզեցին տեսնել հակառակորդ տարրը, որ հաւասարապէս մտահոգ էր կայանալիք ընտրութեան միակողմանի ձգտումներէն, որոնց նպատակն էր ազգային-կրօնական իշխանութիւնը ձեռք առնել ու հայ ժողովուրդը մեկուսացնել Խորհրդային Հայաստանէն։

            Կացութիւնը ձեռք ձգելու միակ ձեւն ու առիթն էր կռթնիլ Անթիլիասի իշխանութեանց որոնց վեց եպիսկոպոսներէն երեքը, Զարեհ, Խորէն եւ Ղեւոնդ Սրբազաններ գործակիցներն էին Դաշնակցութեան, եւ անոնցմէ Խորէն Եպիսկոպոս տեղապահ ընտրուած էր։ Վազգէն Հայրապետի Անթիլիաս ժամանումով ստեղծուած անննախընթաց եւ արքայավայել ընդունելութիւնը պահ մը կը կարծէինք թէ իր անձնական ներկայութեամբ ձգտեալ վիճակը պիտի բարւոքէր, եւ Փետրուար 14ին համերաշխութեամբ կ՚ընտրուէր նաեւ Կիլիկիոյ Գահակալը, եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը անձամբ կ՚օծէր զինք։ Սակայն դէպքերը տարբեր եւ յոռի ընթացք ստացան, համերաշխութիւն չգոյացաւ եւ Հայ Եկեղեցւոյ գերագոյն իշխանութիւնը չյարգուեցաւ։ Շաբաթ մը միայն տեւող իր այցելութեամբ Վազգէն Ա. պիտի կատարէր իր լաւագոյնը՝ զգուշաւոր եւ համբերատար ոգիով եւ լաւատեսութեամբ, յարատեւ եպիսկոպոսներու խորհրդակցական ժողովներ գումարելով, երբ Անթիլիաս ժամանած էին նաեւ Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Գարեգին Արք. Խաչատուրեան, Ամերիկահայ զոյգ թեմերէն Մամբրէ Արք. Գալֆայեան եւ Շնորհք Եպս. Գալուստեան, ընդամէնը 14 եպիսկոպոսներ՝ Էջմիածնական եւ Կիլիկեան։

Հաշտութեան Փորձեր

Նկատի առնելով եպիսկոպոսաց մեծամասնութեան միահամուռ կեցուածքը, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսէն կը խնդրուէր որոշ ժամանակով յետաձգել տալ յաջորդ օրուան ժողովն ու կատարուելիք կաթողիկոսական ընտրութիւնը, որպէսզի հաշտեցման փորձ մը եւս կարելի ըլլար կատարել, հետեւեալ իրողութեանց լոյսին տակ, մանաւանդ Լիբանանի Ներքին գործոց նախարարութենէն հասած զգուշացումին հետեւանքով։

ա) Սուրիոյ կառավարութիւնը յայտնած էր Լիբանանի Ներքին գործոց նախարարութեան, թէ Հալէպի պատգամաւորներու եւ գաւառական ժողովի օրինականութիւնը կասկածի տակ էր, որուն համար Սուրիոյ եւ Լիբանանի պետական միջամտութեամբ Լիբանանի Ներքին գործոց նախարար Սելիմ Լահուտ անձամբ Անթիլիաս գալով Վազգէն Հայրապետին տեղեկացուցած էր Սուրիոյ հաղորդումը։ Մտահոգիչ այս լուրին վրայ Լահուտ կ՚ակնկալէր որ եպիսկոպոսաց խորհրդակցական ժողովը լրջօրէն պիտի քննէր կացութիւնը եւ նախարարին հարկ եղած բացատրութիւնը տար, զայն Սուրիոյ Ներքին գործոց նախարարութեան փոխանցուելու համար։ Հալէպի թեմակալ Առաջնորդ Զարեհ Եպս. Փայասլեան միակ անձը պիտի ըլլար պարզելու այդ կարեւոր պարագան։ Սրբազանը խախտումը մասամբ կ՚ընդունէր ըսելով, թէ «Հալէպի գաւառականի ապօրինութեան հարց չկայ, եւ սակայն մէկ հինգերորդի խնդիր մը ունինք», որ ինքնին կը հաստատէր օրինական խախտեալ վիճակ մը թեմէն ներս կատարուած պատգամաւորներու ընտրութեանց մէջ։

բ) Կիլիկեան միաբանութիւնը ինքն իր մէջ երկուքի բաժնուած էր՝ «անհաւասար  ուժերով», 11 Էջմիածնի հաւատարիմ, եւ 8՝ Կիլիկիոյ։  Լուրջ տարակարծութիւններ կային հայ քաղաքական հոսանքներու եւ ժողովրդական լայն խաւերու միջեւ։

գ) Կը մնար միակ ելք մը, որ յաջորդ օրուան Վազգէն Հայրապետի Պատգամաւորական Ժողովին տալիք պատգամին հետեւանքով կա՛մ ժողովը պիտի յետաձգուէր, եւ կա՛մ տեղապահն ու ժողովականներ պիտի յառաջանային իրենց նպատակը իրագործել։

Պատգամաւորական Ժողովը

            Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատգամաւորական ժողովը ըստ որոշման գումարուեցաւ Փետրուար 14ին վեհարանի դահլիճին մէջ։ Ի ներկայութեան եկեղեցական եւ աշխարհական պատգամաւորներուն, Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս տուաւ մէկ ժամ տեւող հայրապետական իր յորդորը որ ունկնդրուեցաւ յարգանքով եւ խոր անձկութեամբ։ Տողերս գրողը, որպէս կրտսերագոյն ադամներէն Կիլիկեան Աթոռի միաբանութեան, իր ականատեսի վկայութեամբ կրնայ հաստատել բացառիկ այդ ժամը, երբ Վազգէն Վեհափառ իր բարի եւ իմաստուն, անկողմնակալ եւ խաղաղասէր յորդորներով գրաւեց բոլորին լարուած ուշադրութիւնը։

            Իր ողջոյնի խօսքէն ետք, Հայրապետը յայտնեց իր նախորդ օրուան եպիսկոպոսներու հետ ունեցած հանդիպումին կայացած անհրաժեշտութիւնը, շեշտելով որ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսական «ընտրութեան շուրջ ստեղծուած էր որոշ կացութիւն մը որ չէր առաջնորդեր դէպի խաղաղութիւն եւ շինութիւն եկեղեցւոյ»։ Հայրապետը, նկատի ունենալով որ միայն երկու օր առաջ ժամանած էր Անթիլիաս, եւ տեսնելով ընտրապայքարի մը ամբողջ տարողութիւնը, իր «վերջին խօսքը» կ՚ուղղէր ժողովականներուն որպէս խորհուրդ, յորդոր եւ առաջարկ, որ «այսօր գումարուելիք ժողովը յետաձգուի մէկ շաբաթով եւ բացուի յառաջիկայ Երկուշաբթի, Փետրուար 20ին»։ Ակնարկելով զուտ եկեղեցական, կանոնական եւ միայն եկեղեցւոյ շահերէն թելադրուած պատմական կարեւոր հանգրուանի մը այսպիսի ներհակ եւ ինքզինք ժխտող ընթացքին, «ոստիկաններէ շրջապատուած, ժողովրդային ալեկոծումներով, կռիւով եւ նախատինքով», Վազգէն Հայրապետը կը հաստատէր թէ «այս պայմաններուն մէջ մենք զմեզ կը ժխտենք որպէս եկեղեցի»։

Հայրապետին Եզրափակիչ Յորդորը

            Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ժողովականներուն երկու ճամբայ ցոյց կու տար անոնց խղճմտանքին ձգելով ընտրելու մէկը կամ միւսը։ Կա՛մ իր յորդորին անսալով յետաձգել ժողովին բացումն ու գումարումը եւ կաթողիկոսական ընտրութիւնը կատարել շաբաթ մը ետք, եւ կա՛մ  «եթէ չլսուի մեր ձայնը, կ՚որոշէք բանալ ժողովը, որոշումներ տալ եւ ընտրութիւններ կատարել, այն հասկացողութեամբ որ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը այս պայմաններու տակ պիտի չմասնակցի այսօրուան ժողովին եւ ընտրութեան, եւ ցաւօք սրտի իր վերջին օրհնութիւնը տալէ ետք պիտի բաժնուի այս երկրէն»։

            Խորհրդակցելէ ետք, ժողովականներու մեծամասնութիւնը կը բանար Պատգամաւորական Ժողովը հակառակ Հայրապետական յորդորին, մինչ անոնցմէ 12 եկեղեցական եւ որոշ թիւով աշխարհականներ, կը հեռանային սրահէն՝ հետեւելով Հայրապետի  յորդորին։ Ժողովին մնացեալ 38 պատգամաւորները մնայուն դիւանի անդամներ կ՚ընտրէին եւ ապա կ՚որոշէին շաբաթով մը յետաձգել կաթողիկոսի ընտրութիւնը։ Ժողովը կ՚առնէր կանոնազանց քայլ մը եւս, Միաբանութեան որոշած կաթողիկոսական թեկնածուներու ցանկը փոփոխութեան ենթարկելով, ինչ որ Միաբանութեան իրաւունքն էր, եթէ նոյնիսկ փոփոխութեան կարիքը զգացուէր։ Ժողովը իրաւասու չէր Միաբանական Ժողովին վաւերացուցած թեկնածուներու ցանկը քննել եւ ըստ կամս փոփոխութեան ենթարկել։ Աւելցուցին անուններ յայտնի դարձնելով առնուելիք ծրագրուած քայլերը։

Եզրափակում

            Փաստօրէն Պատգամաւորական Ժողովի անդամները որոնք շաբաթ մը ետք պիտի կատարէին Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին ընտրութիւնը Դաշնակցական կուսակցութեան ենթակայ կամ համակիր եկեղեցական եւ աշխարհական անձինք  էին, որոնք Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ամբողջական եւ լիիրաւ պատկերը չէին կրնար ներկայացնել։ Ժողովին պաշտօնական բացումը եւ մնայուն դիւանի կազմութիւնը աւելի խոչընդոտներ կը ստեղծէին քան թէ համաձայնութեան եզրեր կը տրամադրէին, եւ այդու իսկ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հաշտարար դերը լիովին կը չէզոքացնէին։

            Պատմութեան առջեւ Անթիլիասի եկեղեցական եւ աշխարհական իշխանութիւնները արդարացի եւ իրաւացի դուրս պիտի գային, եթէ սկիզբէն որոշ զիջողութիւններ յանձն առնէին, եւ շատ հաւանաբար իրենց ի նպաստ ընդունելի արդիւնք մը ձեռք բերէին, այս անգամ Հայ Եկեղեցւոյ ընդհանուր շահերուն համեմատութեամբ։ Անմիջական ապագան ցոյց տուաւ հակառակը, երբ Էջմիածնական մի քանի թեմեր Էջմիածնի Մայր Աթոռէն բաժնուեցան ու միացան Կիլիկեան Աթոռին, որ 1965 թուին իր Կանոնադրութեան մէջ աւելցուց երկու յօդուածներ ամրացնելու համար կատարուած կանոնազանցութիւնը։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ