Յունիս 21, 2019
ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.-Մեծայարգ ընկեր Աւետիս Մարգարեան,
Ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ իմացանք, թէ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան՝ Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր ՏԷր Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Սրբատառ Կոնդակի ընթերցմամբ «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի» պատուոյ շքանշանով պիտի պարգեւատրէ ձեզ, Կիրակի, 21 Յուլիս 2019-ին, Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ։
Փոխանցելով ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան շնորհաւորութիւնները, կը մաղթենք Ձեզի առողջ եւ երկար տարիներ, շարունակելու համար ազգային-հասարակական այն բեղուն գործունէութիւնը, որուն ականատեսն ու վկան հանդիսացած ենք տասնամեակներ շարունակ Լիբանանի թէ Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Ձեր գործոն մասնակցութիւնը համայնքային մեր կեանքէն ներս կը մնայ օրինակելի, ուր աչքառու է Ձեր ներդրումը Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան, Թէքէեան Մշակութային Միութեան, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան եւ հասարակական տարբեր կազմակերպութիւններու մէջ։
Կուսակցութեան կեանքէն ներս բախտաւորութիւնը ունեցած ենք անձամբ Ձեզ ճանչնալու եւ գործակցելու Ձեզի հետ անցնող տասնամեակներուն Լոս Անճելըսի մէջ եւ պատիւ է մեր շրջանակին մէջ ունենալ Ձեզի նման հայատրոփ հոգիով, հայրենասիրութեամբ թրծուած նուիրեալ անձնաւորութիւն մը։ Դուք, Ձեր երկար տարիներու կամաւոր աշխատանքով վաստակած էք մեր շրջանակներուն սէրն ու վստահութիւնը։
Թող «Ս. Ներսէս Շնորհալի» շքանշանը խթանէ Ձեզ, որպէսզի անմնացորդ նուիրումով շարունակէք Ձեր ծառայութիւնները մատուցել յօգուտ հայ համայնքի կենսունակութեան։
Ի Դիմաց՝
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
Ռաֆֆի Պալեան Մայք Խարապեան
Ատենադպիր Ատենապետ