Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Անդրադարձ՝Հայաստան-Սփիւռք 6րդ Համաժողովի ՌԱԿը ներկայացնող պատուիրակութիւնը հանդէս եկաւ իրատեսական մօտեցումներով

Անցնող 18-20 Սեպտեմբերին, Երեւանի մէջ կայացած Հայաստան-Սփիւռք 6րդ համաժողովին մասնակից ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Ընկ. Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան եւ «Նոր Օր»ի նախկին պատասխանատու խմբագիրներ Ընկ. Դոկտ. Մինաս Գոճայեան եւ Ընկ. Յակոբ Մարտիրոսեան, Ուրբաթ, 13 Հոկտեմբերի երեկոյեան, ԹՄՄ Պէշկէօթիւրեան կեդրոնին մէջ, Ալթատինա, հանդէս եկան իրենց տպաւորութիւններով։

Աւելի քան երկու ժամ, անոնք քննարկեցին կազմակերպչական հարցեր, գնահատեցին Սփիւռքի նախարարութեան հսկայական աշխատանքը, ցոյց տուին դրական թէ բացասական կողմերը, յաջողութիւններն ու թերութիւնները։

Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան նախ ծանրացաւ բացման հանդիսաւոր արարողութեան վրայ, ամփոփ տողերու մէջ խտացնելով ՀՀ նախագահին, Արցախի նախագահին, Սփիւռքի նախարարին, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց եւ Արամ Ա. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսներուն ելոյթները։ Տոքթ. Պալեան եզրակացուց ըսելով, թէ բացման օրուան բոլոր ելոյթները իրենց հետքը թողուցին յաջորդ օրերուն վրայ։

 

***

Դոկտ. Մինաս Գոճայեան նախ նշեց դրական կողմերը։ 1800 հիւրերուն ներկայութիւնը եւ անոնց հետ աշխատանքը համատեղելը դիւրին պիտի չըլլար։ Գոճայեան մեծապէս գնահատեց տեղացի երիտասարդներու ներկայութիւնը, որոնք ամենայն քաղաքավարութեամբ եւ գիտելիքներու պաշարով զինուած պատրաստ էին օժանդակելու սփիւռքահայ ժողովականներուն։ Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ Կարօ Փայլանի ելոյթը բարձրօրէն գնահատեց Գոճայեան, իսկ անոր ի պատիւ կատարուած ժողովրդական ընդունելութիւնը ցոյց կու տար, թէ հայութիւնը կարիքը ունի հաւատաւոր եւ գաղափարի տէր ղեկավարներու։

Դոկտ. Մինաս Գոճայեան անդրադարձաւ նաեւ այդ նոյն օրերուն Համաժողովէն դուրս տեղի ունեցած կարգ մը միջոցառումներու՝ ՀԲԸՄի Համացանցային համալսարանին, ՌԱԿի կողմէ պատրաստուած Համահայկական գաղափարախօսութեան, Լիբանանի ՌԱԿի պաշտօնաթերթ «Զարթօնք» օրաթերթի  80րդ տարեդարձին նշումին՝ Երեւանի մէջ, Երուսաղէմի հայոց Պատրիարքարանին նուիրուած իր դասախօսութեան, ինչպէս նաեւ Միրաք ուսանողական շարժումին նուիրուած միջոցառումներուն։

***

Ընկ. Յակոբ Մարտիրոսեան իրատեսօրէն մօտեցաւ համաժողովէն ստացած իր տպաւորութիւններուն եւ  Հայաստանի ներկայ իրավիճակին։ Ընդհանուր գիծերու մէջ քաջալերական համարելով նման հաւաքներու կազմակերպումը, նկատել տուաւ, թէ տեղեկատուութիւնը շատ էր ելոյթներուն ընթացքին, ուր առաւելաբար Սփիւռքը կ՚ակնկալէր յստակ ծրագիրներ, մօտեցումներ մեր այսօրը մտահոգող հիմնախնդիրնեերուն մասին, որոնցմէ գլխաւորը իշխանութեան վրայ գտնուողներուն վստահութեան վերադարձն է ժողովուրդին։ Ան նշեց, որ ներդրումներու կոչերը վերացական էին, օրէնքի կիրառումն է, որ պէտք է իշխէ։ Մարտիրոսեան խօսեցաւ նաեւ Համահայկական խորհրդաժողովէն բխած խորհրդարանի մը գաղափարին մասին, որ նոյնպէս կարօտ է մանրամասն քննարկումներու։ Իսկ հարցումները, որոնք կ՚ուղղուէին ներկաներուն կողմէ, ընդհանրապէս քննադատական էին,– ըսաւ ան,– առանց շինիչ առաջարկներու։ Ընկեր Մարտիրոսեան անդրադարձ կատարեց նաեւ ցեղասպանութեան խնդիրին, նշելով, թէ մինչ ցեղասպանը անպատիժ կը մնայ, աշխարհի վրայ տակաւին կը շարունակուին ցեղասպանութիւններ, առաջարկելով, որ սփիւռքահայերս մեր դատը հետապնդելու ճամբուն վրայ, ստեղծենք Աքսորի կառավարութիւն, ազգային տուրքով եւ միատեղ աշխատանքով հայրենի պետութեան եւ ժողովուրդին հետ։

ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ ընկեր Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան եզրափակեց «կլոր սեղան»ը, ներկաներուն դիմաց պարզելով չորս հիմնակէտեր, որոնց պէտք է հասնինք ազգովի։ Անոնք են՝ արտագաղթի թիւի նուազում, առաջքը առնել շարունակուող փտախտին, աշխուժացնել թոյլ տնտեսութիւնը եւ ազգապահպանումի ուժեղ հիմքեր ստեղծել։

Ընկեր Պալեանի կարեւորեց Հայաստան-Սփիւռք 6րդ համաժողովին կայացումը, նշելով, թէ անիկա կարեւոր եւ եզակի կամուրջ մըն է, որ պէտք է աւելի ամրացնենք եւ նորերն ալ ստեղծենք, սերտացնելով կապը հայրենիքի եւ սփիւռքի միջեւ։

Եզրակացնենք։ «Փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն եւ պատասխանատուութիւն» խորագիրով Հայաստան-Սփիւռք 6րդ համաժողովէն ետք, հայութեան դիմաց դրուած է խօսքը գործի վերածելու լրջագոյն պարտաւորութիւն, որպէսզի ամրանայ փոխադարձ վստահութիւնը, իրականութիւն դառնայ ազգային ամենագլխաւոր հարցերու մէջ միասնական կեցուածքը եւ Հայրենիք ու Սփիւռք պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ շարժինք յառաջ, հայութեան ու Հայաստանի բարգաւաճումը ընդունելով որպէս գերագոյն նպատակ։

 

Հ.Ս.

 

 

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ