Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024

Շաբաթաթերթ

ՍԱՀԱԿ ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ 39-ՐԴ ՀՈՒՆՁՔԸ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.-Ուրբաթ, 14 Յունիսի յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ մանկամսուրի եւ մանկապարտէզի աւարտական հանդէսները դպրոցիս շրջափակին մէջ։ Ծնողներ եւ Սահակ Մեսրոպի բարեկամներ խուռներամ եկած էին վայելելու իրենց սիրասուն զաւակներուն ելոյթները։ Բացման խօսքը կատարեց տնօրէնուհի Տիկ. Մարալ Պոյաճեան։ Ան յայտնեց, թէ այս փոքրիկները ծլեցան, կոկոններ դարձան եւ ապա վերածուեցան սիրուն ծաղիկներու։

արերար Դոկտ. Մայք Սարեանը, որպէսզի փոխանցէ սրտի խօսքը։ Դոկտ. Սարեան գոհունակութիւն յայտնեց այս կրթօճախին համար, որ կը ջամբէ հայկական դաստիարակութիւն։

Մանկամսուրի եւ մանկապարտէզի յայտագիրը նուիրուած էր Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակին։ Տնօրէնուհի Տիկ. Պոյաճեան եւ դաստիարակ Տիկ. Թամար Մխճեան յանձնեցին շրջանաւարտներուն առաջին վկայականները։

Փակման խօսքը կատարեց Տիկ. Պոյաճեան, գնահատելով ծնողներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատանքները, ծաղկեփունջեր յանձնելով պաշտօնէութեան։

 

***

Կիրակի, 23 Յունիսի յետմիջօրէին, Փասատինայի Հայ Նազովրեցի եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ նախակրթարանի եւ միջնակարգի շրջանաւարտներուն ամավերջի հանդէսը։

Չորս շրջանաւարտներ դրօշակները բերին բեմահարթակ, զանոնք զետեղելով որոշուած տեղերը։ Ապա Ե. եւ Ը. կարգի շրջանաւարտները մուտք գործեցին սրահ, որոնք դիմաւորուեցան ծնողներու եւ ուսուցիչներու ծափողջոյններուն տակ։ Դրօշակի արարողութիւնը կատարեցին Նիքոլ Պաճաքեճեան եւ Յարութ Միթիլեան։

Ազգային քայլերգները կատարուեցան Ե. եւ Ը. կարգերու աշակերտներուն կողմէ։

Աղօթքները կատարեցին Լիմ Գալեմքէրեան եւ Աննա Խրոյեան։

Միջնակարգի սրտի խօսքը հայերէնով ներկայացուց Քրիսթինա Սահակեան։

Նախակրթարանի վկայականներու եւ մրցանակներու բաշխումը կատարեցին տնօրէնուհի Տիկ. Մ. Պոյաճեան եւ դաստիարակ Տիկ. Լալէ Եողուրտճեան։

Ապա, օրուան պատգամաբեր, իրաւաբան Ստեփան Խզրըթեան, իր գոհունակութիւնը յայտնեց Սահակ Մեսրոպ վարժարանի կատարած դերին, ջամբած ազգային եւ հոգեւոր դաստիարակութեան համար, որ կամուրջ մը կը հանդիսանայ շրջանաւարտներու կեանքին մէջ, պահելով իրենց ինքնութիւնը։

Միջնակարգի ուղերձը ներկայացուց Անժելա Պապայեան, որմէ ետք Ը. կարգի շրջանաւարտները խմբային արտասանութիւններ կատարեցին եւ սրտի խօսքեր արտայայտեցին իրենց ուսուցիչներուն մասին։

Եզրափակիչ խօսքը կատարեց տնօրէնուհի Տիկ. Մ. Պոյաճեան շնորհակալութիւն յայտնելով ուսուցիչներուն, ծնողներուն եւ յարակից մարմիններուն, գնահատելով 2018-2019 տարեշրջանի կատարուած բոլոր աշխատանքները։

Օրհնութեան աղօթքը կատարեց Վեր. Վաչէ Սվաճեան։

 

Սոնա Պատալեան

 

 

 

 

 

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ