Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 4, 2024

Շաբաթաթերթ

ԱՄՐԱԿՈՒՌ ԿՈՉՈՒՄՈՎ ՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՈՒ ՍԿԶԲՈՒՆՔԱՅԻՆ ԱՆՇԵՂՈՒԹԵԱՄԲ ԳԱՂԱՓԱՐԱԽՕՍ՝ ՏԻԿ. ՍՕՍԻ ՊԵՏԻԿԵԱՆԸ

Մեկնած երախտաւորներէն

ՊԱՐՈՅՐ Յ. ԱՂՊԱՇԵԱՆ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.-Սփիւռքահայութիւնը, մասնաւորաբար լիբանանահայութիւնը, հպարտ պէտք է զգայ, որ մտաւորականներով հարուստ եղած է եւ իր ծոցին մէջ ընդգրկած՝ մեծ թիւով միտքի ու գրիչի, խօսքի ու գործի անձնաւորութիւններ, որոնք կեանք ու լիցք տուած են համայնքի կարիքներուն ու վերազարթօնքին։

Կար ժամանակ, երբ լիբանանահայ գաղութը այնքան ուժեղ ու հարուստ էր իր մտաւորական ներուժով, որ Սփիւռքի տարբեր գաղութները եւս կ’օգտուէին անոր կարողութիւններէն ու կարելիութիւններէն։

Իսկ ո՛ւր պէտք չկար մտաւորականութեան (մանաւանդ հեռաւոր գաղութներուն մէջ), անիկա ըլլար խմբագիր, ուսուցիչ, գործիչ, կազմակերպիչ թէ արուեստագէտ, որոնք կարենային հայկական շունչով եւ ոգիով, հայեցիական խինդով ու խանդով վարակել տեղւոյն հայութիւնը։

Հայ գրողները (բանաստեղծ, արձակագիր թէ թատերագիր), հայ թերթերը (օրաթերթ, շաբաթաթերթ թէ ամսաթերթ), հայ լրագրողները (խմբագիր, հրապարակագիր թէ յօդուածագիր), հայկական կազմակերպութիւնները (ազգային, քաղաքական թէ միութենական), հայ կրթական մշակները (տնօրէն, ուսուցիչ թէ մանկավարժ), իրենց ուղեկից զանազան մարմիններով, իրօք, կը կազմէին «հզօր բանակ» մը։

Նախանձ գրգռելու չափ, ճոխութիւն մը կար ամէնուրեք, ի տես մտաւորականութեան սերուցքին, որ լոյս կը սփռէր իրերայաջորդ սերունդներու դաստիարակութեան վրայ, յոյս կը ներշնչէր դէպի փայլուն ապագայ, լաւատեսութեան եւ վստահելիութեան գործօններով, ինչ որ ամուր ենթահողի մը ու կառոյցի մը առաւելութիւններ կու տար հայկական գաղութի ջահակիրի դերակատարութեան։

***

Անշուշտ, ներկայիս պայմանները բոլորովին տարբեր են, որովհետեւ՝ սերնդափոխութիւններ կատարուեցան, չափանիշներ փոխուեցան, նոր մտայնութիւններ առաջացան, ըմբռնումներ յեղաշրջուեցան, որոնք հեռու են մօտիկ անցեալի «գոհացուցիչ ու բարւոք» օրերէն։

Այդուհանդերձ, գաղութը տակաւին կը բաբախէ իր հայկականութեամբ, տեղ մը վիրաւոր ընթացքով եւ տեղ մը յամրաքայլութեամբ, ուրիշ տեղ մը կաղացումով, պարզապէս անոր համար, որ տեսլապաշտութեան, ողջմտութեան եւ իրատեսութեան տէր տարրերը սկսած են խամրիլ, իսկ մտաւորականութիւնը զգալապէս նուազած է, հայկական հասկացողութեամբ, նորեր չներգրաւուելով ազգային կեանքէն ներս։

Թէ ինչո՛ւ այդպէս է, պէտք է լայն կարկինի վրայ խորաչափել նահանջի պատճառները, լուրջ եւ առարկայական մօտեցումներով, առանց արդարացումներ փնտռելու, ոչ ալ կարկտան պատրուակներ ներկայացնելու։

Այլ խօսքով, ասիկա հսկայ թղթածրար մըն է, որուն քննարկման պէտք է լծուին փորձագէտներ ու մասնագէտներ, ընկերաբաններ ու հոգեբաններ, կազմակերպիչներ ու հեղինակութիւններ, որոնք, առնուազն, «ախտաճանաչում»ներու ճամբով, կարենան յանգիլ ընդունելի տարազումներու։

Յամենայն դէպս, մեր այս արագ մտորումները կը ծագին մեր մտքին մէջ, ամէն անգամ որ, յետադարձ հայեացք մը կը նետենք գաղութահայ կեանքին վրայ եւ, յատկապէս, երբ կը վերյիշենք այն վաստակաւորներն ու երախտաւորները, որոնք կեանք տուին այս գաղութին, անոնք ըլլան.

– Ազդեցիկ ղեկավարներ

– Ներհուն մտաւորականներ

– Կոչումնաւոր խմբագիրներ-հրապարակագիրներ

– Ձեռնհաս տնօրէններ-ուսուցիչներ

– Նուիրեալ հասարակական գործիչներ

– Ազգային առաքելութիւններու հաւատացողներ

***

Իմ ազգային կեանքիս ծիրէն ներս, բարեբախտութիւնը ունեցած եմ շփուելու ու համագործակցելու բազմաթիւ նուիրեալներու հետ, որոնք ազգային, կրթական, կուսակցական, միութենական ու լրագրական ասպարէզներու մէջ գտնուած են։

Անոնցմէ մէկն է՝ Տիկ. ՍՕՍԻ ՊԵՏԻԿԵԱՆը, ամուր անհատականութիւն մը, անխախտ գաղափարախօս մը, աննկուն հայրենասէր մը, բազմաշնորհ տնօրէնուհի-ուսուցչուհի մը եւ արդիւնաշատ կազմակերպիչ մը։

Մեր բարեկամութիւնը եւ մտերմութիւնը սկսած են ՀԲԸ Միութենէն ներս, երբ ան, որպէս կենսունակ եւ ամրակուռ հեղինակութիւն մը, կը վարէր Դարուհի-Յակոբեան աղջկանց երկրորդական վարժարանի տնօրէնութիւնը, իսկ ես՝ ՀԲԸ Միութեան Կեդրոնական գրասենեակի դիւանապետի (ապա, Կրթական յանձնախումբի վարիչ քարտուղարի) պաշտօնը։

Այն ժամանակ, Միութեան վարժարաններ եւ Կեդրոնական գրասենեակ յարաբերութիւնները մշտական էին (ուսուցչական, ուսումնական, հաշուական, տեղեկագրական, եւայլն), հետեւաբար, համագործակցութիւնը անմիջական ու տեւական էր Տիկ. Պետիկեանին հետ, որ իր սկզբունքային կեցուածքներով, խստապահանջ վարուելակերպով եւ կարգուկանոնի օրինապահութեամբ, մեծապէս ազդած էր վրաս։

Ճիշդ է, որ Ամերիկեան Համալսարանէն վկայուած էր տարրաբանութեան վկայականով ու կը դասաւանդէր այդ նիւթով, սակայն, իր հայախօսութիւնը եւ հայկականութիւնը, հայրենասիրութիւնն ու հայապաշտութիւնը իր մէջ շեշտուած դրոշմ ունէին, վստահաբար, ներընտանեկան կրթութեան զուգահեռ, Մելգոնեանցի մը ըլլալու ինքնութեամբ, որուն համար միշտ հպարտ էր։

Տիկ. Պետիկեան օժտուած էր նաեւ մտաւորականութեամբ, լաւապէս գիտակ էր հայոց պատմութեան եւ հայ գրականութեան, հետեւապէս, միշտ կարելի էր հետը զրուցել պատմութեան կամ գրականութեան որեւէ նիւթի մասին։

Հայաստանը եւ հայրենասիրութիւնը Տիկ. Պետիկեանի համար, անվիճելի սրբութիւններ էին, որոնց մասին յաճախ կ’արտայայտուէր ու կը պարծենար անոնցմով, նոյն ոգիով սնուցանելով նաեւ իր բազմահազար սանուհիները։

Պայմանները այնպէս բերին, որ Տիկ. Պետիկեան, որպէս փորձառու ու բազմակարող մշակ հրաւիրուեցաւ ստանձնելու Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան տնօրէնութիւնը, հո՛ն, իր «մկրտարան» դպրոցին մէջ մնալով մինչեւ իր հանգստեան կոչուիլը, սակայն, մասնակի ժամանակով շարունակելով դասաւանդել իր սիրած… հայագիտական նիւթերը։

1985-ին, Մելգոնեանի հոգաբարձութիւնը (Հայկաշէն Ուզունեան, Գալուստ Էքմեքճեան, Հրաչ Մանուկեան ու պետական երեսփոխան՝ Արամ Գալայճեան) զիս հրաւիրեց Կիպրոս եւ առաջարկեց ստանձնել Մելգոնեանի տնօրէնութիւնը։

Յանկարծակի եկայ՝ անակնկալ հրաւէրէն։

Լուսարձակներէ հեռու հանդիպում մը ունեցայ Տիկ. Պետիկեանին հետ (որ, իր հերթին, անակնկալի եկած էր), թէեւ ուրախացած, բայց իր զուսպ խորհրդածութիւններով, զիս «մթնոլորտ»ի մը մէջ դրաւ, իսկ ես, Պէյրութ վերադարձիս, փափկանկատօրէն ներողութիւն խնդրեցի, չընդառաջելու հրաւէրին, զո՛ւտ անձնական-ընտանեկան պատճառներով։

***

Տիկ. Պետիկեան, իր կրթական ծանր պարտականութիւններուն ու պարտաւորութիւններուն զուգընթաց, հաւատաւոր գաղափարապաշտ մըն էր, անդամակցելով Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, սակայն, ոչ մէկ անգամ, դպրոցը (կամ Միութիւնը) շփոթած էր կուսակցութեան հետ կամ մէկը փոխարինելով միւսին։

Մինչեւ իր Կիպրոսը մեկնիլը, Տիկ. Պետիկեան, առանց յաւակնելու կուսակցական բարձր պաշտօններ ստանձնելու (որուն լրիւ արժանի էր եւ կարողութիւնը ունէր), ան համեստօրէն ընդունած էր ՌԱԿ Շուշանիկ ակումբի ատենապետութիւնը, խումբ մը գործուն վարչականներ համախմբելով իր շուրջ։

Տիկ. Պետիկեանի օրով, Շուշանիկ ակումբը փառքի օրեր ապրեցաւ եւ ապրեցուց անդամաշարքն ու շրջանակը, իր կազմակերպած ձեռնարկներով, նշումներով, մեծարանքներով ու կատարողութիւններով, որոնք կ’ընդգրկէին գաղափարախօսականը, հայրենասիրականը, կանացիականը, մշակութայինը եւ ընկերայինը։

(Ի դէպ, Տիկ. Պետիկեանի օրինակով շարունակուեցաւ «Շուշանիկ»եան բարձրաթռիչ աւանդութիւնը, յատկապէս Սիւզի Պահատրեանը, ապա, Պերճուհի Եոզկաթեանը եղան արժանաւոր յաջորդները անոր)։

Լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի օրերուն, ես յաճախ կը գտնուէի Գերսամ Ահարոնեանի բնակարանը, ուր ներկայ կ՚ըլլային նաեւ Տիկ. Պետիկեանը, Յովհաննէս Թապագեանը, բոլորս ըլլալով համաթաղեցիներ։

Մեր զրոյցները ընդհանրապէս կ՚ըլլային լիբանանեանի ու հայրենականի կողքին, գերազանցապէս կուսակցական-գաղափարախօսական հարցերը, կազմակերպչական խնդիրները, անոնց թերի կամ պակասաւոր երեսներով, քննելի ու քննադատելի կողմերով, ուր պոռթկումներն ու բողոքները բուռն կ՚ըլլային։

Երիտասարդական կորովով եւ եռանդով, ամէնէն կրքոտը ես կ՚ըլլայի, մանաւանդ՝ այդ օրերուն, նոր ընտրուած էի Շրջանային վարչութեան անդամ-ատենադպիր (հէ՜յ կիտի օրեր), իմ տեսակէտներս փոխանցելով եւ յայտնելով։

Գերսամ Ահարոնեանը, իրեն յատուկ հայրական կիսաժպիտով, կը փորձէր հանդարտեցնել զիս, համոզելով որ ամէն ինչ կրնայ բարելաւուիլ, իսկ Տիկ. Պետիկեան.

Գերսա՛մ, ինչո՞ւ կը կաշկանդես Պարոյրին ճիշդ վերլուծումներն ու դիտողութիւնները։ Թող խօսի։ Թշնամանքի համար չէ որ այդպէս կ՚արտայայտուի։

Յետոյ, ինծի դառնալով.

Պարո՛յր, Բարեգործականէն ներս քեզ ճանչցած եմ հանդարտաբարոյ ու չբռնկող մէկը, հոս կը տեսնեմ, որ այդպէս չես, այլ՝ նախանձախնդիր սկզբունքային մը, որուն համար ուրախ եմ, որ քեզի նման երիտասարդներ ունինք։

(Անշուշտ, Տիկ. Պետիկեանի միջամտութիւնը ու հաստատումը ինքնասիրութիւնս շոյեցին, բայց, որո՞ւն միտքէն կ՚անցնէր, որ քանի մը տասնամեակ ետք, խաւարամիտներ պիտի խաւարէին շրջանակը, իր բոլոր դրուածքներով ու կեցուածքներով)։

***

Բնական է, երբ կը խօսինք Տիկ. Պետիկեանին մասին, չենք կրնար մոռնալ ամուսինը՝ բանաստեղծ, ուսուցիչ ու հասարակական գործիչ՝ Վարուժան Պետիկեանը, որ այնքան սիրուած էր իր աշակերտներէն ու կուսակիցներէն։

Կը յիշեմ. Զարեհ-Նուպարի երանելի՜ օրերուն, Պրն. Պետիկեան պատասխանատու էր Կրտսերաց բաժնին եւ որքա՜ն զինք կը պաշտէին իր սանուկները։

1983-ին, Սփիւռքի հետ Մշակութային կապի կոմիտէին կողմէ հրաւիրուեցանք Հայաստան՝ Յակոբ Աւետիքեանը եւ ես։

Պանդոկի սրահին մէկ անկիւնը առանձին նստած էր Պրն. Պետիկեան։ Մեզ տեսնելուն պէս, տեղէն թռաւ ու ջերմօրէն ողջագուրուեցաւ, համարեա գոռալով.

Հիմա ինծի պէս մտածող ռամկավարներուն հետ կրնամ նստիլ ու վայելել ամէն ինչ

***

Տիկ. Պետիկեանը, իր խստութեամբ եւ կարծրութեամբ, անտարակոյս, «կուռք» մըն էր, թէ՛ կրթական մարզէն, թէ՛ գաղափարական դպրոցէն ներս։

Պէտք է յիշատակը մնայ անմար եւ վաստակը՝ միշտ յիշատակելի, ինչպէս իր, նաեւ տաղանդաւոր ու պաշտելի Վարուժանին։

 

(Պէյրութ) 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ